Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան ԺԲ. խմբակի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը, որ նախանցեալ օր մրցեցաւ Սլովաքիոյ դէմ, անկէ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Հայաստան, որ իր կատարած առաջին մրցումին 5-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Գերմանիայէն, իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ երեքշաբթի, 27 սեպտեմբերին, մրցելով Պիելոռուսիոյ դէմ:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Վահագն Մինասեան:


