Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ. «Սուրիա Կատարելիք Այցելութեանս Արդիւնքներով Շատ Լաւատես Եմ» Շեշտեց Իսամ Շարաֆէտտին

Օգոստոս 13, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտինը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր, յատկապէս Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարին կապուած մանրամասնութիւններ:

Հանդիպումէն ետք Շարաֆէտտին յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է նաեւ կիրակի, 14 եւ երկուշաբթի, 15 օգոստոսին Սուրիա կատարելիք իր այցելութեան մանրամասնութիւնները:

Շարաֆէտտին ընդգծեց, որ այդ իմաստով ինք արժանացած է նախագահ Աունի զօրակցութեան` նկատի ունենալով Լիբանանի համար այս կարեւոր եւ էական թղթածրարը: Ան աւելցուց նաեւ, որ ինք լաւատես է այդ այցելութեան ընթացքին արձանագրուելիք արդիւնքներով, մասնաւորապէս նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ սուրիական համապատասխան մարմինները գործակցութեան ձեռք երկարած են:

Շարաֆէտտին աւելցուց նաեւ, որ կազմակերպուած են նաեւ աշխատանքներ` հանդիպումները յաջողցնելու նպատակով, ինչպէս նաեւ մշակուած է սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մասին ամբողջական ուղեգիծ մը, որուն գործադրութեան պիտի հսկէ լիբանանեան յատուկ խորհուրդ մը:

Շարաֆէտտին յայտնեց, որ ինք չի կրնար խոստանալ, որ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը ամբողջութեամբ կարելի պիտի ըլլայ լուծել, սակայն աշխատանքը հունի մէջ կը դրուի, որովհետեւ երկրին իշխանութեան պետերն ու կառավարութիւնը համաձայն են, որ ամսական դրութեամբ 16 հազար տեղահանուած տունդարձ կատարէ` ապահով եւ արժանապատիւ կերպով:

«Սուրիոյ իշխանութիւնները իրենց կարգին հաստատած են, որ այդ թիւով մարդիկ ընդունելու եւ զանոնք ապահով շրջաններու մէջ բնակեցնելու կարողութիւնը ունին», ըսաւ Շարաֆէտտին` աւելցնելով, որ ինք մնայուն կապի մէջ է նախագահ Աունի հետ տեղահանուածներու տունդարձը քննարկող բոլոր նախարարի պաշտօնակատարներուն հետ, նոյնիսկ երբ ներկայ չ՛ըլլար այդ նիստերուն:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Հալապի հաստատեց, որ մերժելի է այն իրականութիւնը, որ ոեւէ լիբանանցի ուսանող տուժէ` նախարարութեան պաշտօնէութեան գործադուլին պատճառով:

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ Ընդունեց Հըզպալլայի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

«Ուքրանիան Աշխարհը Չեռնոպիլի Օրինակով Հիւլէական Աղէտի Կ՛առաջնորդէ» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Մօտ Ռուսիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?