Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ Ընդունեց Հըզպալլայի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Օգոստոս 13, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ նախանցեալ երեկոյեան Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական Հիւսէյն Խալիլ եւ Հըզպալլայի յարաբերականի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ նախկին նախարար Ղազի Արիտի:

Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իրենք հանդիպումին ընթացքին մէկդի դրած են այն կէտերը, որոնց շուրջ տարակարծութիւններ ունին, եւ երկար խօսած են այն կէտերուն մասին, որոնց լուծումը կարելի է` երկկողմանի համագործակցութեամբ, յատկապէս տնտեսական ու ոչ տնտեսական հարցերու եւ բարգաւաճման վերաբերեալ:

Ժոմպլաթ յայտնեց, որ այդ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի, որովհետեւ արծարծուած են կարգ մը հարցեր` հասնելու համար քաղաքացին հետաքրքրող նուազագոյն համախոհութեան:

Լրագրողներուն կողմէ կեցուածքի փոփոխութեան վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով Ժոմպլաթ ըսաւ. «Կան կէտեր, որոնց շուրջ տարակարծիք ենք. այդ կէտերը մէկդի դրինք եւ քննարկեցինք միացեալ կէտեր»:

Իր կարգին, Խալիլ յայտնեց, որ իրենց եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ երկարատեւ հեռաւորութենէ ետք, Ժոմպլաթի կողմէ առաջադրուեցաւ նախաձեռնութիւն մը եւ գոյութիւն ունէր հանդիպումի միացեալ փափաք մը` նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած դժուարութիւնները, յատկապէս տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապները:

Խալիլ ընդգծեց, որ այս հանդիպումները պիտի շարունակուին յառաջիկայ օրերուն ընթացքին` լուծելու համար կարգ մը այլ  հարցեր եւ քաղաքացիին համար ստեղծելու աւելի նպաստաւոր պայմաններ:

«Կան որոշ քաղաքական եւ ռազմավարական կէտեր, որոնց շուրջ մենք տարակարծիք ենք, սակայն կայ միացեալ որոշ տարածութիւն մը, որուն մէջ լիբանանցիները կրնան հանդիպիլ, խօսիլ ու քննարկել, ինչպէս նաեւ վիճիլ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ հասնիլ քաղաքացիին շահերուն ծառայող արդիւնքներու», հաստատեց Խալիլ:

Ծովային սահմանագծումի թղթածրարին եւ անոր մասին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ առաստաղը բարձրացնելու մասին հարցումի մը պատասխանելով Խալիլ ըսաւ. «Ժոմպլաթ ունի տեսակէտներ, որոնց մասին կատարեալ անկեղծութեամբ արտայայտուած է, եւ մենք զանոնք նկատի կ՛ունենանք, եւ խորհրդակցութիւններն ու քննարկումները կը շարունակենք, մինչեւ որ կարելի ըլլայ դրական արդիւնքներու յանգիլ»:

Նախագահական ընտրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Խալիլ նկատել տուաւ, որ քաղաքական շատ մը գործընթացներուն մասին քննարկումներ կատարած են, սակայն մանրամասնութիւններու մէջ չեն թափանցած: Ան յոյս յայտնեց, որ հասնի այն փուլը, երբ կարելի ըլլայ ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ երկրին փրկութեան ծրագիրին մէկ մասը նկատուի:

Խալիլ ընդգծեց, որ հանդիպումը անհրաժեշտութիւն է: Ան աւելցուց, որ երկրին կացութիւնը չի կրնար աւելի վատ ըլլալ, որպէսզի սպասենք ու հեռու մնանք իրարմէ: «Պէտք է հանդիպինք, որպէսզի միասնաբար քննարկենք քաղաքացին տառապեցնող եւ յուզող մտահոգութիւնները», եզրափակեց Խալիլ:

Նախորդը

Տիմանի Մէջ. «Ազգային Մեր Համագործակցութիւնը Պիտի Շարունակուի Ապագային` Լիբանանի Շահերուն, Անկախութեան Եւ Գերիշխանութեան Ի Խնդիր» Շեշտեց Թայմուր Ժոմպլաթ

Յաջորդը

Պաապտայի Մէջ. «Սուրիա Կատարելիք Այցելութեանս Արդիւնքներով Շատ Լաւատես Եմ» Շեշտեց Իսամ Շարաֆէտտին

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?