Պաղեստինեան դիմադրութեան Իսլամական ժիհատ կազմակերպութեան զինեալ թեւը` Սարայա Քուտսը երէկ յայտարարեց, որ հրթիռակոծած է բռնագրաւուած Երուսաղէմն ու իսրայէլեան Ստերոթ բնակեցման վայրը:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ պաղեստինեան դիմադրութիւնը հրթիռներ արձակած է Թել Աւիւի եւ բռնագրաւեալ Երուսաղէմի ուղղութեամբ` նշելով, որ արեւմտեան Նեկեւի, Շաար Հանիկիւ եւ այլ բնակեցման վայրերու մէջ ահազանգ հնչած է: Բռնագրաւեալ Երուսաղէմի մէջ երեք պայթումի ձայներ լսուած են:
Պաղեստինեան դիմադրութիւնը նաեւ յայտարարեց, որ հրթիռակոծած է Ետ Մորտախայ եւ Նեթիֆ Աթսարա բնակեցման վայրերը:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ուրբաթ օր իսրայէլեան զինուորական գործողութեան սկիզբէն ի վեր Կազայէն բռնագրաւեալ հողերու ուղղութեամբ շուրջ 600 հրթիռներ արձակուած են: «Սարայա Քուտս» օրին յայտարարած էր, որ Կազայի հիւսիսային շրջանին մէջ զինուորական ղեկավար Թայսիր Ժաապարի սպաննուած է:
«Մայատին» կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան ուժերը Կազայի դէմ իրենց յարձակումին մէջ կ՛օգտագործեն անօդաչու թռչող սարքեր եւ շատ ծանր հրթիռներ` նշելով, որ կ՛օգտագործուին «արդիական զէնքեր, որոնք գետնի հաւասար կ՛ընեն»:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը յայտարարեց, որ իսրայէլեան անվտանգութեան հարցերով սեղմ նախարարաց խորհուրդը հաւանութիւն տուած է «մեծ ձեռքբերումներու իրագործումէն ետք» ամբողջական զինադադարի հաստատման:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Եգիպտոս այսօր երեկոյեան Կրինիչի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին սկսող զինադադարի հաստատման առաջարկ ներկայացուցած է: Իսրայէլ համաձայն գտնուած է Գահիրէի առաջարկին:


