Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ յուլիս 2022-ին ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր ամփերի համար ճշդուած սակը 13.545 լիբ. ոսկի է:
Միւս կողմէ, Պուրճ Համուտի տարբեր թաղամասերու ելեկտրական հոսանքի ընդհատումի միջինը, որուն ընթացքին ելեկտրածին շարժակները բանեցան, յուլիս 2022-ին 435 ժամ էր:
Ուստի կը յայտարարենք.
Ա) Պուրճ Համուտի ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերէն կը պահանջուի շրջանի բնակարաններուն եւ վաճառատուներուն համար իրենց հայթայթած 2022-ի յուլիս ամսուան ելեկտրականութեան մնայուն բաժնեգիներու սակացոյցերը գանձել հետեւեալ ձեւով.
- Իւրաքանչիւր ամփերի սակը` 660 հազար լ. ո. (վեց հարիւր վաթսուն հազար լիբ. ոսկի):
- Իւրաքանչիւր երեք ամփերի մնայուն բաժնեգին հաշուել 1 միլիոն 980 հազար լ. ո. (մէկ միլիոն ինը հարիւր ութսուն հազար լիբ. ոսկի):
- Իւրաքանչիւր հինգ ամփերին համար գանձել 3 միլիոն 300 հազար լ. ո. (երեք միլիոն երեք հարիւր հազար լիբ. ոսկի): Իսկ 5-էն վեր (6, 10) ամփերի համար նկատի ունենալ 5 ամփերի յատուկ նշեալ մնայուն սակը:
Նկատի ունենալով, որ շարժակներու մասնակցութեան սակը բաւական բարձր է, եւ անոր բարձրացումը կարելի եղածին չափ հակակշիռի տակ առնելու նպատակով, ելեկտրածին շարժակներուն կողմէ ելեկտրականութեան մատակարարման ժամերու ընդհատումը պիտի ըլլայ 9 ժամով` հետեւեալ ձեւով.
Շաբթուան բոլոր օրերը, բացի կիրակի օրերէն.
– կէս գիշերուան ժամը 1:00-էն 6:00
– առաւօտեան ժամը 7:30-էն 9:30
– յետմիջօրէի ժամը 2:00-էն 4:00
Բ) Ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր սեփականատէրէ կը պահանջուի այս հաղորդագրութեան բովանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդհատման ժամերը լիովին յարգել` քաղաքացիներու շահերուն պահպանման համար: Քաղաքապետութիւնը ներող պիտի չըլլայ եւ համապատասխան օրինական քայլերուն պիտի դիմէ, եթէ ոեւէ սեփականատէր չյարգէ սակերը եւ ճշդուած ժամերէն աւելի երկար ժամեր անջատէ ելեկտրականութիւնը, կամ ոեւէ բնակիչի ելեկտրականութիւնը ամբողջովին ընդհատէ` օգտագործելով առկայ տագնապալի վիճակը:
Գ) Քաղաքացիները բաժնեգիները պիտի վճարեն լիբանանեան թղթոսկիով` Ա. կէտով ճշդուած սակերուն հիման վրայ:
Դ) Պուրճ Համուտի բնակիչները պարտին հեռաձայնել քաղաքապետարանի 01-260155 եւ 01-256403 թէժ թիւերուն` ելեկտրածին շարժակներու ոեւէ սեփականատիրոջ կողմէ նշեալ որոշումներու անտեսման պարագային, որպէսզի համապատասխան բողոք ներկայացնեն, իսկ քաղաքապետարանը պիտի հետապնդէ այդ բողոքները եւ համապատասխան քայլերուն պիտի դիմէ որոշումները խախտողներուն հաշուոյն:
Ծանօթ.- Հիմնուելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հաղորդագրութեան վրայ` հաշուիչ մեքենաներ ունեցող բաժանորդներու ամսական մնայուն բաժնեգիներուն համար որոշուեցաւ հետեւեալ սակացոյցը.
5 ամփեր` 100 հազար լիբ. ոսկի: 10 ամփեր` 220 հազար լիբ. ոսկի: 10 ամփերը գերազանցողներուն պարագային, իւրաքանչիւր 5 ամփերի համար բաժնեգինը 120 հազար լիբ. ոսկի պիտի աւելնայ:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ամէն ամիս նմանօրինակ հաղորդագրութիւն պիտի հրապարակէ` յայտարարելով իւրաքանչիւր ամփերի սպառողական սակը:
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ