Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարած է, որ Անդրանատոլական կազի խողովակաշարը Եւրոպական Միութեան ռուսական կազի մատակարարման այլընտրանք է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ա Հապեր» պատկերասփիւռի կայանը:
«Երկու հիմնական այլընտրանքներէն մէկը ԹԱՆԱՓ-ն է` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միացեալ Նախագիծը», ըսած է Քալըն:
Նախապէս Եւրոպական Միութեան մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վլատիմիր Չիժով նշած էր, որ Եւրոպայի կողմէ ռուսական ուժանիւթէն հրաժարիլը «որոշ չափով անձնասպանութիւն» պիտի ըլլայ: