Եւրոպայի պասքեթպոլի տղոց 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան Գ. դասակարգի Բ. խմբակին մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի հաւաքականը, որ մրցեցաւ Ճիպրալթարի դէմ, արձանագրելով 76-59 արդիւնքով յաղթանակ մը, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Նշենք, որ Հայաստան իր կատարած առաջին մրցումին պարտուած էր Անտորրայէն (97-76), մինչ երկրորդին յաղթած էր Մոլտովային (84-72):
Հայաստանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Կրեկորի Մողոյեան (23 կէտ), մինչ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Կրեկորի Ղազարեան (17 կէտ, 12 ռիպաունտ):
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Զօրիկ Իսաջանի: