Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան, յաջողեցաւ ապահովել «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի իր տոմսը` մրցաշարքէն դուրս ձգելով Ռումանիոյ ախոյեան` Քլուժը:
Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած դարձի մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Ռումանիոյ մէջ, երկարաձգումէն ետք վերջ գտաւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը (հիմնական ժամանակ` 1-1):
Դիմուեցաւ փենալթիներուն, որուն ընթացքին հայրենի կազմը արձանագրեց 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ երթի մրցումը Երեւանի մէջ վերջ գտած էր 0-0 արդիւնքով:
Զտումի Բ. հանգրուանին, Փիւնիկի մրցակիցը պիտի ըլլայ Լիւքսամպուրկի ախոյեան Տուտելանժը, որ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Ալպանիոյ ախոյեան Թիրանան:
Երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 19 յուլիսին` Երեւանի մէջ: