Երէկ` հինգշաբթի, 14 յուլիսին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի «ՎԻՊԵԹ»-«Փրեմիեր Լիկ»-ի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանին վիճակաձգութիւնը:
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող խումբերը ստացան հետեւեալ շարքը, որուն համաձայն պիտի կազմուի ախոյեանութեան մրցումներուն յայտագիրը. Նոա, Լեռնային Արցախ, Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբ, Ուրարտու, Փիւնիկ, Արարատ, Արարատ-Արմենիա, Շիրակ, Վան եւ Ալաշկերտ:
Մրցումներուն յայտագիրը եւ ժամերը պիտի հրապարակուին աւելի ուշ: