Ամերիկահայեր Սամուէլ Սեւեան եւ Լեւոն Արոնեան ապահովեցին ճատրակի «ԷՖ. ԹԻ. ԷՔՍ.-Ռոտ թու Մայեմի» առցանց մրցաշարքին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը:
Նախնական 15 հանգրուանի արդիւնքներուն լոյսին տակ, Սեւեան առաւելագոյն 45 կէտէն ապահովելով 32 կէտ գրաւեց առաջին դիրքը, մինչ Արոնեան 22 կէտով գրաւեց 7-րդ դիրքը:
Քառորդ աւարտականին Սեւեան կը մրցի չինացի Ուէյ Եիի դէմ, իսկ Արոնեան` իրանցի Արժուն Էրիկայսայի դէմ:
«ԷՖ. ԹԻ. ԷՔՍ.-Ռոտ թու Մայեմի»-ն «Մելթուոթըր Չեմփիընզ Չես Թուր»-ի հերթական հանգրուանն է, որուն մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 150 հազար ամերիկեան տոլար:


