Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Նկատմամբ Պայտընի Քաղաքականութիւնը Թրամփի Առաւելագոյն Ճնշումի Քաղաքականութեան Շարունակութիւնն Է» Կ՛ըսէ Թեհրան

July 13, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի յօդուածը, յայտնեց. «Պայտընի քաղաքականութիւնը մեր նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարած առաւելագոյն ճնշումի քաղաքականութեան շարունակութիւնն է»:

«Պայտընի` մեր վրայ ճնշում բանեցնելուն կառչիլը կը հակասէ հիւլէական համաձայնութիւնը վերակենդանացնելու Ուաշինկթընի փափաքին», աւելցուց նախարարութիւնը:

«Մեր նկատմամբ Ուաշինկթընի վարած քաղաքականութիւնը կը հակասէ Պայտընի` կայուն Միջին Արեւելք մը ստեղծելու պնդումին», նշեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Շրջանային անվտանգութիւնը կ՛իրագործուի Ուաշինկթընին շրջանի երկիրներուն միջեւ պառակտում յառաջացնելու քաղաքականութեան վերջ տալով, երկիրներու գերիշխանութիւնը յարգելով եւ սիոնական գոյացութեան նկատմամբ աջակցութիւնը դադրեցնելով»:

«Այն ինչ որ յօդուածին մէջ նշուած է, ամերիկեան քաղաքականութեան միակողմանի եւ ոչ իրական պատմութիւն մըն է, եւ եթէ Ուաշինկթըն շրջանին համար անվտանգութիւն կ՛ուզէ, ապա պէտք է դադրի իր արժէքները ուրիշներուն պարտադրելէ», յայտնեց նախարարութիւնը:

Պայտըն «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ յայտնած էր, որ կ՛ուզէ «յառաջդիմութիւն արձանագրել շրջանի մը մէջ, որ տակաւին լեցուն է մարտահրաւէրներով, որոնց շարքին` իրանեան հիւլէական ծրագիրը եւ Սուրիոյ, Լիպիոյ, Իրաքի ու Լիբանանի մէջ անկայուն կացութիւնը»:

Ան աւելցուցած էր, որ «շրջանին մէջ խոստմնալից ուղղուածութիւններ նշմարած է, եւ Միացեալ Նահանգներ կրնան զանոնք ուժեղացնել այնպիսի ձեւով մը, որ ոչ մէկ այլ երկիր կրնայ»:

 

Նախորդը

Փաշինեան-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Յաջորդը

Մոհամետ Պըն Սալման Իշխանն Ու Էրտողան Քննարկած Են Երկու Երկիրներու Յարաբերութիւններն Ու Զանոնք Ամրապնդելու Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.