ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութիւնը կը գուժէ վաստակաշատ արուեստագէտ եւ կերպարուեստի դասախօս
ԿԻՒԼԷՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ-ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ
մահը:
Կիւլէն Թորոսեան-Տէր Պօղոսեան ցուցասրահի հիմնադրութենէն ի վեր իր ներդրումը ունեցած է անոր մեծ թիւով ծրագիրներու իրականացման աշխատանքին մէջ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնը, «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի տնօրէն խորհուրդը եւ ուսուցչական կազմը կը գուժեն
ԿԻՒԼԷՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ-ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 6 յուլիս 2022-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Շահէ Տէր Պօղոսեան
Տիկին Արեւիկ Տէր Պօղոսեան եւ զաւակունք
Օրդ. Մարալ եւ Նանոր Տէր Պօղոսեան
Տիար Զարեհ Տէր Պօղոսեան եւ զաւակը` Նարեկ
Տէր եւ տիկին Ժաք եւ Վիքի Սէօյիւնեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Արփի Արզումանեան եւ զաւակունք
Տիար Պետրոս Թորոսեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Տիկին Կիմա Թորոսեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Տէր Պօղոսեան եւ Գոնեալեան ընտանիքներ
Սայեան եւ Թորոսեան ընտանիքներ
Մարգարեան եւ Լաթթուֆ ընտանիքներ
Վան Պըրկըն եւ Չէօփճեան ընտանիքներ
Ակիլար եւ Կէօվողլանեան ընտանիքներ
Գազանճեան եւ Գարակէօզեան ընտանիքներ
Մինզ եւ Պօղոսեան ընտանիքներ
Սրուճեան եւ Հալէպլեան ընտանիքներ
Փօլատեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԿԻՒԼԷՆ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԹՈՐՈՍԵԱՆ, 1951-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 6 յուլիս 2022-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 7 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Սարգիս Աւագեան
Տէր եւ տիկին Պերճ եւ Ռիթա Աւագեան եւ զաւակները` Գառնիկ եւ Փաթիլ
Տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Սիլվի Աւագեան եւ զաւակները` Մեղրի եւ Կորիւն (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վարդան եւ Շաքէ Նորշահեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ադամ եւ Մարիա Գասպարեան
Տէր եւ տիկին Մարտիկ եւ Սիմա Գարաօղլանեան
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Շամիրամ Պոյաճեան
Աւագեան եւ Պոյաճեան ընտանիքներ
Սագայեան եւ Իոննիտես ընտանիքներ
Նորշահեան եւ Գասպարեան ընտանիքներ
Գարաօղլանեան եւ Չաքմաքեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՎԵՐԹԱՀԻՄ ԱՒԱԳԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՊԵՏՈՅԵԱՆ, 1929-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 5 յուլիս 2022-ի առաւօտեան ժամը 2:00-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 5 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
—————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
2022-2023 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
1.- Հարազատ հայկական մթնոլորտ կ՛ուզէ՞ք, անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
2.- Բարձրորակ ուսում կ՛ուզէ՞ք, անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
3.- Օտարահպատա՞կ էք եւ օտար ծրագիրի՞ կ՛ուզէք հետեւիլ, անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
4.- Մտային մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէք (mentally challenged) անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
5.- Լիբանանեան պրէօվէ, պաքալորիա՞ կ՛ուզէք, անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը իր կանաչապատ տարածութեամբ ընդարձակ խաղավայրերով, մասնագէտ ուսուցիչներով հոգեբանական խմբակով եւ ծառայասէր պաշտօնեաներով կը սպասէ ձեզի:
– Օսի Քէսմէեան մանկամսուրը 6 ամսականէն սկսեալ փոքրիկներ կ՛ընդունի: 2022-2023 տարեշրջանի առաջին 4 ամիսները (սեպտեմբերէն-դեկտեմբեր) ձրի են:
– Բողբոջ դասարանէն ԺԱ. դասարան ֆրանսերէն լեզուն կը դասաւանդուի իբրեւ 4-րդ լեզու:
– Երկրորդական դասարաններու աշակերտները կը հետեւին SAT եւ TOEFL դասընթացքներու:
ԺԲ. դասարանը կ՛ընդգրկէ 3 բաժանմունք`
1.- Ընկերատնտեսագիտական (SE)
2.- Կենսաբանական (LS)
3.- Ընդհանուր գիտութիւններ (GS)
2022-2023 տարեշրջանի արձանագրութիւնները տեղի կ՛ունենան յուլիս ամսուան ընթացքին, ամէն երեքշաբթի եւ հինգշաբթի` առաւօտեան ժամը 8:00-1:00, իսկ սեպտեմբերին` ամէն օր նոյն ժամուն:
Նոր արձանագրուող աշակերտները պարտին իրենց հետ ունենալ`
– Իխրաժ քայտ կամ անձնագիր,
– Հաստատագիր նախորդ դպրոցէն,
– Պատուաստներու հաստատագիր:
Ուշադրութիւն` յուլիսի ընթացքին արձանագրուող աշակերտը կը ստանայ 5% զեղչ կրթաթոշակին վրայ, իսկ եթէ յուլիսին կամ սեպտեմբերին կրթաթոշակը ամբողջութեամբ վճարուի` դարձեալ կը ստանայ յաւելեալ 5% զեղչ:
2022-2023 տարեշրջանի վերամուտ
1.- Թ. եւ ԺԲ. դասարաններ` հինգշաբթի, 22 սեպտեմբեր:
2.- Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններ` երկուշաբթի, 26 սեպտեմբեր:
3.- Միջնակարգ (Է.- Ը.) դասարաններ` հինգշաբթի, 29 սեպտեմբեր:
4.- Նախակրթարան (Ա.-Զ.) դասարաններ` երկուշաբթի, 3 հոկտեմբեր:
5.- Մանկապարտէզ` հինգշաբթի, 6 հոկտեմբեր:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ոսկերչատուն մը կարիք ունի մոմի վրայ աշխատող օրիորդի մը:
Դիմել` հեռ. 03-882792: