ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Սարգիս Աւագեան
Տէր եւ տիկին Պերճ եւ Ռիթա Աւագեան եւ զաւակները` Գառնիկ եւ Փաթիլ
Տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Սիլվի Աւագեան եւ զաւակները` Մեղրի եւ Կորիւն (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վարդան եւ Շաքէ Նորշահեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ադամ եւ Մարիա Գասպարեան
Տէր եւ տիկին Մարտիկ եւ Սիմա Գարաօղլանեան
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Շամիրամ Պոյաճեան
Աւագեան եւ Պոյաճեան ընտանիքներ
Սագայեան եւ Իոննիտես ընտանիքներ
Նորշահեան եւ Գասպարեան ընտանիքներ
Գարաօղլանեան եւ Չաքմաքեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՎԵՐԹԱՀԻՄ ԱՒԱԳԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՊԵՏՈՅԵԱՆ, 1929-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 5 յուլիս 2022-ի առաւօտեան ժամը 2:00-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 5 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին չորեքշաբթի, 6 յուլիսին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Աթայեան եղբարք» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
«Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայերը» գիտաժողովի նիւթեր
(12-13 ապրիլ եւ 29-30 մայիս 2018)
Հրատարակութիւն` Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի
Haigazian University Press
Պէյրութ, 2022
—————————————
—————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
2022-2023 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
1.- Հարազատ հայկական մթնոլորտ կ՛ուզէ՞ք, անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
2.- Բարձրորակ ուսում կ՛ուզէ՞ք, անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
3.- Օտարահպատա՞կ էք եւ օտար ծրագիրի՞ կ՛ուզէք հետեւիլ, անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
4.- Մտային մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէք (mentally challenged) անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
5.- Լիբանանեան պրէօվէ, պաքալորիա՞ կ՛ուզէք, անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը իր կանաչապատ տարածութեամբ ընդարձակ խաղավայրերով, մասնագէտ ուսուցիչներով հոգեբանական խմբակով եւ ծառայասէր պաշտօնեաներով կը սպասէ ձեզի:
– Օսի Քէսմէեան մանկամսուրը 6 ամսականէն սկսեալ փոքրիկներ կ՛ընդունի: 2022-2023 տարեշրջանի առաջին 4 ամիսները (սեպտեմբերէն-դեկտեմբեր) ձրի են:
– Բողբոջ դասարանէն ԺԱ. դասարան ֆրանսերէն լեզուն կը դասաւանդուի իբրեւ 4-րդ լեզու:
– Երկրորդական դասարաններու աշակերտները կը հետեւին SAT եւ TOEFL դասընթացքներու:
ԺԲ. դասարանը կ՛ընդգրկէ 3 բաժանմունք`
1.- Ընկերատնտեսագիտական (SE)
2.- Կենսաբանական (LS)
3.- Ընդհանուր գիտութիւններ (GS)
2022-2023 տարեշրջանի արձանագրութիւնները տեղի կ՛ունենան յուլիս ամսուան ընթացքին, ամէն երեքշաբթի եւ հինգշաբթի` առաւօտեան ժամը 8:00-1:00, իսկ սեպտեմբերին` ամէն օր նոյն ժամուն:
Նոր արձանագրուող աշակերտները պարտին իրենց հետ ունենալ`
– Իխրաժ քայտ կամ անձնագիր,
– Հաստատագիր նախորդ դպրոցէն,
– Պատուաստներու հաստատագիր:
Ուշադրութիւն` յուլիսի ընթացքին արձանագրուող աշակերտը կը ստանայ 5% զեղչ կրթաթոշակին վրայ, իսկ եթէ յուլիսին կամ սեպտեմբերին կրթաթոշակը ամբողջութեամբ վճարուի` դարձեալ կը ստանայ յաւելեալ 5% զեղչ:
2022-2023 տարեշրջանի վերամուտ
1.- Թ. եւ ԺԲ. դասարաններ` հինգշաբթի, 22 սեպտեմբեր:
2.- Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններ` երկուշաբթի, 26 սեպտեմբեր:
3.- Միջնակարգ (Է.- Ը.) դասարաններ` հինգշաբթի, 29 սեպտեմբեր:
4.- Նախակրթարան (Ա.-Զ.) դասարաններ` երկուշաբթի, 3 հոկտեմբեր:
5.- Մանկապարտէզ` հինգշաբթի, 6 հոկտեմբեր:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ոսկերչատուն մը կարիք ունի մոմի վրայ աշխատող օրիորդի մը:
Դիմել` հեռ. 03-882792:


