Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը Միացեալ Նահանգներու Եւ Ֆրանսայի Նախաձեռնութեամբ Դադրեցուցած Է Իր Գործունէութիւնը» Պաքուէն Յայտարարեց Լաւրով

Յունիս 25, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի հետ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութիւնը չէ քննարկած: «Թերթ» կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը», նշած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

Անոր համաձայն, քննարկուած են յետհակամարտային կարգաւորման հոլովոյթները, որոնց հիմը երեք եռակողմ յայտարարութիւններն են:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Լաւրով Պայրամովի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նաեւ յայտնած է. «Մենք քիչ պատրանքներ ունինք առ այն, որ Եւրոպական Միութեան ներկայ ռուսատեաց լարուածութիւնը որեւէ ձեւով պիտի չքանայ երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ: Սակայն ասիկա այն ճամբան է, որ եւրոպացիները ընտրած են»:

«Ասիկա ճամբայ է, որ դժբախտաբար կը յիշեցնէ… Գիտէք, երբ Համաշխարհային Բ. պատերազմը սկսաւ, Հիթլերը իր դրօշին տակ հաւաքեց եւրոպական երկիրներու զգալի մասը, եթէ ոչ մեծ մասը, Խորհրդային Միութեան դէմ պատերազմի համար: Հիմա նոյնպէս, ներառեալ Եւրոպական Միութիւնը, ՕԹԱՆ-ի հետ կը հաւաքեն ժամանակակից դաշինք` Ռուսիոյ դէմ կռուելու եւ մեծ հաշուով պատերազմելու համար: Այս բոլորին մենք շատ ուշադիր կը հետեւինք», ընդգծեց Լաւրով:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Լաւրով նշած է, որ Ռուսիան կը գնահատէ Ուքրանիոյ հարցին մէջ Ազրպէյճանի «հաւասարակշռուած դիրքորոշումը»:

«Մենք փոխանակած ենք Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններու աշխարհազօրայիններու հետ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ զինեալ ուժերու յատուկ զինուորական գործողութեան ընթացքին վերաբերեալ գնահատականները եւ տեղեկութիւնները», ըսած է Լաւրով:

«Մենք բարձր կը գնահատենք Ազրպէյճանի ղեկավարութեան հաւասարակշռուած եւ պատասխանատու վերաբերմունքը առ այն, թէ ի՛նչ կը կատարուի… Մենք գոհ ենք, թէ ինչպէ՛ս կը զարգանայ մեր դիւանագիտական երկխօսութիւնը, որ ակնյայտօրէն կ՛օգնէ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեամբ ամբողջացնել երկկողմանի տնտեսական, մարդասիրական եւ այլ կապերը», ընդգծած է Լաւրով:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Պայրամով իր կարգին յայտնած է. «Այսօր հանդիպումին քննարկեցինք Հարաւային Կովկասի մէջ յետհակամարտային լուծումը: Ազրպէյճանի դիրքորոշումը այն է, որ տագնապը մնացած է անցեալին մէջ, եւ կայուն խաղաղութեան համար համագործակցութիւն անհրաժեշտ է: Բոլոր կողմերը լիարժէք եւ անվերապահ պէտք է կատարեն եռակողմ համաձայնութիւնները: Բանակցային հոլովոյթի արհեստական ձգձգումը իր մէջ լուրջ վտանգներ կը պարունակէ», ըսած է Պայրամով:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Լաւրով յայտնած է. «Ընդամէնը քանի մը շաբաթ առաջ Երեւան այցելութեան ընթացքին մենք խօսած ենք թէ՛ վարչապետին, թէ՛ արտաքին գործոց նախարարին հետ, անոնք հաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը` մասնակցելու սահմանազատման յանձնախումբի 2-րդ հանդիպումին: Այս հանդիպումին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է Մոսկուայի մէջ, մեր տարածքին մէջ, եւ մենք այժմ կ՛ընտրենք թուականներ, որոնք յարմար պիտի ըլլան երկու կողմերուն համար»:

«Ես որեւէ ազդանշան չեմ նկատած, որ կողմերը իրենց միտքը կամ կարծիքը փոխած են կամ չեն ուզեր այս աշխատանքին մասնակցիլ», աւելցուցած է ան:

 

Նախորդը

Մինչ Հացի Տագնապը Կը Սաստկանայ, Սալամ Կը Հաստատէ Անոր Նկատմամբ Պետական Օժանդակութիւնը Պահելու Որոշումը

Յաջորդը

ՀԱՅ Դատի Յանձնախումբը Մտահոգ Է Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Ազրպէյճանին Զինուորական Աջակցութեան Տրամադրումով

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?