Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Աղա Մոհամէտ Շահին Սպանութենէն Ետք` Պարսկական Բանակին Խուճապային Փախուստը Եւ Իպրահիմ Խալիլ Խանի Վերադարձը Շուշի

Յունիս 15, 2022
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Շուշիի բերդին շրջափակը

Աղա Մոհամէտ շահի սենեկապետ Սաֆար Ալի բէկ 1797 յունիս 16-էն 17 լուսցող գիշերը Շուշիի բերդին մէջ դաշունահարած էր Իրանի տիրակալը:

Յունիս 17-ի առաւօտ կանուխ բերդին մէջ շշուկ տարածուեցաւ, որ Աղա Մոհամէտ շահ սպաննուած է: Սաֆար Ալի բէկ թագաւորին կտրուած գլուխը ձեռքը բռնած պալատէն դուրս ելաւ եւ հրապարակին վրայ ձգեց:

Նոյն պահուն բերդին հայ եւ թուրք բնակիչները պալատ խուժեցին եւ սկսան կողոպտել շահին գանձերը:

***

Ո՞վ էր Սաֆար Ալի բէկ եւ ի՞նչ ազգէ էր: Արցախի վանքերէն մէկուն մէջ գրուած ձեռագիր պատմութեան մէջ կ՛ըսուի, որ ան հայ էր, մանկութեան գերի տարուած էր Պարսկաստան եւ բռնի իսլամացուած էր:

Սաֆար Ալիի սրտին մէջ չէին յանգած քրիստոնէական հաւատքի զգացումները: Եւ երբ ան առաջին անգամ յաղթական բանակին հետ Շուշի  մտած եւ հայոց եկեղեցական արարողութիւնը տեսած ու խանական պալատի պատէն կախուած Սուրբ Աստուածածնի պատկերը համբուրած էր, անոր մէջ քրիստոնէական հաւատքի կայծերը բորբոքած էին:

***

Շահին սպանութիւնը մեծ խառնակութիւն յառաջացուց Շուշիի մէջ: Ամէն կողմէ ճիչեր, աղաղակներ կը բարձրանային, որոնք հետզհետէ կը սաստկանային: Տեղացի թուրքեր անխնայ կը կողոպտէին պարսիկները ու կը յափշտակէին բերդին ու պալատին մէջ գտնուող հարստութիւնները:

Պարսիկ զինուորները երիվարները սկսան թամքել, ջորիներն ու ուղտերը բեռնաւորել եւ անկարգ ու խառնիխուռն հաւաքուիլ` բերդէն դուրս գալու եւ իրենց գլուխը ազատելու համար: Ով կրնար` երիվարը կը հեծնէր եւ բերդէն դուրս գալով կը փախչէր: Հրամանատարները մտատանջութեան մատնուած էին եւ կարգ ու կանոնը պահելու անոնց ջանքերը ապարդիւն կ՛անցնէին:

Բերդին եւ պալատին շուրջ գտնուող զինուորները վրանները կը քակէին, կ՛իջեցնէին եւ բեռները կը հաւաքէին, որպէսզի ջորիները գան, բարձեն եւ ճամբայ ելլեն:

Կողոպտող խառնիճաղանճ ամբոխին ծայրը հասաւ վրանները: Վայրագ խաժամուժը շատցաւ եւ պատրաստուեցաւ յարձակելու: Զինուորները մտադրեցին կրակ բանալ եւ դիմադրել, բայց հրամանատարը թոյլ չտուաւ:

Խաժամուժը դաշոյններով յարձակումի անցաւ եւ սկսաւ զինաթափ ընել զինուորները, հրամայելով յանձնել զէնքերը:

Մինչ այդ զինուորները խառնիխուռն սկսան փախչիլ եւ աներեւոյթ ըլլալ, իսկ թուրքեր անոնց ձգած զէնքերը իրենց միջեւ բաժնուեցան:

Ատրպատականի զօրքը միացաւ տեղացիներուն եւ սկսաւ կողոպտել պարսիկները: Հրացանաձգութիւնը կը սաստկանար եւ ճիչերն ու աղաղակները կը թանձրանային:

Զինուորներ իրենց կեանքը ազատելու համար սկսան հայկական թաղերը փախչիլ:

Հայկական թաղերուն մէջ մարդիկ երկիւղէն իրենց տուները մտած էին, դուռերը ամրացուցած եւ ձայն ձուն չէին հաներ:

Պարսիկ զինուորները օգնութիւն կը պոռային: Այդ պահուն կտուրներուն վրայ քանի մը հայեր երեւցան, բայց անոնք վախնալով եւ չվստահելով դուռ չբացին:

Այդ ժամանակ ոմանք սկսան դէպի արեւմուտք փախչիլ, այն մտածումով որ մինչեւ Նախիջեւան հայութիւն էր, հայկական վանքեր կային եւ կարելի էր ապահովութիւն ու ասպնջականութիւն գտնել:

Պարսկական բանակը, խառնիճաղանճ ամբոխի վերածուած, անկարգ ու խուճապահար փախուստ կու տար Շուշիէն:

Քրտական Շիկակ ցեղախումբի պետ եւ Սարապի տիրակալ Սատէգ խան Շիկակի Աղա Մոհամէտ շահին մօտիկ զօրապետներէն էր: Շիկակները Ղաջարական բանակին մէջ հրամանատարական բարձր դիրքեր ունէին եւ քաջ կռուողներ էին: Սատէգ խան շահին սպանութիւնը ծրագրած երկրորդ դաւադիր Աբաս բէկը կալանաւորեց եւ որոշեց հետը Պարսկաստան տանիլ, իսկ Սաֆար Ալի բէկ թաքնուեցաւ:

***

Իրանի մեծ վեզիր Հաճի Իպրահիմ Շիրազի

Իրանի մեծ վեզիր Հաճի Իպրահիմ Շիրազի պալատական աւագանին արտակարգ նիստի հրաւիրեց Շուշիի բերդին մէջ: Նիստին կը մասնակցէին Սատէգ խան Շիկակի, շահին եղբօրորդի Հիւսէյն Ղուլի խան Ղաջար եւ Սիւլէյման խան Ղաջար: Որոշուեցաւ թագաւորին սպանութեան լուրը պաշտօնապէս չհաստատել, մինչեւ որ կարելի ըլլայ Շուշիի մէջ կարգ ու կանոն հաստատել: Վախ կար, որ ամբողջ երկիրը կրնայ քաոսի վերածուիլ:

Սատէգ խան սպաներուն հրամայեց Շուշիի բոլոր ճամբաները հակակշիռի տակ առնել եւ չձգել, որ մէկը քաղաք մտնէ կամ քաղաքէն դուրս ելլէ:

Հաճի Իպրահիմ Շիրազի կը կասկածէր, որ Սատէգ խան ինք կազմակերպած է շահին սպանութիւնը եւ այժմ կ՛ուզէ Շուշին իր հակակշիռին տակ առնել եւ զինքն ալ սպաննել:

Հաճի Իպրահիմ բանակին մէկ մասը առնելով ճամբայ ելաւ դէպի Արտապիլ եւ հոնկէ` Թեհրան:

Մեծ վեզիրին ճամբայ ելլելէն ետք Սատէգ խան Շուշի մնացած զօրքը հաւաքելով մեկնեցաւ Սարապ: Հոն ան երկու հազար զինուոր իր եղբայր Մոհամէտ Ալի Սուլթանի հրամանատարութեան տակ ուղարկեց Թաւրիզ, գրաւելու համար քաղաքը:

***

Աղա Մոհամէտ շահին սպանութեան լուրը արագօրէն տարածուեցաւ ամէն կողմ, բայց Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան տակաւին չէր համարձակեր Պալաքանէն Շուշի վերադառնալ:

Ղարաբաղի խանութեան վեզիր եւ Շուշիի իսլամներու հոգեւոր պետ մոլլա Փանահ Վագիֆի

Աղա Մոհամէտ շահին կողմէ մահուան դատապարտուածներուն մէջ էր Ղարաբաղի խանութեան վեզիր եւ Շուշիի իսլամներու հոգեւոր պետ մոլլա Փանահ Վագիֆ: Ան Ղազախի շրջանի Սալահլի գիւղէն էր, ծնած` 1717-ին, եւ որդին էր Մեհտի աղայի ու Աղկիզ խանումի: Իսլամական կրօնական դպրոց` մետրեսէ մտած եւ արաբերէն ու պարսկերէն սորված էր: Ընտանիքը 1759-ին Ղարաբաղ փոխադրուած էր:

Մոլլա Փանահ Շուշիի մէջ մետրեսէ բացած, պալատ մտած եւ խանին մերձաւորը եղած էր: Ան սիւննիութենէ հրաժարած ու շիի դարձած եւ 1769-ին վեզիր եղած ու քսանեօթը տարի ծառայած էր Իպրահիմ Խալիլ խանին:

Մոլլա Փանահ քաղաքական եւ կրօնական ազդեցիկ դէմք եւ բանաստեղծ էր: Ան Վրաստանի ու Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններ վարած եւ քանի մը անգամ Թիֆլիս գացած էր:

Մոլլա Փանահ Ղարաբաղի, Երեւանի եւ Թալիշի խանութիւններուն ու Վրասստանի թագաւորութեան միջեւ լաւ յարաբերութիւններու պահպանման ջատագով էր եւ Պարսկաստանը թշնամի երկիր կը նկատէր: Աղա Մոհամէտ խանի 1795-ի ներխուժումին ժամանակ մասնակցած էր Շուշիի պաշտպանութեան:

Մոլլա Փանահ 17 յունիս 1797-ի արեւածագին մահապատիժի գործադրութեան կը սպասէր, երբ սպաննուեցաւ Աղա Մոհամէտ շահ:

Ազատ արձակուելէն ետք մոլլա Փանահ ազդեցիկ միակ դէմքը կը մնար Շուշիի մէջ:

Իպրահիմ Խալիլ խանի եղբօր` Մեհրալի բէկի որդի Մոհամէտ բէկ ինքզինք խանութեան օրինական ժառանգորդը կը նկատէր: Ան մոլլա Փանահն ու անոր որդի Ալին սպաննել տուաւ, անոնց բնակարանը կողոպտեց ու աւերեց, տիրեց Շուշիի բերդին եւ ինքզինք Ղարաբաղի խան հռչակեց:

***

Ինքզինք Ղարաբաղի խան հռչակած Մոհամէտ բէկ գիւլեաթաղցի մելիք Ռուստամի առաջարկեց միանալ իրեն եւ հակառակիլ Իպրահիմ Խալիլ խանին, պայման դնելով, որ Ղարաբաղի հայերուն գլխաւորը պիտի ըլլայ մելիք Ռուստամ, թուրքերու գլխաւորը` Մոհամէտ բէկ:

Մելիք Ռուստամ մերժեց Մոհամէտ բէկի առաջարկը եւ ուզեց հաւատարիմ մնալ Ղարաբաղի հայութեան այնքան չարիքներ հասցուցած Իպրահիմ Խալիլ խանին:

Մելիք Ռուստամ նամակ գրեց Իպրահիմ Խալիլ խանին, տեղեկութիւններ փոխանցեց բոլոր անցքերու մասին եւ խոստացաւ օգնել անոր: Ան խանին թելադրեց առանց ժամանակ կորսնցնելու Պալաքանէն փութով վերադառնալ Շուշի եւ ձեռք առնել իշխանութիւնը:

Իպրահիմ Խալիլ խան խոհեմութիւն համարեց չվերադառնալ եւ իր որդի Մեհտի խանը ուղարկեց:

Մելիք Ռուստամ խումբ մը ձիաւորներով դիմաւորութեան ելաւ Մեհտի խանին եւ գիշերով զայն Շուշի մտցնելով ուղղակի պալատ տարաւ, ուր այդ ժամանակ կը բնակէր Մոհամէտ բէկ:

Մոհամէտ բէկ, իբրեւ տանտէր, Մեհտի խանը ընդունեց իբրեւ հիւր:

Մելիք Ռուստամ, առանց ժամանակ կորսնցնելու, հայ պահապաններ դրաւ պալատին շուրջ եւ կալանաւորեց Մոհամէտ բէկը:

Իպրահիմ Խալիլ խան Պալաքանէն վերադարձաւ եւ վերատիրացաւ իշխանութեան:

Մոհամէտ բէկ յաջողեցաւ բանտէն փախուստ տալ եւ գնաց Շամախի, Մուսթաֆա խանին մօտ: Բայց Մուսթաֆա խան անոր երկու աչքերը կուրցուց եւ զայն վերադարձուց Ղարաբաղ:

***

Ազերի քոչուորներ

Սատէգ խան Շիկակի իրեն միացուց Թաւրիզի պէյլէրպէկի եւ Տոնպոլի ցեղի պետ Ջաֆար Ղուլի խանը, Ուրմիոյ շրջանի Աֆշարներու ցեղապետ Մեհտի Ղուլի խանը եւ Շահսաւան թափառաշրջիկները, եւ աւելի քան քսան հազար կռուողներով յարձակման անցաւ Հիւսէյն Ղուլի խանին դէմ եւ Չահարպաղի մէջ (Թեհրանէն արեւմուտք) նուաճեց զայն:

Սատէգ խան այնուհետեւ քալեց Թեհրանի վրայ: Ան տեղեկութիւն ստացած էր, որ մայրաքաղաքը անպաշտպան մնացած է եւ յոյս ունէր, որ դիւրութեամբ կրնայ գրաւել զայն: Բայց երբ Թեհրան հասաւ քաղաքին դարպասները փակ գտաւ. միայն ջորեպաններուն արտօնուած էր ներս մտնել:

Սատէգ խան նամակ գրեց Թեհրանի քալանթար Միրզա Շաֆիի, յայտնելով որ զինք մեծ վեզիր կը նշանակէ, եթէ մայրաքաղաքին դարպասները բացուին:

Միրզա Շաֆի պատասխան նամակ ուղարկեց ըսելով, որ դարպասները միայն գահաժառանգ Պապա խանին առջեւ կը բացուին:

Սատէգ խան երեք օր պաշարուած պահեց մայրաքաղաքը եւ երբ համոզուեցաւ որ կռիւով պիտի չկարենայ գրաւել զայն, զօրքը հաւաքելով Ղազուին մեկնեցաւ: Ան Ղազուինը իրեն մայրաքաղաք հռչակեց եւ որոշեց կրկին բանակ ուղարկել Թեհրանի վրայ: Ղազուին անցեալին մայրաքաղաք եղած էր շահ Իսմայիլ Ա.ի եւ շահ Թահմասպ Ա.ի ժամանակ:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (14 Յունիս 2022)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ
Պատմական

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ

Ապրիլ 30, 2025
Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր
Պատմական

Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր

Ապրիլ 9, 2025
Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր
Պատմական

Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր

Մարտ 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?