Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Արցախի Հերոս Ռոպերթ Ապաճեանին Նուիրուած Գիրքի Շնորհահանդէս Արցախի Մէջ
Յունիս 11-ին Ստեփանակերտի «Փոլ Էլուարի Ֆրանսախօսութեան կեդրոն»-ին մէջ Արցախի ընթերցողներուն ներկայացուեցաւ Լիլիթ Յարութիւնեանի «Արցախի հերոս Ռոպերթ Ապաճեան» գիրքը:
Գիրք գրելու առաջարկը հեղինակը ստացած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հերոս Ռոպերթ Ապաճեանի հօր` Ալեքսանդր Ապաճեանին կողմէ: «Ռոպերթի եւ ընկերներուն սխրանքին մասին գրելու համար ոչ մէկ երանգ աւելցնելու պէտք չկայ. այդ մէկը իրենց համար հաճելի չէր թուեր», Արցախի հերոսի հօր յորդորն էր Լիլիթին: Մօտաւորապէս երեք տարուան աշխատանքէ ետք, 2021 թուականի նոյեմբեր 16-ին` Ռոպերթի ծննդեան օրը, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէս: Այդ օրէն ի վեր Լիլիթ ամէն օր մտածած է գիրքը Արցախ բերելու մասին:
«Այս գիրքը Արցախի հերոս Ռոպերթ Ապաճեանի մասին է, բայց գիրքին մէջ վերստին անուններ կը կարդաք: Այս տղաները իրենց արտաքին եւ բնաւորութեան տարբերութիւններով այնքան նման են: Բոլորին գիտակցական ընտրութիւնը հայրենիքն է: Վերջերս ինծի մօտեցաւ 44-օրեայ պատերազմի տղաներէն մէկուն հայրը եւ ըսաւ, որ իր տղային գաղափարապէս մկրտած է Ռոպերթ Ապաճեանը: Ան մեր նորագոյն ժամանակներու հերոսի կերպարն է», նշեց Լ. Յարութիւնեան:
Գիրքի շնորհահանդէսին ելոյթի խօսքով հանդէս եկան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստանեանը եւ գրող, հրապարակախօս Միքայէլ Հաճեանը:
«Որքան ալ տարօրինակ հնչէ, այս գիրքը Ռոպերթի մասին չէ, մեր ապրողներուն մասին է, մեր խոցուած ըլլալու մասին է: Ռոպերթի կեանքին եւ սխրանքին մենք ոչ մէկ բան չենք աւելցներ, ոչ ալ որեւէ բան կրնանք գողնալ իրենցմէ եւ կամ միւս տղաներէն: Այս մեզի համար պէտք է ըլլայ ուղեցոյց, առաջնորդող, սովորական ընթերցանութիւն պիտի չըլլայ, բոլորս այնտեղ մեզ պէտք է տեսնենք: Այս նաեւ անոնց մասին է, որոնք կ՛ըսեն, թէ կեանքը կը շարունակուի: Կեանքը չի շարունակուիր, եթէ կը շարունակուի, ապա ո՞ւր է Ռոպերթը, ո՞ւր են միւս տղաները, մեր հայրենիքը, մեր ինքնութիւնը: Կեանքը շարունակողը դուն չես, դուն, իշխանութի՛ւն, որեւէ տիրապետութիւն չունիս այս կեանքին վրայ: Կարեւոր է կեանքի որակը: Սողունն ալ կ՛ապրի, առիւծն ու արծիւն ալ կ՛ապրին: Մենք պէտք է ընտրենք, ո՛ր կեանքը կ՛ուզենք ունենալ», նշեց Բագրատ սրբազան:
Արցախեան ապրիլեան եւ վերջին պատերազմին զոհուած երկու եղբայրներու հայր Միքայէլ Հաճեան իր խօսքին մէջ առաջարկեց քննարկել արցախեան պատերազմներու հերոսներու, նահատակներու սրբադասման հարցը, որովհետեւ անոնք բոլորը սուրբեր են:
Գիրքի հեղինակին խօսքով, Ռոպերթի եւ իր մարտական ընկերներուն պայքարը 2020 թուականի պատերազմէն ետք առաւել շեշտուեցաւ: Հայրենիքը չսակարկելու, չզիջելու, խաղաղութիւն չմուրալու սկզբունքայնութիւնը այս անփառունակ օրերուն ամէնէն կարեւորն է:
Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Արեւմտահայաստանի Մէջ Հայերու Ինքնութեան Պայքարի Մասին Յուշագրութեան Հայերէն Թարգմանութեան Շնորհահանդէսը
Վերջերս Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն-գիտական հետազօտական հիմնադրամին մէջ տեղի ունեցաւ արեւմտահայ յուշագիր Ֆերման Թորոսլարի «Աքսորգ ապստամբութեան բովէն անցած մութքեցի հայ ընտանիք մը» գիրքին հայերէն հրատարակութեան շնորհահանդէսը: Գիրքին թարգմանիչը սփիւռքահայ մտաւորական Մարի Մերտխանեան-Եարալեանն է, որ մնայուն բնակութիւն հաստատած է Հայաստանի մէջ:
Շնորհահանդէսին ներկայ գտնուեցան` յուշագրութեան թարգմանչուհին, հայերէն հրատարակութեան խմբագիրը, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի աշխատակիցները, թրքագէտներ, հրապարակախօսներ, ՀՅԴ կուսակցութեան գործիչներ, լրագրողներ եւ գիրքով հետաքրքրուած հայրենակիցներ:
Սկիզբը խօսք արտասանեց գիրքին խմբագիրը` հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Հայկազուն Ալվրցեանը, որ մասնաւորապէս անդրադարձաւ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ այլ շրջաններու մէջ իսլամացած եւ ծպտեալ հայութեան հիմնահարցին` նշելով, որ յուշագրութեան հեղինակը «բռնի կրօնափոխուած եւ երկար տարիներ գաղտնի կեանքով ապրած ընտանիքի մը աւագ որդին է, որ միայն երիտասարդ տարիներուն կը տեղեկանայ, որ իրենք հայ են, եւ որ իր ընտանիքի` տառապանքներով ու զրկանքներով լի կեանքին պատճառը հայ ըլլալն է: «Հայ էին, սակայն ինքը այդ մասին չի գիտեր, որովհետեւ իրեն չէին ըսեր այդ մասին, իսկ չէին ըսեր, որովհետեւ այդ կրնար կեանքը արժել», շեշտեց Հայկազուն Ալվրցեան:
Այնուհետեւ յուշագրութեան դէպքերուն առնչուող պատմական փաստերը ներկայացուց թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մելինէ Անումեան: Ան յիշեցուց, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ամբողջ պատմութիւնը յայտնի է պետութեան կողմէ թուրք ազգի արհեստական կերտման գործընթացին ուղղուած բռնարարքներով, որուն նպատակը Թուրքիոյ բնակչութեան միատարրացումն էր: Մելինէ Անումեան անդրադառնալով 1934 թուականի Թամժ-ի կողմէ ընդունուած «վերաբնակեցման մասին» օրէնքին` յայտնեց, որ այդ օրէնքը, տուեալ ժամանակաշրջանի Թուրքիոյ ներքին գործերու նախարար Շիւքրիւ Քայայի կարծիքով, պէտք էր կառուցէր «մէկ լեզուով խօսող, նոյն կերպ մտածող, միանման զգացումներ տածող» բնակչութեամբ երկիր մը:
Ապա խօսքով հանդէս եկաւ գիրքին թարգմանչուհին` սփիւռքահայ մտաւորական Մարի Մերտխանեան-Եարալեանը, որ նշեց, թէ յուշագրութեան հեղինակին հետ ծանօթացած է 2003 թուականին, Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի նահանգին մէջ, ուր ներկայիս կը բնակի Ֆերման Թորոսլարը: Գիրքին թարգմանչուհին շեշտեց, որ յուշագրութեան մէջ ներկայացուած դէպքերը իրականութիւն կը բացայայտեն` Թուրքիոյ պետական քաղաքականութեան մէկ ուրիշ կողմը, որ ըստ էութեան, Ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է: Մարի Մերտխանեան-Եարալեան նաեւ ընդգծեց, որ այսպիսի հայերէ բաղկացած խումբ մը կրցած է այս քաղաքականութեան դէմ պայքարիլ, սակայն` շատ ծանր գինով: Իբրեւ օրինակ, թարգմանչուհին նշեց գիրքի հեղինակին քրոջ պատմութիւնը, որ ստիպուած եղած է ամուսնանալու իրմէ 40 տարիով մեծ մարդու մը հետ միայն այն պատճառով, որ վերջինս հայ էր… Մարի Մերտխանեան-Եարալեան խօսքը աւարտեց հետեւեալ խօսքով. «Այս օրերուն, երբ թուրքի հետ բարեկամութեան եւ հաշտ ապրելու հեքիաթներ կը հիւսուին, մեզի համար չափազանց կարեւոր է հասկնալ, որ խաղաղութեան այդ շղարշին տակ շարունակուող հայրենազրկում եւ ցեղասպանութիւն կայ թաքնուած…»:
Այնուհետեւ խօսքեր արտասանեցին եւ գիրքին կարեւորութիւնը շեշտեցին նաեւ գրող, հրապարակախօս Սպարտակ Ղարաբաղցեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը եւ շնորհահանդէսին ներկայ գտնուող այլ մտաւորականներ:
Երեւանի Պետական Համալսարանի Նախկին Նախագահ Արամ Սիմոնեան Մահացաւ
Երեւանի պետական համալսարանի նախկին նախագահ Արամ Սիմոնեան մահացաւ կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը:
Ա. Սիմոնեան ծնած է 12 ապրիլ 1955-ին, Գորիս: 1972-1977 թուականներուն իր ուսումը ստացած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին մէջ: 1977-1981-ին աւարտած է Մոսկուայի Գիտութիւններու պատմութեան հիմնարկի ասպիրանտուրան: 1983-ին պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւնը, 2000-ին` դոկտորական ատենախօսութիւնը, իսկ 2005-ին ստացած է փրոֆեսէօրի գիտական կոչում:
Սիմոնեան հեղինակ է 85 գիտական աշխատանքներու, որոնցմէ չորսը մենագրութիւններ են: Գիտական հետազօտութիւնները կը վերաբերին հայ ժողովուրդի 19-րդ դարու երկրորդ կէսի եւ 20-րդ դարասկիզբի պատմութեան հիմնահարցերուն: Մասնակցած է միջազգային եւ հանրապետական բազմաթիւ գիտաժողովներու: Հրաւիրուած է աշխարհի տարբեր երկիրներ, ուր վարած է գիտակրթական գործունէութիւն:
2000-ին եղած է Երեւանի պետական համալսարանի ուսումնական աշխատանքներու փոխղեկավար, իսկ 2006-ի մայիսին ընտրուած է նախագահ եւ 2011-ի մայիսին վերընտրուած է նոյն պաշտօնին. 10 յուլիս 2008-ին ԵՊՀ-ի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի տնօրէնն էր: 25 յունիս 2015-ին ընտրուած է ԵՊՀ հիմնադրամի նախագահ:
Մահացաւ Հայաստանի Ժողովրդական Արուեստագէտ Ռաֆայէլ Քոթանջեանը
13 յունիսին մահացաւ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, դերասան Ռաֆայէլ Քոթանջեանը, որ ծնած է 1942-ին, Թիֆլիս, իսկ 1946-ին ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Երեւան:
1960-1964 ուսանած է Երեւանի Գեղարուեստաթատերական հիմնարկի դերասանական բաժանմունքին մէջ: 1964-1966 թուականներուն` իբրեւ դերասան եւ բեմադրիչ, աշխատած է Զանգեզուրի Շիրվանզադէի անուան թատրոնին մէջ:
1980 թուականին արժանացած է վաստակաւոր արուեստագէտի կոչման, 2003-ին` Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ կոչման, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ոսկի մետալի եւ Հայաստանի «Մովսէս Խորենացի» մետալի, 2017 թուականին` «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» առաջին աստիճանի շքանշանի եւ այլ պարգեւներու:
Դերեր ստանձնած է բազմաթիւ ներկայացումներու մէջ, ինչպէս նաեւ` հայկական եւ արտասահմանեան ժապաւէններու` «Ադամանդէ ձեռքը» (1968), «Տղամարդիկ» (1972), «Բաղդասարը բաժանւում է կնոջից» (1977), «Օտար խաղեր» (1986), «Երեքի սրտերում» (1992), «Ուրախ ուղեւորութիւն» (1994), «Ծովահէնների կայսրութիւնը» (1994), «Մեր բակը» (1996), «Կոմսուհի տը Մոնսորօ» (1997), «Ռոքսոլանա» (1998-2003), «Կախարդի եօթներորդ մատանին» (1998), «Սէրը չար է» (1999), «Մեր բակը 3» (2006), «Պոպրիշչին» (2007), «Մի՛ նայիր հայելուն» (2009), «11:41» (2015) եւ այլն:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Ականատես Է Ազրպէյճանի Կողմէ Արցախի Բռնագրաւած Տարածքներու Վրայ Վանտալիզմի Դէպքերու. Հայաստանի Մշտական Ներկայացուցիչ
Յունիս 7-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան եւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած է Հայաստանի` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անդամակցելուն 30-ամեակին առիթով համերգ-երեկոյ, որուն, ի թիւս հայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ բազմաթիւ երաժշտասէրներու, ներկայ էին` դեսպաններ, ծերակուտականներ, պատգամաւորներ, կրօնական համայնքի ներկայացուցիչներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ անուանի անձեր:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնին մէջ կայացած համերգ-երեկոյին սկիզբը բացման խօսքով հանդէս եկան` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիսթիան Տէր Ստեփանեանը, արտաքին կապերու եւ Ափրիկէի հարցերով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Ֆիրմին Էտուարտ Մաթոքոնը, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Տումանեանը:
«ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անդամակցելով` Հայաստան արտայայտած է իր մշակոյթի աւանդը մարդկութեան ժառանգութեան մէջ: Սակայն այդ անդամակցութիւնը մենք պէտք է նաեւ գնահատենք կազմակերպութեան գործունէութեան երկրի մասնակցութեամբ: Այս տարիներու ընթացքին Հայաստան լիովին ներգրաւուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի լիազօրագրութեան իրագործման եւ այն համամարդկային արժէքներու տարածման գործին, որոնց երաշխաւորը կը հանդիսանայ:
Մենք մտահոգութեամբ կը հետեւինք պատերազմական տարածաշրջաններու մէջ մշակութային ժառանգութեան սպառնացող վտանգներուն, 1998-2005 թուականներու ընթացքին Նախիջեւանի հայկական գերեզմանատան հազարաւոր խաչքարերու ոչնչացման դէպքերուն: Նոյնիսկ այսօր, հակառակ գլխաւոր տնօրէնի ջանքերուն, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն անզօր եւ ականատես է Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ գտնուող հայկական մշակութային արժէքներու նկատմամբ իրականացուող աւերածութիւններու եւ վանտալիզմի այլ դէպքերու: Այո՛, պէտք է ամէն ինչ ընել վտանգուած ժառանգութիւնը փրկելու համար», իր ելոյթին մէջ նշեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիսթիան Տէր Ստեփանեանը:
Արտաքին կապերու եւ Ափրիկէի հարցերով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Ֆիրմին Էտուարտ Մաթոքոն ալ իր հերթին արձանագրեց. «Հայաստանն ու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն միաւորող վստահութեան եւ համերաշխութեան կապերը արժէքաւոր են, եւ անդադար ամրապնդուող համագործակցութիւնը անոր վկայութիւնն է: Երեք տասնամեակ Հայաստանը մեր կողքին հաստատակամօրէն ներգրաւուած է ի շահ համամարդկային արժէքներու եւ այնպիսի համընդհանուր արժէքներու պաշտպանութեան, ինչպէս կրթութիւնը, մշակոյթը, գիտութիւնը, հաղորդակցութիւնը եւ տեղեկատուութիւնը: Հայաստանը աշխուժ է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի իրաւասութեան շրջանակի բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Այդ սերտ համագործակցութիւնը նաեւ կ՛արտայայտէ առաջին անգամ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գործադիր խորհուրդին Հայաստանի անդամակցութեամբ` մինչեւ 2025 թուական»:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Տումանեանը նշեց. «Հայ ժողովուրդը, ինչպէս գիտէք, սեփական պատմական փորձառութեամբ ծանօթ է հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներ կորսնցնելու ողբերգական երեւոյթին: Ցաւօք, այսօր եւս մենք երեսանց կը մօտենանք այդ արժէքներուն շարունակական խեղաթիւրման, իւրացման եւ ոչնչացման դէպքերուն, որոնք նոյնիսկ կը տեսագրուին եւ ընկերային ցանցերու վրայ կը հրապարակուին իրագործողներուն կողմէ:
Լիայոյս ենք, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն` իբրեւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան առաջատար միջազգային մարմին, միջազգայնօրէն իրեն վերապահուած լիազօրագրութեան շրջանակներուն մէջ ջանք չի խնայեր` ապահովելու Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան անվտանգութիւնը»:
Հաղորդենք, որ համերգին զուգահեռ ցուցադրուեցաւ հայկական պատմական մշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող լուսանկարներու շարք, մասնաւորաբար` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան, Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական եւ նախնական ցանկերու մէջ, ինչպէս նաեւ` «աշխարհի յիշողութեան» ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի միջազգային գրանցամատեանին մէջ ներառուած մշակութային արժէքներ եւ վայրեր:
Արցախի Մէջ Իրականացուեցաւ «Երգով ու Սիրով» Խորագիրով Երգչախմբային Փառատօնը
«Թիկունքը` մշակոյթ, սահմանը` կեդրոն» ծրագրի ծիրէն ներս յունիս 11-13 «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» մանկական ֆիլհարմոնիան Արցախի մէջ իրականացուց «Երգով ու սիրով» խորագիրը կրող երգչախմբային փառատօնը` աջակցութեամբ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան:
Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան յայտարարութեան համաձայն, փառատօնին մասնակցեցան` «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ` Տիգրան Հեքեքեանի, Ստեփանակերտի ՄՊՍԿ մանկական երգչախումբը, խմբավարութեամբ` Մարինէ Մեսրոպեանի, Հադրութի մանկական երգչախումբը, խմբավարութեամբ` Մարուսիա Մարտիրոսեանի, Մարտունիի մանկական երգչախումբը, խմբավարութեամբ` Զարինէ Տիտանեանի, Ստեփանակերտի Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցին կից մանկական երգչախումբը, խմբավարութեամբ` Գոհար Գաբրիէլեանի:
Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ կայացաւ փառատօնին համերգի բաժինը` մասնակցութեամբ բոլոր երգչախումբերուն, իսկ Գանձասարի վանական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ պատարագ` «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբին մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածամօր Յովհաննու մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ` վերստին «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբին մասնակցութեամբ:
«Արցախ Ֆոնտ» Բարեգործական Հիմնադրամի Հերթական Ծրագիրը Արցախի Մէջ
ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի «Արցախ ֆոնտ» բարեգործական հիմնադրամը Արցախի մէջ հերթական ծրագիր մը կ՛իրագործէ: Հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Արցախի կառոյցին հետ համադրաբար Արցախի Մարտունի, Ասկերանի եւ Մարտակերտի շրջաններու շարք մը գիւղերու բնակիչները հաւի ճուտեր պիտի ստանան:
«Արցախ ֆոնտ»-ի Արցախի մասնաճիւղի պատասխանատու Տրդատ Մարտիրոսեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ ընդհանուր առմամբ երեք շրջաններու մէջ 10 հազար 5 հարիւր հատ հաւի ճուտ պիտի բաժնեն: «Ծրագրէն արդէն օգտուեր են Մարտունի շրջանի Աւդուռ, Միւրիշէն, Ննգի, Ասկերանի շրջանի Նախիջեւանիկ, Վարդաձոր, Սառնաղբիւր գիւղերու բնակիչները, յառաջիկայ օրերուն ալ պիտի հասցնենք Մարտակերտի շրջան: Իւրաքանչիւր ընտանիքի պիտի յատկացնենք 25 հատ 1 ամսական հաւու ճուտեր», յայտնեց Տրդատ Մարտիրոսեան: Անոր խօսքով, հիմնադրամի այս ծրագրով գիւղացիները եկամուտի յաւելեալ աղբիւր պիտի ունենան, եւ հետագային հաւաբուծութեամբ զբաղելու կարելիութիւն պիտի ստանան նաեւ այն ընտանիքները, որոնք տակաւին չեն զբաղիր:
Ամփոփուեցան «Արցախը Ես Եմ» Խորագիրով Լուսանկարչական Մրցոյթին Արդիւնքները
Յունիս 11-ին Ստեփանակերտի «Մարաշլեան» նկարչական կեդրոնին մէջ ամփոփուեցան «Մարաշլեան»-ի եւ «Փախստականներու միաւորում յանուն արդարութեան» կազմակերպութեան կողմէ սկսնակ լուսանկարիչներու համար նախաձեռնուած «Արցախը ես եմ» խորագիրով մրցոյթին արդիւնքները: Նախաձեռնողներուն կողմէ 5 յաղթողներ արժանացան տարբեր մրցանակներու:
«Մարաշլեան» կեդրոնի հիմնադիր, լուսանկարիչ Էմմա Մարաշլեան ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպուած ձեռնարկին համար. «Շատ ուրախ եմ, որ այսօր կրնամ գտնուիլ Արցախի մէջ եւ իրականացնել երազներէս պզտիկ բաժին մը: Անցեալ տարի` պատերազմէն ետք որոշեցինք, որ պէտք է Ստեփանակերտի մէջ ունենանք լուսանկարչական տուն` «Մարաշլեան» լուսանկարչական աշխատանոց, ուր պէտք է հանրահռչակենք ազգային հագուստը` Արցախի տարազը եւ ի հարկէ վերածնունդ` հայկական ընտանիքի հասկացողութիւնը, ինչպէս նաեւ մտածեցինք իրականացնել կրթական ծրագիրներ:
«Այս մեր առաջին ծրագիրն է Սնեժանայի հետ միասին. շնորհակալ եմ անոր աջակցութեան համար, շնորհակալ եմ Դաւիթ Իշխանեանին, որ կը սատարէ մեզ եւ մեր մէջքը ամուր կը պահէ: Շնորհակալ եմ այսօրուան կազմակերպուած ձեռնարկին համար», ըսաւ Է. Մարաշլեան:
Ան իր խօսքին մէջ յատկապէս նշեց, որ կը գտնուի իր սիրելի վայրերէն մէկուն` Արցախի մէջ, եւ որ Արցախը իր ուժն է, իսկ Հայաստանը` հոգին:
«Այս երկուքը անփոփոխ են եւ իմ ապրելուս իմաստն են, որովհետեւ այս ամէնուն մէջ կայ մեծ սէր, մեծ զգացում, հիացում, եւ ես ուրախ եմ, որ այսօրուան մրցոյթը Արցախի մէջ ապրող երիտասարդներուն համար է: Մենք կը փորձենք տեսնել, գնահատել անոնց պահուած տաղանդները, որպէսզի կարենանք անոնց ուժ տալ եւ անոնց հետ միասին կերտել այս ամէնը:
«Խորագիրը այսպիսին է` «Արցախը ես եմ» եւ ամէն անգամ, երբ բացումը կը կատարուի իւրաքանչիւր լուսանկարի, իւրաքանչիւր երիտասարդի կողմէ կը զգացուի սէրը Արցախի հանդէպ: Ես շնորհակալ եմ ձեզի` 54 մասնակիցի, որ չլսուած բան է, սակայն հասկնալի է այն փաստը, որ այսօր բոլորս Արցախ ենք», յայտնեց Է. Մարաշլեան:
Ան աւելցուց, որ թէեւ յաղթողները հինգ հոգի են, սակայն յաղթել բառը այդքան ալ ճշգրիտ չէ, որովհետեւ, իր կարծիքով, բոլորն ալ յաղթող են: «Բոլոր մասնակիցներն ալ յաղթող են. սէրը, ցանկութիւնը, աշխատասիրութիւնը, պատերազմէն ետք պատրաստակամութիւնը արարելու, ստեղծագործելու եւ Արցախ գտնուելու, այս ինքնին յաղթանակ է:
Ես միշտ կ՛ըսեմ. «Եկէք` ըլլանք ոչ թէ Արցախի մէջ, այլ` Արցախի կողքին», եզրափակեց Է. Մարաշլեան:
Տեղեկացնենք, որ ձեռնարկին ընթացքին ստեղծագործական կատարումներով հանդէս եկան Ասկերանի Արուեստի դպրոցի, Ստեփանակերտի Մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի, Չլդրանի դպրոցի աշակերտները, ինչպէս նաեւ` Ասկերանի մշակոյթի տան երաժիշտներն ու երգիչները:
Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բացօթեայ Դասական Համերգ
Յունիս 8-ին Ստեփան Շահումեանի անուան Օղակաձեւ պուրակին մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցի սաներու համերգ:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Ստեփանակերտի Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցի տնօրէն Արթուր Պետրոսեանը տեղեկացուց, որ համերգին մասնակցած են կրթօճախի 8-15 տարեկան սաները:
«Դասական երգացանկով այս համերգը կազմակերպուած է մեր հանրութեան համար, որպէսզի քիչ մը հեռանան իրենց առօրեայ հոգերէն` լսելով երեխաներուն կատարումները», հաղորդեց Արթուր Պետրոսեան: Ան աւելցուց, որ համերգի արհեստագիտական ապահովման աջակցած է Ստեփանակերտի քաղաքապետութիւնը: