ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 243 վարակուածներ եւ մահացած մէկ պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 28.500 լ. ոսկի է:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց պետական շուրայի նախագահ դատաւոր Ֆատի Էլիասը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան: Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն յանձնեց Տումայի նախագահին շնորհաւորական հեռագիրը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 24.000 լ. ոսկիով, մազութը` 40.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 4000 լ. ոսկիով: Այս պատճառով 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 666.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 677.000 լ. ոսկի, մազութը` 683.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 358.000 լ. ոսկի:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ լիբանանցի քաղաքացիներուն անցագիրներ շնորհելու առիթը դարձեալ պիտի ընծայէ եւ անցագիրի ժամադրութիւններ ճշդելու ելեկտրոնային հարթակը դարձեալ պիտի սկսի գործել երկուշաբթի, 13 յունիս 2022-էն սկսեալ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց քաղաքական իրադարձութիւններն ու զարգացումները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական տնտեսական կացութեան վերաբերող հարցեր, որոնց շարքին նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները: