Իսլամական բարեսիրական համաշխարհային կազմակերպութեան (Քուէյթ) նախագահի խորհրդական Հատիլ Ահմետ Սապթի 8 յունիս 2022-ին այցելեց Պուրճ Համուտ` ընկերակցութեամբ ՄԱԿ-ի մարդկային բնակավայրերու Քուէյթի եւ Լիբանանի վարչական պատուիրակութիւններուն եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կարգ մը պատասխանատուներու:
Շրջելով Պուրճ Համուտի մէջ` Սապթի տեսակցեցաւ նշեալ խորհուրդին կողմէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վնասուած հարիւր բնակարաններու նորոգման ֆինանսաւորումէն օգտուող խումբ մը նպաստընկալներու հետ` քննելով ու մօտէն ծանօթանալով ՄԱԿ-ի այս միաւորի իրագործած աշխատանքներուն: Ան նաեւ ստուգեց ու տեղեկացաւ ՄԱԿ-ի նշեալ միաւորի ձեռնարկած այլ ծրագիրներու գործադրութեան մասին:


