Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Մտադիր ենք կապ հաստատելու եւրոպացիներուն հետ` հասկնալու համար, թէ խաղաղութիւն փափաքող դաշինք կը ներկայացնե՞ն»:
«Սփարթա 2» նաւուն վրայ յարձակումէն ետք Պալթեան շրջանին մէջ ահաբեկչական գործունէութեան տարածումով մտահոգ ենք», ըսաւ ան:
«Ուքրանական զինուորական ենթակառոյցներուն դէմ ռուսական լայնածաւալ հարուածները պիտի շարունակուին», շեշտեց Փեսքով:


