Երէկ` երկուշաբթի, 25 ապրիլին, Երեւանի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մօտէն սկսաւ «Զարթնի՛ր լաօ» կարգախօսով Դիմադրութեան շարժման իրազեկման երթը:
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, քոյրեր եւ եղբայրներ, մենք քանի մը օր առաջ յայտարարած ենք, որ պիտի իջնենք փողոցային պայքարի, պիտի երթանք մինչեւ վերջ, այս իշխանութիւնները հանրային լայն ճնշման տակ օր առաջ հեռացնելու» Դիմադրութեան շարժման իրազեկման երթի սկզբնաւորութեան ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:
«Առաւօտեան Իջեւանէն մեր արժանապատիւ հայրենակիցները քայլերթով շարժեցան դէպի Երեւան, այսօր (26 ապրիլին) ժամը 11:30-ին Տիգրանաշէնէն դէպի Երեւան պիտի ուղղուի յաջորդ խումբը, անկէ ետք Հայաստանի միւս երկու խորհրդանշական վայրերէն` Սարդարապատէն եւ Բաշ Ապարանէն խումբերը քայլերթով պիտի շարժին դէպի Երեւան: «Քայլերթի ընթացքին հայրենակիցները պիտի ըլլան Հայաստանի տարբեր բնակավայրերու մէջ եւ պիտի ներկայացնեն մեր երկրին սպառնացող վտանգները, պիտի համախմբեն մեր քաղաքացիները եւ 1 մայիսին պիտի հասնին Երեւան: Այդ ընթացքին մենք միասին ամէն օր Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպենք բողոքի տարբեր ցոյցեր եւ երթեր:
«Յառաջիկայ 5 օրերուն ընթացքին մեր նպատակն է ամբողջ Հայաստանի մէջ մեր ժողովուրդը ոտքի կանգնեցնել: 1 մայիսին մենք մինչեւ մեր խումբերուն Երեւան հասնիլը պիտի ունենանք մեծ հանրահաւաք, բայց մինչ այդ կը խնդրեմ բոլորէդ ձեր ամէնօրեայ մասնակցութեամբ ցոյց տաք, որ օրուան իշխանութիւնը իրաւագիր չունի, լիազօրուած չէ երկիրը նոր զիջումներու տանելու:
«Կոչ կ՛ուղղեմ սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն, եկէ՛ք Երեւան, Հայաստանի մարզերու մեր բնակիչներուն, երիտասարդութեան ու մտաւորականութեան` ոտքի կանգնեցէ՛ք, մենք շատ ժամանակ չունինք, օր առաջ այս չարիքի կառավարութիւնը պիտի հեռացնենք միասին:
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, մինչեւ վերջ վճռական կամքով եւ հետեւողական պիտի ուղղուինք յառաջ: Մենք որոշում տուած ենք` յառաջիկայ պայքարը իրականացնելու ցանցային եւ ապակեդրոն, բոլոր քաղաքական ուժերը, իրական ընդդիմադիր ուժերը, անհատներ, իւրաքանչիւրը իր բողոքը այս չարիքի կառավարութեան դէմ պիտի ձեւակերպէ իւրովի, բայց բոլորս ունինք մէկ նպատակ` օր առաջ հեռացնել այս չարիքի կառավարութիւնը», ընդգծեց Իշխան Սաղաթէլեան:
Երթին մասնակիցները կը վանկարկէին` «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Առանց թուրքի Հայաստան», «Հայաստան, ոտքի՛», «Արցախ, ոտքի՛», «Հայ ազգ, ոտքի՛», «Միացում»:
Իրավիճակը լարուեցաւ ոստիկաններուն եւ ցուցարարներուն միջեւ, երբ ՀՅԴ-ի անդամ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանը, հակառակ ոստիկաններու խոչընդոտներուն, բարձրացաւ արագաչափի սիւնին եւ փակցուց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի լուսանկարը` «Նիկոլ, դաւաճան» գրութեամբ:
Ոստիկանները փորձեցին բերման ենթարկել ցոյցին մասնակիցները, սակայն չյաջողեցան:
Անկէ ետք վիճակը հանդարտեցաւ, իսկ երթը շարունակուեցաւ:
Ֆրանսայի հրապարակին վրայ Դիմադրութեան շարժումը եւ Արթուր Վանեցեանի գլխաւորած երթերը հանդիպեցան իրարու:
Անոնք միասնաբար փակեցին Ֆրանսայի հրապարակը:
«Ոստիկաններուն կ՛առաջարկեմ մնալ իրենց իրաւասութիւններու շրջագիծին մէջ եւ ծաղրածուի հրահանգով չփորձել ժողովուրդին հետ հարցեր ունենալ», նշեց Իշխան Սաղաթէլեան:
Դիմադրութեան շարժման իրազեկման երթը աւարտեցաւ, իրազեկման յաջորդ երթը տեղի պիտի ունենայ այսօր` Սասունցի Դաւիթի արձանի մօտակայքէն, յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:
Սաղաթէլեան ըսաւ, որ վաղուան (այսօր` 26 ապրիլի) ցոյցերը նոյնպէս պիտի շարունակուին. «Մեր նպատակն է ամբողջ ժողովուրդը, ազգը յառաջիկայ 5 օրերուն ոտքի հանել, ու պիտի հասնինք մեր նպատակին»:
Նշենք, որ երէկուան երթին ընդառաջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան երիտասարդները փակած էին Կոմիտասի պողոտան, որմէ ետք երիտասարդներէն քանի մը հատը բերման ենթարկուած էին ոստիկաններու կողմէ:
Երէկ անհնազանդութեան շարք մը ցոյցեր տեղի ունեցած են Երեւանի մէջ: Մխիթար Հերացիի անուան բժշկական համալսարանին մէջ ուսանող դաշնակցականները տեղադրած էին Արցախի դրօշը:
Խումբ մը երիտասարդներ ալ ցոյցեր կազմակերպած են համալսարաններու առջեւ` «Ուսանո՛ղ, զարթնի՛ր» գրութեամբ պաստառներ բարձրացնելով երեւանեան 15 համալսարաններու դիմաց եւ յորդորելով ուսանողները միանալ համընդհանուր պայքարին: