Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Օրդ. Յասմիկ Նաճարեանին

Ապրիլ 5, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի տնօրէնութեան եւ Շրջանաւարտից միութեան, շաբաթ, 2 ապրիլի երեկոյեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ մը` նուիրուած քառասուն օրեր առաջ մահացած օրդ. Յասմիկ Նաճարեանին` Մարտիկեան վարժարանի եւ Ե.Մ.  քոլեճի հայոց լեզուի եւ գրականութեան երկարամեայ ուսուցչուհիին:

Ներկայ էին` վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, շրջանաւարտներ, նախկին ուսուցիչներ եւ օրդ. Յասմիկին բարեկամներն ու ծանօթները:

Հանդիսութեան ներկայ տէր Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան, երեք սարկաւագներու ընկերակցութեամբ, աղօթքով մը յիշեց օրդ. Յասմիկին ու վարժարանին մահացած տնօրէնները (Սարգիս Չոլոյեան, Բաբգէն Փափազեան, Մանուշակ Պոյաճեան): Ապա Շրջանաւարտից միութեան անունով խօսք առաւ Քրիստ Իսկէնտէրեան, որ նշեց, թէ Լիբանանին ու լիբանանցիին ապրած այս տագնապալի օրերուն «մեզ համախմբած է բարի յիշատակ մը, յիշատակը` վաստակաշատ ուսուցիչի մը, դաստիարակի մը…»: Ան դիտել տուաւ, որ ներկաները հաւաքուած են յարգելու վաստակը, տարիներու աշխատանքը ուսուցիչի մը, որ ներդրում ունեցած է քոլեճի կերտման, յարատեւման ու սերունդներու դաստիարակութեան կարեւոր աշխատանքին մէջ` նման ամէն գիտակից ու արժանաւոր ուսուցիչի:

Յուշ-երեկոյի գլխաւոր խօսքը արտասանեց քոլեճի շրջանաւարտ եւ օրդ. Յասմիկի տարիներու աշակերտ Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան: «Յուշիկ փախչող իրիկուան, ծիրանի լոյսն է զուարթ, ոսկի թելեր պլլուած խունկի թաւիշ մշուշին, կապոյտ ծոպեր, ծիածան, ծփուն ձայներ, միստիք վարդ, լոյսէ արցունք մոմերու որոնք հանդարտ կը մաշին…» անմահ Մեծարենցի այս տողերով սկսած խօսքով` Խիւտավերտեան ըսաւ, որ  մահուան լուրը Օրդ. Յասմիկին սորվեցուցած ու մանրամասնօրէն վերլուծուած այս տողերուն հետ զուգորդուած է անգիտակցաբար:

«Դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը զուարթ լոյսին բաղադրիչ հզօրագոյն ճառագայթներն են… օրդ. Յասմիկը տարածեց այդ լոյսը եւ նախանձախնդիր եղաւ հայոց լեզուի աչք շլացնող, միտք փայլատակող եւ հոգի կերտող լոյսի անմար մնալուն…», շարունակեց Խիւտավերտեան: Ան յիշեց եւ յիշեցուց օրդ. Յասմիկին բծախնդիր եւ խստապահանջ մօտեցումները հայոց լեզուի իմացութեան նկատմամբ, եւ որոնց շնորհիւ աշակերտները երկիւղածութեամբ մօտեցան հայոց լեզուին եւ գրականութեան: Խիւտավերտեան յիշեց նաեւ, թէ ինչպէ՛ս հայերէնի եւ  գրականութեան դասագիրքերուն ընդմէջէն օրդ. Յասմիկին հետ քալած են ու ծանօթացած` իւրաքանչիւր գրագէտի եւ անոր ներկայացուցած արժէքին: «Օրիորդ Յասմիկին կողմէ լեզուական հարստութեան մը բանալիներու յանձնումը մեզի` կերտեց նաեւ մե՛ր ինքնութիւնը, հայօրէն շնչող, հայութեամբ խթանուող եւ հայկականութեամբ յառաջացող»:

Մտերմիկ այս հանդիպումին ընթացքին իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին եւ յուշերը պատմեցին` Երուանդ Փամպուքեան (օրդ. Յասմիկին դասընկերը), շրջանաւարտ Ալին Ներսէսեան- Թաշճեան, Նազարէթ Սապունճեան (իբրեւ առաջին աշակերտներէն մէկը Հալէպի մէջ) եւ Քնար Թորիկեան (օրդ. Յասմիկի բարեկամուհիներէն):

Հանդիսութեան վերջին խօսքը արտասանեց քոլեճի կրթական տնօրէն Անի Բագրատունի, որ ողջունեց ներկաները եւ թուեց անունները քոլեճի բոլոր կորուստներուն` տնօրէն, ուսուցիչ, շրջանաւարտ, եւ «որոնց սրահին մէջ սաւառնող հոգիները գոհ պէտք է ըլլան, որովհետեւ իրենց հիմնած, պաշտօնավարած սիրելի քոլեճը տակաւին կը գոյատեւէ: … Անոնք սակայն շատ աւելի գոհ պիտի ըլլային, եթէ այս սրահը հոծ բազմութեամբ լեցուած ըլլար. անոնք շատ աւելի գոհ պիտի ըլլային, եթէ այսօրուան ծնողները ներկայ ըլլային եւ բարձրաձայնէին` շնորհակալ ենք հիմնադիրներ, քրտինք թափած յարգելի անձեր, որ այս քոլեճը նուիրած էք մեր զաւակներուն: Շատ աւելի գոհ պիտի ըլլային, եթէ իրենց նման տնօրէններ եւ ուսուցիչներ ներկայ ըլլային հոս, պարզապէս որովհետեւ իրենց պէս տնօրէնի մը կամ ուսուցիչի մը յուշ-երեկոն է: … Կրնայինք աւելի պաշտօնական բնոյթ տալ եւ պարտադրելով աշակերտ ու ծնողք բերել… չըրինք, որովհետեւ յարգանքը պարտադրանքով չ՛ըլլար»:

Իր խօսքին մէջ Բագրատունի ըսաւ, որ տնօրէնութիւնը ստանձնելէն ի վեր կ՛ուզէր առիթը ստեղծել  քոլեճի ընտանիքի բոլոր ննջեցեալներուն (տնօրէն, ուսուցիչ, պաշտօնեայ, շրջանաւարտ) հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու, սակայն «Քորոնա» ժահրը այդ առիթը չէր ընծայած. ան խոստացաւ, սակայն, այսուհետեւ տարին անգամ մը նշել անոնց յիշատակը: «Սիրելի՛ մահացած պաշտօնակիցներ, յարգանք ձեր աշխատանքին, կը խոնարհիմ ձեր յիշատակին առջեւ, ձեր բոլորին յիշատակը անթառամ», եզրակացուց Անի Բագրատունի:

Նախորդը

Օրիորդ Յասմիկին…

Յաջորդը

Տեսիլքին Հաւատացողները

RelatedPosts

«Սարգիս Կիրակոսեան» Արխիւային Բաժինի Բացում «Ազդակ»-ի Յարկին Տակ
Գաղութային

«Սարգիս Կիրակոսեան» Արխիւային Բաժինի Բացում «Ազդակ»-ի Յարկին Տակ

Օգոստոս 20, 2025
Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?