Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2000 Տարուան «Գանձեր» Ծովուն Խորերը

Մարտ 19, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 

Իտալիոյ հարաւը, Նափոլի քաղաքէն քանի մը քիլոմեթր հեռու, գոյութիւն ունի տարօրինակ վայր մը` Պայայի ընդծովեայ հնախօսական տարածքը, Միջերկրական ծովուն մէջ:

***

Ջուրին մէջ, 3 – 14 մեթր խորութեամբ, կարելի է տեսնել մնացորդները մօտաւորապէս 2000 տարուան կառոյցներու, խճանկարներու եւ փողոցներու: Այդ ժամանակաշրջանին այդ տարածքին քաղաք մը գոյութիւն ունէր: Հրաբխային գործունէութեան պատճառով յառաջացած գետնի ցնցումներէն ժամանակի ընթացքին այդ քաղաքը ջրամոյն եղած է:

***

Առաջնորդի մը ընկերակցութեամբ, զբօսաշրջիկները կրնան այցելել այդ վայրը. անշուշտ լողալ գիտնալը անհրաժեշտ է: Նոյնիսկ 6 տարեկանէն մեծ պզտիկներ կրնան ուսումնասիրել այդ հռոմէական աւերակները մակերեսին վրայ լողալով, յատուկ տարազով եւ պիտոյքներով օժտուած:

Ջուրին տակ խճանկարները աւազով եւ խիճերով ծածկուած են: Աւազի եւ խիճի այս խաւը զանոնք կը պաշտպանէ ծովուն տակի վայրի կենդանական եւ բուսական աշխարհէն: Հնաբանները, որոնք կը շարունակեն հետախուզել վայրը, զգուշութեամբ կը բացայայտեն խճանկարները այդ պաշտպանողական խաւէն` զանոնք ուսումնասիրելու համար: Ապա անոնք դարձեալ այդ մնացորդները կը ծածկեն աւազով եւ խիճերով: Անոնք կը մտածեն, որ աւազի աւելի հաստ խաւերու տակ տակաւին կան «գանձեր»:

***

Այդ տարածքին վրայ գտնուող արձանները հռոմէական շրջանէն չեն: Անոնք իսկական արձաններու օրինակներն են: Ծովուն մէջ գտնուած 2000 տարուան արձանները թանգարանի մէջ ապահով կերպով պահուած են, իսկ հնաբանական այդ ընդծովեայ տարածքը կը գտնուի պաշտպանուած շրջանի մը մէջ` պահպանելու համար հնաբանական այդ գանձերը եւ գողութիւններու արգելք ըլլալու համար:

«Սնոուկլու». Աշխարհի Ամէնէն Մեծ
Իկլու Սրճարանը` Հնդկաստանի Մէջ

Սառոյցէ քանի մը աստիճաններ քեզ կը տանին դէպի ամպիոն մը, որուն բազրիքը քանդակուած է սառոյցին մէջ: Հոն դուն պիտի կարենաս նստիլ ոչխարի մորթերու վրայ եւ թէյ մը ապսպրել: Բարի՛ եկած էք աշխարհի ամէնէն մեծ իկլու սրճարանը` Սնոուկլույի, 2650 մեթր բարձրութեան վրայ:

***

Սնոուկլու կը գտնուի Հիմալայայի լեռնաշղթային տակ, Քաշմիր հնդկական շրջանին մէջ, Կուլմարկ, Հնդկաստանի հիւսիսը: Անոր տէրը` Ուասիմ Շահ ներշնչուելով Զուիցերիոյ մէջ գտնուող իկլու սրճարանէն` ուզած է իր անձնականը շինել իր երկրին մէջ:

Սառոյցէ այս սրճարանը 11,4 մեթր բարձրութիւն եւ 13,5 մեթր տրամագիծ ունի: Տարածքը բաժնուած է երկուքի. մէկ բաժինը սպասարկութեան համար է, մինչ միւս բաժինը գեղարուեստական գործերու յատկացուած է: Սրճարանը կրնայ ընդունիլ մինչեւ 40 յաճախորդներ, որոնք կրնան հոն համտեսել Քաշմիրի շրջանին յատուկ ճաշեր:

Այս իկլուին շինութիւնը կարօտած է 64 օրուան աշխատանքի, գիշեր ցերեկ, եւ 25 անձեր մասնակցած են անոր շինութեան:

Գիտէի՞ր, Թէ…

– Լոնտոնի նշանաւոր առաջին երկյարկանի կարմիր փոխադրակառքերը սկսան շրջիլ քաղաքին մէջ 1907 թուականին:

– Շոգիով բանող աշխարհի ամէնէն հին շոգեկառքը, որ տակաւին մինչեւ այսօր կը բանի, Հնդկաստանի մէջ «Տը ֆերի քուին» շոգեկառքն է. անիկա շինուած է 1855 թուականին:

– Ռուսական ուղղաթիռներուն շեղբերը կը դառնան ժամացոյցի սլաքներուն ուղղութեամբ, մինչ ամերիկեան ուղղաթիռներուն շեղբերը կը դառնան հակառակ ուղղութեամբ:

– Իտալական Վենետիկ քաղաքը, փողոցներու փոխարէն, ունի 177 ջրանցքներ. հետեւաբար նոյնիսկ հրշէջներուն մեքենաները փոխադրանաւեր են:

– Աշխարհի մէջ ամէնէն շատ սպառած միսը խոզի միսն է:

– Ձմերուկը 90 առ հարիւր ջուրէ բաղկացած է:

– Թէյի փոքրիկ տոպրակը հնարուած է 1901 թուականին:

– Մօտաւորապէս 40 ձիթապտուղ կը ճզմուի ստանալու համար մէկ թէյի դգալ ձիթաիւղ:

– Աշխարհի անուշ ջուրին մօտաւորապէս 70 առ հարիւրը Անթարքթիքայի սառոյցներուն մէջ կը գտնուի:

– Պաօպապի ծառը կրնայ մինչեւ 400 հազար գաւաթ ջուր ամբարել իր լայն կոճղին մէջ:

– Ամպերուն ձեւերը կախեալ են անոնց ջերմաստիճանէն եւ երկնքին մէջ բարձրութենէն:

– Աշխարհի հին ովկիանոսներէն ետք ամէնէն մեծ ծովը Ֆիլիփփին ծովն է:

– Անապատ կը կոչուի այն վայրը, ուր ամէն տարի նուազ քան 25 սմ անձրեւ կը տեղայ:

– Այս ձեւով, Անթարքթիքան, որ հազուադէպօրէն կ՛անձրեւէ, աշխարհի ամէնէն մեծ անապատն է:

– 2016 թուականին գիտնականները կրցան ստեղծել աշխարհի ամէնէն կարծր նիւթը` քարպայնը: Անիկա ադամանդէն 40 անգամ աւելի կարծր է:

Ժամանց

Կէտերը իրարու միացուր 1 – 51` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել տեսարանին եւ անոր ցոլացումին միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս օգնել թռչունին` գտնելու իր ընկերոջ քով հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Լռեցուած Զանգեր

RelatedPosts

«Պատահմամբ» Գտնուած Նորութիւններ Անթարքթիքի Տակ
Մանկապատանեկան

«Պատահմամբ» Գտնուած Նորութիւններ Անթարքթիքի Տակ

Յուլիս 2, 2022
Կը Սիրե՞ս Երաժշտութիւն Ունկնդրել
Մանկապատանեկան

Կը Սիրե՞ս Երաժշտութիւն Ունկնդրել

Յունիս 25, 2022
Սենեկալ.   Աշակերտներ Ծառեր Կը Տնկեն Իրենց Դպրոցի Բակին Մէջ
Մանկապատանեկան

Սենեկալ. Աշակերտներ Ծառեր Կը Տնկեն Իրենց Դպրոցի Բակին Մէջ

Յունիս 18, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In