Ազրպէյճան Հայաստանին յարաբերութիւններու կարգաւորման առաջարկ ուղարկած է: Անիկա բաղկացած է հինգ կէտերէ: Այս մասին «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով: Ան ընդգծած է, որ Պաքուն ներկայ պահուն Երեւանէն պատասխանի կը սպասէ:
«Եթէ Հայաստանը անկեղծօրէն կ՛ուզէ յարաբերութիւնները կարգաւորել, ասիկա իրենց համար շատ լաւ կարելիութիւն է», ըսած է ան:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին պնդումով` տակաւին մէկ տարի առաջ Իլհամ Ալիեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու, սակայն Երեւանի կողմէ տակաւին արձագանգ չկայ:
«Իր բարի կամքը դրսեւորելու համար ազրպէյճանական կողմը վերջերս Հայաստանին նոր առաջարկ կատարած է: Առաջարկը համապարփակ փաստաթուղթ է… Մենք հայկական կողմին առաջարկած ենք քանի մը հիմնարար սկզբունքներ, որոնք, ըստ էութեան, կը ներառեն Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը», կը նշէ Պայրամով:
Ան նաեւ շեշտած է, որ փաստաթուղթը մէկ էջ է: Պայրամով չէ մանրամասնած, թէ ի՛նչ կէտերու մասին է խօսքը, միայն ըսած է, որ անոնցմէ մէկը կ՛առնչուի սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներուն:


