ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Ժանեթ Ս. Վարդապետեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վարդան եւ Շաղիկ Վարդապետեան եւ զաւակները` Սարին, Հրակ եւ Վահրամ (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Արշօ Արսլանեան եւ զաւակները` Գէորգ, Ցոլեր եւ Արա
Տիկին Անի Վարդապետեան եւ զաւակը (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Յասմիկ Գատեան եւ զաւակները` Ցոլին եւ Ալեք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին տոքթ. Պօղոս եւ տոքթ. Յասմիկ Գարավերտեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Սուլթանեան եւ Արսլանեան ընտանիքներ
Գատեան եւ Ղազարեան ընտանիքներ
Գարավերտեան եւ Աշըգեան ընտանիքներ
Հայթայեան եւ Լաշիքեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին`
ՎԱՀՐԱՄ ՎԱՐԴԱՊԵՏԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1937-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 19 յունուար 2022-ին, սիրտի տագնապի հետեւանքով, Միացեալ Նահանգներ;
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 23 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի «Հոլիվուտ հիլզ, ֆորեսթ լոն» գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութեան համար հեռաձայնել`
– Վարդան Բ. Վարդապետեանին` 03-452243:
– Յարութ Արսլանեանին` 03-666071:
– Արշօ Վարդապետեան-Ղազարեանին` 03-651519:
- Ծանօթ: Հանգուցեալին հոգւոյն հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 27 փետրուար 2022-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով, հինգշաբթի, 24 փետրուար 2022-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 9:00-ին
Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան, լսելու սրբազան հօր պատգամը եւ զօրանալու Աւարայրի ոգիով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ