Կարսէն Անգարա մեկնած պատուիրակութեան անդամները հանդիպում ունեցած են Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Մեհմեթ Մուշի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «ԿազեթէՔարս»-ը:
Հանդիպումի ընթացքին Կարս նահանգի ղեկավարին գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները եւ Թուրքիոյ առեւտուրի նախարարը քննարկած են Հայաստանի հետ սահմանի բացումի հարցը:


