Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոլ Փաշինեան. «Հայաստան Կ՛ուզէ Առանց Նախապայմաններու Յարաբերութիւններ Հաստատել Թուրքիոյ Հետ»

January 25, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան կ՛ուզէ առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին լրատուամիջոցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու համար կազմակերպուած առցանց ասուլիսի շրջագիծին մէջ ըսաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Կ՛ուզե՞նք Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացում` այո, եւ մենք այդ դիրքորոշումին մէջ անկեղծ ենք: Այն ժամանակ (2009 թուականին, «Ա.») չյաջողեցանք, հիմա պէտք է փորձենք հաշուի առնելով նախորդ փորձը», ըսաւ ան:

Պատասխանելով հարցումին, թէ որքանո՞վ կարելի է, որ Թուրքիան յարաբերութիւններու կարգաւորման համար կրկին նախապայմաններ առաջադրէ, Փաշինեան ընդգծեց. «Այո՛, 2009-ին հայ-թրքական արձանագրութիւններուն մէջ չկային նախապայմաններ, բայց հետագային նախապայմաններ ի յայտ եկան: Մենք չենք կրնար երաշխիքներ տալ, որ այդպիսի բան տեղի չունենայ: Մենք պէտք է հասկնանք, թէ կողմերը որքանո՛վ շահագրգիռ են»:

Անդրադառնալով Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն` Փաշինեան ըսաւ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պէտք է խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրուի, բայց փաստաթուղթը ստորագրուելէ առաջ պէտք է ձեւակերպուի, եւ ատիկա բանակցութիւններու արդիւնք է:

«Մենք կը կարծենք, որ այդ բանակցութիւնները պէտք է տեղի ունենան, եւ Հայաստանը պատրաստ է այդ բանակցութիւններուն», նշեց Փաշինեան:

 

Նախորդը

Աւստրալիոյ Երիտասարդական Ազատական Շարժումը Վերահաստատած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքի Ճանաչումը

Յաջորդը

Խմբագրական. Սփիւռքն Ու Համազգային Օրակարգը` Նախագահի Հրաժարականի Հիմնաւորումներուն Մէջ

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.