Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մամլոյ Եւ Լրատուութեան Դաշտի Կարգաւորում

Յունուար 20, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ մէջ տեղեկատուական մասնագիտական ուսումնառութիւնը սկսած է Դամասկոսի մէջ, երբ 1969-ին լրագրողներու պատրաստման ուսումնարան հաստատուած է: Ապա` 1987-ին տեղեկատուական ուսումնառութիւնը բարելաւելու միտումով հաստատուած է Դամասկոսի պետական համալսարանի մամլոյ եւ տեղեկատուութեան բաժինը, որ սակայն սահմանափակ եղած է ե՛ւ դասաւանդման նիւթերով, ե՛ւ դասախօսներով: Սուրիոյ մէջ մամլոյ եւ տեղեկատուութեան ուսումնառութիւնը նոր փուլ թեւակոխած է 2011-ին, երբ Դամասկոսի համալսարանին կից մամուլի եւ տեղեկատուութեան սեփական համալսարան հաստատուած է: Վերջինս օժտուած է մասնագիտական բարձր որակով:

Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն արդէն իսկ նկատելի դարձան տեղացի լրագրողներու մասնագիտական աշխատանքին որակը եւ Սուրիոյ լրատուական դաշտի աշխուժացումն ու նպատակաուղղուածութիւնը:

Այս տարիներուն մեկնարկը կատարուեցաւ նաեւ սուրիական տեղեկատուական առցանց համալսարանին: Վերջինս իր նիւթերով եւ դասախօսներով նոր որակ բերաւ լրատուական մարդուժի պատրաստութեան:

Յառաջիկայ տարիներուն կը նախատեսուի նաեւ Հալէպի մէջ մամլոյ եւ տեղեկատուութեան պետական համալսարանի մը բացումը, ինչ որ որոշիչ դեր կրնայ ունենալ նաեւ այս ոլորտին մէջ մասնագիտանալ փափաքող հալէպահայ երիտասարդներու թիւի աճման մէջ:

Տարիներու ընթացքին Սուրիոյ մէջ հայ մամուլը զարգացած է համայնքին սեփական ճիգերով` յաճախ գերազանցելով տեղականը:

Արհեստագիտութեան սրընթաց զարգացումով, սակայն, մամուլը տեղափոխուած է ընկերային ցանցերու հարթակ: Այս երեւոյթը, իր դրական ներգործութեան կողքին, ունեցած է բացասական կողմեր` լրատուամիջոցներուն դերը շատ մը պարագաներու զիջելով դիմատետրային  հապճեպ լրատուութեան:

1993-էն սկսեալ սուրիահայ միակ շաբաթաթերթը կը մնայ «Գանձասար»-ը: Անոր դերակատարութիւնը սոսկ լրատուութիւնը չէ, այլեւ` հարցերու առողջ քննարկման հարթակ դառնալը, մտածողութիւն զարգացնելը եւ հրապարակագրութեան ու վերլուծական յօդուածներու ճամբով հասարակական կարծիք ձեւաւորելը, յատկապէս` համահայկական եւ ազգային հարցերու գծով:

«Գանձասար»-ը նաեւ սուրիահայութեան ազգային, մշակութային, մարզական ու եկեղեցական կեանքին հայելին է:

Անոր շարունակուող գործունէութիւնը յատկապէս պատերազմի տարիներուն թերթը դարձուցած է ոչ միայն  հայկական, այլեւ օտար լրատուամիջոցներու համար վաւերական աղբիւր: Փաստօրէն, հայկական զանազան թերթերուն կողքին, արեւմտեան աշխարհի շարք մը լրատուամիջոցներ կը դիմեն «Գանձասար»-ին սուրիահայութեան մասին վաւերական տեղեկութիւն ստանալու համար:

«Գանձասար» վերջին տարիներուն օժտուեցաւ Սուրիոյ բոլոր նահանգներուն մէջ թղթակցային կէտերով: Իսկ երիտասարդ գրիչներու ներգրաւումը իր առաջին ծիլերը սկսաւ տալ թերթին մէջ, առաւելաբար` «երիտասարդական ոսպնեակ» սիւնակին տակ: Այս ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքը, կը հաւատանք, յառաջիկայ ամիսներուն թերթը պիտի օժտէ երիտասարդ աշխուժ տարրով:  Երիտասարդ ատաղձ մը, որ խոստմնալից մարդուժի կրնայ վերածուիլ հետեւողական աշխատանքի առկայութեան պարագային:

Ողջունելի է նաեւ «Գանձասար»-Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկ ընթացք առած գործակցութիւնը, որ նոյնպէս կրնայ աւելցնել մամլոյ հանդէպ հետաքրքրութիւն եւ փորձ-գրութիւններով հանդէս գալու յանդգնութիւն ունեցող երիտասարդներուն թիւը:

Իրերու բնական զարգացումով, թերթ, ձայնասփիւռ, Դիմատետր, տեսերիզներ կու գան հարստացնելու սուրիահայ կեանքի լրատուական դաշտը այս օրերուն: Սա կը թելադրէ մասնագիտականօրէն կարգաւորել զանգուածային տարբեր լրատուամիջոցներու աշխատանքը` իւրաքանչիւրին դերակատարութիւնը առանձնացնելով, աշխատանքները համադրելով եւ մասնագիտացման չափանիշները պահպանելով:

Նախորդը

Անդրադարձ. Սիմոն Վրացեանին Եւ Գնդապետ Զաւարզինին Պատգամը Այսօր

Յաջորդը

Միութիւններու Եւ Քաղաքապետութիւններու Մէջ Արհեստագիտական Գրասենեակներու Հաստատութենականացման Միջոցները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?