ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Սիմոն Վրացեանի «Կեանքի ուղիներով» վեց հատոր վկայութիւն-յուշերուն առաջին հատորէն «Ռուս ժանդարմ բարեկամս» (1) խիստ այժմէական արժէք ներկայացնող դրուագը կը ներկայացնեմ ամփոփ եւ արեւմտահայերէն.
«… Ո՞վ ըսես չէր յաճախեր տրապիզոնցի Խաչիկի Ռոստովի (Նոր Նախիջեւան, հարաւային Ռուսիա*) Սադովայես կեդրոնական պողոտայի «Արմենիա» կաթնատունը. անօթի ուսանողներ, անօթի վարժապետներ, անօթի դերասաններ, անօթի մտաւորականներ, ապագայ հերոսներ, գիշերաշրջիկներ… Այստեղ կարելի էր հինգ կոպեկով գաւաթ մը կաթ խմել կամ պնակ մը մածուն ուտել եւ առտուընէ իրիկուն նստիլ թերթ կարդալ, տոմինօ խաղալ եւ վիճիլ: Խաչիկին շատ նման էր իր նշանածն ու գործի ընկերը` Լուսինը, որ մեր օրիորդներուն «Յոյս» խումբին եռանդուն անդամներէն էր:

Մեզի համար Խաչիկի կաթնատունը տեսակ մը դաշնակցական ակումբ էր` կապի, տեսակցութեանց եւ լուրեր փոխանակելու վայր, իսկ երբեմն` ժողովատեղի: Խաչիկը մեր շարքերէն էր, վստահելի, յարաշարժ, ամէն տեղ մտնող, ճարպիկ, լեզուանի. մարդ չկար, որուն ծանօթ չըլլար, թաղին բոլոր ոստիկաններուն բարեկամ, խիստ գաղտնապահ, կարելի էր իրեն վստահիլ եւ «Արմենիա» կաթնատունը գաղտնի գործերու համար ապահով վայր էր:
«Օր մը, երեկոյեան, երբ վեց-եօթը ընկերներով տաք վիճաբանութեան մէջ էինք, յանկարծ` իրարանցում, Խաչիկը հազիւ փախցուց մեր սեղանի կուսակցական թուղթերը. ներս մտան Օխրանայի (ցարական Ռուսիոյ գաղտնի ոստիկան*) որսկան շուները: Թակարդը ինկած էինք:
«Առանց հարց ու փորձի` մեզի հաւաքեցին. յստակ էր, որ մատնուած էինք, եւ մեզ տարին առ որ անկ է… Կիսախաւար ընդունարանին մէջ հսկողութեան տակ անխօս կը սպասէինք, երբ արագ քայլերով ներս մտաւ ոստիկան սպայ մը: Սեւ շրջանակով խոշոր ակնոցները զայն բուի կը նմանեցնէին: Կանգ առաւ: Պահ մը ինծի նայեցաւ, որ մէկ կողմ կեցած էի, ուսանողի գլխարկը ձեռքիս: Եւ աճապարանքով ըսաւ.
«Սիրելիս, որքա՜ն ուրախ եմ ձեզ տեսնելուս: Ես հիմա շատ զբաղած եմ: Կը խնդրեմ տունս եկէք: Կը սպասեմ: Կատեան ալ ուրախ կ՛ըլլայ: Անպայման եկէք: Ձեռքս ամուր սեղմեց ու զիս ճամբու դրաւ:
«Շուարած ու վարանոտ քայլերով դուրս ելայ:
«Անշուշտ թիւրիմացութիւն մը պատահած էր, անհասկնալի, սակայն դանդաղելու ատենը չէր: Շտապեցի հետքս կորսնցնել եւ ի հարկէ չյարգեցի հրաւէրը` երեւի մեծ ցաւ պատճառելով ոստիկան բարեկամիս եւ իր ազնուափայլ տիկնոջ…
«Անցան տարիներ: Անհամեմատ աւելի ծանրակշիռ դէպքեր տեղի ունեցան, եւ Ռոստովի միջադէպը մոռցայ: Ու օր մը փոթորկոտ կեանքի իններորդ ալիքը զիս Փարիզ նետեց, Նէոյի Մատամ Սիւզիի փանսիոնը (փոքր պանդոկ*):
«Պայծառ առաւօտ մը (1924-ի սկիզբը*), ռուսերէն թերթը ձեռքիս, պարտէզին մէջ նստած` Լենինի մահուան մասին հեռագիրները կը կարդայի: Ծառերուն մէջէն դուրս եկաւ պարտիզպանը` մեծ մկրատը ձեռքին… Միջահասակ, կարճ կտրած մազերով մարդ մը` կապոյտ գոգնոցով եւ սեւ շրջանակով խոշոր ակնոցներով: Կատարեալ բու մը:
«Յամր քայլերով մօտեցաւ եւ թերթին ակնարկելով` ռուսերէն ըսաւ.
«Սատկե՞ր է…
– Ո՞վ,- ըսի անակնկալի եկած, չհասկցայ:
– Շունը:
Խօսքը Լենինի մասին էր:
– Թոյլ տուէք ներկայացնեմ ինքզինքս,- ըսաւ, գնդապետ Զաւարզին, Պաւել Պաւլովիչ:
«Զաւարզին…», ակնթարթի մը մէջ ուղեղիս մէջ վերականգնուեցաւ Ռոստովի միջադէպը: «Ոստիկանակա՞ն գնդապետ», հարցուցի:
– Այո՛, սակայն ինչպէ՞ս գիտէք,¬ զարմացաւ մարդը:
– Ռոստովի ոստիկանապե՞տ:
– Այո՛, այո՛, բայց խնդրեմ` դուք ինչպէ՞ս դիտէք:
– Ինչպէ՞ս է տիկին Կատեան…
– Աստուած ողորմած, ըսէք` ինչպէ՞ս գիտէք:
– Գիտեմ,- ըսի եւ պատմեցի Ռոստովի միջադէպը:
Մարդը սկսաւ քահ-քահ խնդալ.
– Այդպէ՜ս… իսկ գիտէ՞ք ինքզինքիս որքա՜ն հայհոյեցի, երբ իմացայ, որ սխալած եմ, իսկոյն հրամայեցի, որ քեզ գտնեն, բայց գնա՛ ու քամին բռնէ դաշտին մէջ:
«Ուրեմն ան Օտեսայէն նոր փոխադրուած էր Ռոստով եւ քիչ մը կարճատեսութեան եւ քիչ մըն ալ խմած ըլլալուն` զիս կարծած էր Օտեսայէն ուսանելու եկած իր բարեկամին որդին… Ոստիկանապետ Զաւարզինը, այժմ` գնդապետ, հիւրանոցին պարտիզպանն էր: Շուտով դարձանք մտերիմ բարեկամներ գնդապետ Զաւարզինի եւ իր Կատեայի` Եկետերինա Պրոկոֆիեւնայի հետ:
«Տիպար ռուս էր Զաւարզինը, գոռոզ եւ աններող, երբ իշխանաւոր է, խոնարհ ու բարի, երբ իշխանութիւն չունի ձեռքին: Լայն սիրտ ու վեհանձն, ձեռքը եւ սիրտը բաց: Լաւ խմող, զուարճասէր ու պատրաստաբան: Որքա՜ն խնդալիք պատմութիւններ գիտէր: Իր սրամիտ, յաճախ վրան բաց կատակները խնդալէն կը մարեցնէին, մանաւանդ` կանանց, որոնք իրեն կը փակչէին, ինչպէս` ճանճը շաքարին:
«Աւելի հետաքրքրական էին անոր ռուսական Օխրանայի ներքին կեանքի պատմութիւնները, մանաւանդ` լրտեսներու մասին, որոնց մէջ` աւա՜ղ հայեր եւ նոյնիսկ ինծի ծանօթ մարդիկ: Օր մը առաջարկեցի, որ իր յուշերը գրէ:
– Ես ալ շատ մտածած եմ, սակայն գրելու կարողութիւն չունիմ,- ըսաւ:
– Է՜ ոստիկանական հարցաքննութիւններ գրի չէ՞ք առած:
– Անշուշտ առած եմ,- ըսաւ:
Ուրեմն այդ ձեւով գրեցէք: Երբ ըսելիք ունիք, գրելու ձեւը կը գտնէք:
Եւ գտաւ: Միասին կազմեցինք յուշերու ծրագիրը, եւ վեց ամիս ետք պատրաստ էր: Լոյս տեսաւ ռուսերէն, ապա ֆրանսերէնի թարգմանուեցաւ եւ կարճ ժամանակի մէջ գիրքերը սպառեցան:
«Հետաքրքրական գիրք մը եղաւ: Իմ խորհուրդովս որոշ բաժին մը յատկացուց հայերուն, յատկապէս պայքարը` հայ յեղափոխականներուն եւ մասնաւորապէս Դաշնակցութեան դէմ: Զաւարզինը մեծ համակրանքով կը խօսէր հայ յեղափոխականներու քաջ եւ անձնուէր գործունէութեան մասին: Հայ կնոջ տիպար մը նկարագրած է, որ կարելի է դասական համարել: Գիրքին այդ բաժինները թարգմանուելով` լոյս տեսան հայկական թերթերու մէջ:
«Յուշերը հրատարակելէն ետք, այլախոհ զօրավար (սպիտակ բանակի, Եւկենի, հակահամայնավար, նստավայրը` Ֆրանսա*) Միլլեր հրաւիրեց Զաւարզինը` իբրեւ հետախուզական բաժինի վարիչ, զօրավարի աստիճանով:
«Մեր յաճախակի հանդիպումներուն Զաւարզինը տեղեկութիւններ կը հաղորդէր ռուսական ներքին անցուդարձերուն մասին: Հաճելի բան չկար այնտեղ: Վերջը ինքն ալ քաշուեցաւ այս գործէն: Հիասթափուած էր «սպիտակ շարժումէն»:
«1939-ին Ամերիկա մեկնելէս առաջ, մեր վերջին տեսակցութեան, իմ ոստիկան բարեկամս, որ քիչ մըն ալ խմած էր, գլխուս հետեւեալ ջերմ խրատականը կարդաց.
«Դուք, հայերդ` սքանչելի ժողովուրդ էք, շինարար, ձեռներէց, պարկեշտ, բարեկամութեան մէջ անկեղծ եւ հաւատարիմ, բայց աղաւնիի պէս միամիտ էք քաղաքական հարցերուն մէջ, եւ այդ պատճառով միշտ ձեզ կը խաբեն: Երէկ մենք` ռուսերս ձեզ կը խաբէինք, այսօր ալ Ամերիկայի պոչը բռնած էք: Սիրելի՛ բարեկամ, ձեզի հետ ամէնէն անկեղծ վարուողը թուրքն էր, որ չէր խաբեր եւ առանց կեղծիքի ձեզ կը ջարդէր…
– Ո՛չ, առարկեցի ես,- թուրքն ալ կը կեղծէր ու կը խաբէր:
– Ուրեմն, աւելի վատ, ոչ ոքի հաւատացէք: Միայն դուք ձեզի հաւատացէք, եղէք ուժեղ եւ համարձակ: Դուք` դուք եղէք, օձի պէս խորամանկ եւ առիւծի պէս քաջ: Ես` ռուս ոստիկան գնդապետ Զաւարզինն է ըսողը, որ շատ բան տեսած է եւ շատ բան գիտէ: Այս բոլորը կ՛ըսեմ, քանի որ կը սիրեմ ձեզ: Բարի՛ ճանապարհ:
«Ինծի նուիրած իր գիրքին վրայ Զաւարզինը մակագրած էր. «Ռուս ոստիկանին կողմէ` հայ յեղափոխականին: Ի յուշ»:
Սիմոն Վրացեան, Նիւ Եորք, 1944»:
Այժմ բոլորը միասնաբար խաբեցին ու կը շարունակեն խաբել մեզ մա՛նաւանդ` իշխանութեան վրայ նստած ներքին թշնամին, որ ո՛չ միայն խաբեց ու անդադար կը խաբէ, այլ թշնամիներուն փաստաբանը դարձած է, Դիմատետրով երկիր կը «կառավարէ», այսինքն կը քանդէ եւ արիւնով ազատագրուած հայկական հողեր կը նուիրէ թշնամիին: Նոյնիսկ Զաւարզինը պիտի չհաւատար, որ այսքան յիմար ու միամիտ պիտի ըլլար հայը, վերջին երեքուկէս տարիներուն հայ ժողովուրդին թշնամիներուն կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ սարքուած եւ շարունակուող գլխուն եկած այս ահաւոր աղէտին ու փորձանքին:
2 յունուար 2022
haroutchekijian.wordpress.com
(1) «Կեանքի ուղիներով», Ա. հատոր, Սիմոն Վրացեան, Գ. տպագրութիւն «Համազգային»-ի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2007, էջ 254-258: