ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԷՔԵԱՆ
Յասմիկին ու Արմինէին
«Չգիտեմ երբ, չեմ յիշում ո՜վ
Անցնում էր լուռ այս աշխարհով»:
Խորհուրդ էր խոր ու մեծասքանչ,
Տիեզերքի ձեռքը բռնած
Ան լուռ չանցա՛ւ այս աշխարհէն:
Ծննդավայրն էր ծիածան,
Ծիածանը` կախարդական պարեգօտ,
Հայոց աշխարհը` հոգետուն,
Սփիւռքը լայն առագաստ`
Ամենակուլ հողմի դիմաց կուրծքը պարզած
Իր վայրն ու դերը երկնող:
Հացը շաղեց մեղր ու շողով,
Քաշեց կեղեւը անցեալի
Առասպելի, դիցութեան,
Ու Ռոսլինեան ճգնութեամբ
Մութնուլուսին` պարկը ուսին
Ապառաժը շրջապատող մշուշն աւրեց,
ու փորագրեց
Շշնջածոր բառեր, ցօղաշողշող տաղեր,
Հայոց անմահութեան սիրաճառագ աստղեր:
Ու արիասիրտ սրինգով
Թաւշապարուր իր ձայնով
Ջութակի պէս նրբազգաց
Հայաշխարհի չորս ծագերուն
Ծնծղաներով շնկշնկան
Շոգիի պէս բարձրացաւ
Զերթ կայծակ յայտնուեցաւ,
Բայց ան երբեք
Ցաւի, սուգի, թոյնի դիմաց փողի նման չորոտաց:
Խորխորատ են թէ՜ լեռ, թէ՜վիհ
Վառարաններ սիրոյ տունի,
Ու համասփիւռ սէր ու յարգանք:
Բայց մորմոքի յոռեգոյնը հասաւ իրեն,
Մահուան անցած զաւկին ցաւը
Յուշավարար հոգեպատար
Յարաբորբոք ու անամոք,
Ո՞վ կարդալ գիտէ սիրտը:
Ճամբաներէն խորտուբորտ
Քալեց գիտակ ու խրոխտ,
Ու երբ կեանքի մատներէն ինկաւ մահուան ճիրանին
Անհուն վիշտի վիհին մէջ` հաշտ աւանդեց իր հոգին:
Մեծ Պարնիի արփանուագ հովերը,
Կեղեւները մարդաբնակ ծառերու,
Ու վէտվէտուն ալիքները բառերու,
Սիրահագագ թախիծով
Տարի՜ն քերթողն ութսունամեայ
Լոյս ծերպերուն տիեզերքի,
Որ ալ հանգչի մարմինն անոր
Սիրով, ցաւով պարտասուն:
Բայց ան թաքուն օր մը նորէն պիտի գայ
Գիրքերու պարկը ուսին,
Բաշխելով Բանը կենաց
Մխիթարանքը անհուն`
Զրկեալին ու վիրաւորին
Թշուառին ու նահատակին:
Բարձրահմայ ուրուական
Ոչ մթութիւն, ոչ թոյն, ոչ սուգ կը բերէ,
Ոչ երկրաշարժ, ոչ հողի կորուստ:
Այսքան սուտէ ու սուգէ ետք
Թող ալ հասնին հոյլ հոյլ, մէկ-մէկ
մերթ մեղսավառ, մերթ անմեղ
Առաքեալները լուսոյ,
Մեզի ընծայուած
Քերթողները իմաստութեան աստուծոյ:
Թող Հողն ըլլայ մայրական գիրկ,
Ու երկինքը խաղաղ երդիք,
Խոհածորան Հայկեան որդի՛ ոսկեհունչ:
13 յունուար 2022