Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատը Այսօր. ԶՈՄ-ի Հարցազրոյցը Ներսէս Սարգիսեանին Հետ

Յունուար 14, 2022
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառոյցի մը, հաստատութեան մը կամ ընկերութեան մը գոյատեւումը երաշխաւորող ամէնէն հիմնական կռուաններէն մէկը ժամանակին հետ քայլ պահելն է, ռազմավարութիւնն ու աշխատելակերպի յարմարագոյն ձեւակերպումը որդեգրելը:

Դարերու պատմութիւն եւ տասնամեակներու ձեւակերպման կեանք ունեցող Հայ դատը յարատեւ այդ մարտահրաւէրին դէմ յանդիման կը գտնուի:

Այսօր, երբ չորս դին ախորժակներ կը սրուին եւ քուլիսներու ետին ու բացայայտօրէն նոր քարտէզագրումներ ու սահմանագծումներ տեղի կ՛ունենան, աւելի քան երբեք կարիքը կայ այդ մէկը իրագործելու` մեր ժողովուրդին ու պետականութեան ապահովութիւնը ամրագրելու համար:

Մեկնելով այս անհրաժեշտութենէն եւ այո բոլորը լուսարձակի տակ առնելու միտումով ԶՈՄ-ի Հրատարակչական յանձնախումբը հարցազրոյց կատարեց ազգային գործիչ Ներսէս Սարգիսեանի հետ:

Ստորեւ` հարցազրոյցը:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Տարիներու ընթացքին ի՞նչ ձեւեր ստացած է Հայ դատի ռազմավարութիւնը, եւ ինչպիսի՞ թեմաներու վրայ եղած է կեդրոնացումը:

ՆԵՐՍԷՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Հայ դատ հասկացողութիւնը միշտ զուգորդուած է պահանջատիրութեան ռազմավարութեան հետ, անկախ անկէ, որ ան` որպէս սահմանում, նոր է եւ քանի մը տասնամեակներու կեանք ունի միայն: Պահանջատիրութեան, ռազմավարութեան գործող ճամբար միշտ եղած է մեր ազգին մէջ պատմական տարբեր ժամանակահատուածներուն, նաեւ եղած է զիջողական ճամբար. այս վերջինը միշտ գերադասած է անձնականը, մարդկայինը` ազգայինի նկատմամբ, այս հասկացողութեամբ Վարդանանց ոդիսականի հեղինակները, Իսրայէլ Օրիի 17-րդ դարուն տարած աշխատանքները, Խրիմեան Հայրիկը, 19-րդ դարու վերջաւորութեան հայ ազգային կուսակցութիւններու հիմնադիրները, 1918 մայիս 28-ի անկախութիւնը կերտած հերոս սերունդը, ապա խորհրդային տարիներուն Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ազգային արժէքներու եւ իրաւունքներու համար պայքարող սերունդը, Արցախի ազատագրական պայքարը նախաձեռնողները… այս բոլորը կը պատկանին մեր ազգի մէջ պահանջատիրական ճամբարին:

20- րդ դարու 80-ական թուականներուն ՀՅԴ-ի որոշումով ստեղծուած  Հայ դատի յանձնախումբերու հիմնական աշխատանքները կեդրոնացած էին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար մղուող պայքարին շուրջ, նկատի պէտք է ունենալ, որ այդ ժամանակաշրջանին Հայաստանը անկախ չէր եւ մաս կը կազմէր Խորհրդային Միութեան:

ՀՀ վերանկախացումէն ետք Հայ դատի ռազմավարութիւնը ունեցաւ շատ աւելի ընդարձակ հասկացողութիւն հայ ազգի եւ մեր հայրենիքի` Հայաստանի եւ Արցախի շահերը պաշտպանելու ընդարձակ տրամագիծով:

Հ.- Արցախի վերջին իրադարձութիւններէն ետք ի՞նչ բնոյթ պէտք է ստանան Հայ դատի աշխատանքները, եւ ինչի՞ վրայ պէտք է կեդրոնանալ:

Ն. Ս.- 44-օրեայ արցախեան պատերազմէն եւ 2020 Նոյեմբեր 9-ի պարտուողական յայտարարութենէն ետք Հայաստանի ու հայութեան համար ստեղծուած է շատ բարդ եւ վտանգաւոր իրավիճակ. յստակ է, որ ՀՀ իշխանութիւնները կ’երթան արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի հարցով պարտուողական ընթացքով եւ կարծէք կ’ուզեն հայ հանրութիւնը ընտելացնել Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ պահելու գաղափարին հետ: Ցարդ ոչ մէկ հայաստանեան իշխանութիւն, նոյնիսկ` նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, այսքան բացայայտ պարտուողական եւ զիջողական ընթացք չէր ցուցաբերած, եւ բանակցային տարբեր փուլերուն միշտ անընդունելի եղած է հայկական կողմին համար Արցախը տեսնել Ազրպէյճանի կազմին մէջ եւ անտեսել արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը. այս իմաստով մենք կ’ապրինք մեր պատմութեան ամէնէն տժգոյն ժամանակահատուածներէն մէկը` Հայաստանի այս իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան պատճառով:

Այս իրականութիւնը շատ բարդ պիտի դարձնէ  Հայ դատի համար մղուող պայքարը, որովհետեւ Հայաստանի պետական այրերու վարած քաղաքականութիւնը կը հակադրուի պահանջատիրական ռազմավարութեան հետ: Այս պատկերը կարելի է փոխել միայն Հայաստանի մէջ իրագործելով արմատական փոփոխութիւններ` իշխանափոխութեան տեսքով:

Հ.- Ինչպէ՞ս կարելի է Հայ դատի հետ առնչուող աշխատանքներ տանիլ արաբական աշխարհէն ներս:

Ն. Ս.- Արաբական աշխարհին մէջ Հայ դատի ուղղութեամբ ծաւալուած աշխատանքները ունին տարբեր բնոյթ, այստեղ պէտք է կատարել քանի մը հաստատումներ.

ա.- Ազրպէյճանը եւ յատկապէս Թուրքիան տնտեսական, մշակութային, քաղաքական եւ երբեմն զինուորական ներկայութիւն են արաբական աշխարհէն ներս:

բ.- Անոնք այս տարածաշրջանէն ներս կը տանին ծրագրուած աշխատանք` իրենց դիրքերը զօրացնելու իմաստով:

գ.- Կրօնական ազդակը կարեւոր գործօն է ի նպաստ Թուրքիոյ, արաբ ժողովրդային լայն խաւերու մօտ:

դ.- Այստեղ տեղին է նշել, որ արաբական աշխարհէն ներս կան առանցքային երկիրներ, ինչպէս` Եգիպտոսը եւ Սէուտական Արաբիան, որոնց պետական շահերը կը հակադրուին Թուրքիոյ` արաբական աշխարհէն ներս ծաւալապաշտական քաղաքականութեան: Այստեղ Հայ դատի յանձնախումբերը կարեւոր ընելիք ունին` երբեմն դիմելով ուղղակի յարաբերական աշխատանքներու պետական շրջանակներու հետ եւ երբեմն ալ դիմելով անուղղակի քարոզչութեան: Այստեղ պարտաւոր ենք Հայկական հարցը ճիշդ ձեւով ներկայացնելու, անշուշտ այս աշխատանքները կը մնան ոչ ամբողջական, եթէ ռազմավարական եւ մարտավարական իմաստով համադրում չըլլայ Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ ՀՀ դեսպանատուներուն միջեւ:

Հ.- Հայ դատի հետ կապուած ինչպիսի՞ աշխատանք կրնայ տանիլ հայ ուսանողութիւնը համալսարաններէն ներս:

Ն. Ս.- Համալսարաններուն մէջ տարուելիք աշխատանքները շատ կարեւոր են, որովհետեւ, անկախ տուեալ արաբական երկրի քաղաքական վարչակարգի բնոյթէն, համալսարանները միշտ ունեցած են եւ ունին ազատութեան լուսանցք մը, որ լաւապէս պէտք է օգտագործել հայկական քարոզչութեան իմաստով. պայման է, որ հայ ուսանողութիւնը ըլլայ կազմակերպուած, իր առջեւ դնէ գործունէութեան ծրագիր եւ լաւագոյնս օգտագործէ տուեալ համալսարանին ընդձեռած քարոզչական հնարաւորութիւնները. այս պարագային յարատեւութիւնը եւ մնայուն ներկայութիւն ըլլալը անհրաժեշտութիւններ են:  Միշտ ի միտի պէտք է ունենանք, որ այստեղ նաեւ մեր դէմ կը գործեն թրքական պետական հսկայական հնարաւորութիւնները եւ միջոցները. փաստ է սակայն, որ հայկական կողմը շատ յաճախ համեստ կարելիութիւններով կրցած է հրաշքներ գործել այս բնագաւառէն ներս:

Հ.- Ինչպէ՞ս կարելի է Հայ դատը համազգային շարժումի վերածել, ուրկէ՞ պէտք է սկսիլ այդ աշխատանքին:

Ն. Ս.- Հայ դատը համազգային շարժումի վերածելու համար հիմնականը պէտք է սկսիլ կրթական համակարգի բարեփոխումներէն, դպրոցներէն. այստեղ է, որ պիտի սկսի ազգային արժէքներուն հաւատացող եւ այդ արժէքներուն համար պայքարող հայ մարդու տեսակի պատրաստութեան աշխատանքը: Բան մը, որուն նախապայմանը ազգային գաղափարախօսութեան հաւատացող եւ այդ գաղափարներով գործող հայրենի իշխանութիւններու առկայութիւնն է:

Նախորդը

Ստեղծագործութիւն

Յաջորդը

Փափաքները Իրականացնել Նոր Տարուան Ընթացքին

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?