Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
2022 տարին կրնայ հիանալի ըլլալ, եթէ յաջողիք իրականացնել ձեր փափաքները, ծրագիրները: Անշուշտ ըսելը շատ դիւրին է, սակայն` գործադրե՞լը…
Բրիտանական «Կարտիըն» թերթի ընթերցողներուն անձնական դժուարութիւններու մասին հարցումներուն ամէն շաբաթ կը պատասխանէ Ֆիլիփփա Փերի, որ հոգեբուժ եւ նորավէպերու հեղինակ է: Ստորեւ կը ներկայացնենք անցեալ շաբաթ անոր գրած յօդուածէն հատուած մը եւ անոր ընթերցողներու կարծիքներ:
Ն.
Ելէ՛ք Եւ Նոր Եռանդ Գտէ՛ք
«Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով արգելափակման սկիզբը, որպէսզի ամբողջ օրը առանձին չմնայի, ամուսինիս հետ գացի անոր արուեստանոցը:
Ես կրկին սկսայ խաղալ կաւի հետ, բան մը, որ ես շատ չէի ըրած տասնամեակներ առաջ արուեստի դպրոցը ձգելէ ետք:
Նոյն ժամանակ կը պատկերասփռուէր «Արուեստի ակումբ» յայտագիրը, որուն ընթացքին բազմաթիւ մարդիկ կը կապուէին եւ իրենց արուեստի գործերը կը ներկայացնէին:
Յաճախ, ինչպէս ես, անոնք երկար ժամանակ վրձին չէին բռնած, կամ առաջին անգամն էր, որ անոնք կը փորձէին նկարել:
Մենք այնքան շատ պատմութիւններ լսած ենք այն մասին, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ օգուտ կը քաղեն իրեր ստեղծելէ եւ վստահութիւն ձեռք բերելէ` այդ ընթացքին աւելի լաւը դառնալով, ես չէի կրնար չխանդավառուիլ` շարունակելու ինքզինքս նոյնպէս մղելով:
Ուրախութեամբ յայտնեմ, որ ես չեմ դադրեցուցած արուեստի աշխատանքս: Նոյնիսկ արգելափակումէն ետք ես շարունակած եմ:
Կտաւներու պատրաստութիւնը
Այս ամառ ընկերուհի մը կարիք ունէր որոշ վերացական ժամանակակից նկարի մը, որպէսզի իր բուժումի (therapy) կեդրոնը քիչ մը աւելի նուազ բուժարան թուի: Ինձմէ խնդրեց պատրաստել:
Որքա՞ն դժուար կրնայ ըլլալ, մտածեցի ես, առնել կտաւը եւ ներկել անոր վրայ:
Պարզուեցաւ, որ իսկապէս շատ դժուար է:
Ձեւերն ու գոյները դասաւորելը, որպէսզի անոնք ձեւով մը ճիշդ տեսք ունենան, տեւեց քանի մը ամիս, մինչեւ պատրաստեմ վեց կտաւներ, որոնք կը կարծէի, որ կրնային այնքան ալ գէշ չըլլալ:
Այժմ կեդրոնը ունի իմ ստեղծագործած կտաւներս, բայց ես չեմ կրնար կանգ առնել:
Ինչպէ՞ս դասաւորել ներկը եւ ձեւը, որպէսզի անիկա ճիշդ տեսք ունենայ, դարձած է մոլուցք:
Եթէ կ՛ուզէք, կրնաք անիկա զբաղում (հոպի) անուանել, բայց այդ բառը ինծի համար այնքան ալ լուրջ չէ:
Նոր բաներ սորվիլը կը ստիպէ մեզի աւելի համահունչ զգալ մեր մարմինին հետ, աւելի ներգրաւուած ըլլալ մեր միտքին հետ:
Մեր ժամանակը
«Աշխատանքի եւ քունի միջեւ կու գայ այն ժամանակը, որ մենք կ՛անուանենք մերը: Ի՞նչ ընենք այն ատեն», կը հարցնէ Լորի Լին 1939 թուականին պատրաստուած Համֆրի Ճենինկզի «Պահեստային ժամանակ» շարժապատկերին սկիզբը:
Այս 15 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէնը, այլ գործողութիւններու շարքին, կը ցուցադրէ` գաւազանով քալել, աղաւնիներ պահել, ցրուիչ աշխատիլ, շեփորախումբերու մէջ նուագել, երգչախումբերու մէջ երգել, քիչ մը դաշնամուր նուագել, մրցումներ կազմակերպել եւ պարել:
Մարդոց կարծիքներ
Ես կ՛ուզէի գիտնալ, թէ մարդիկ այժմ ինչպէ՞ս կ՛անցընեն այդ ազատ ժամանակը աշխատանքի եւ քնանալու միջեւ եւ ի՞նչ կը ստանան ատկէ: Ուրեմն այդ պարզելու համար ես հարցում ուղղեցի Թուիթըրին:
Ահաւասիկ` պատասխաններու պատահական ընտրութիւն.
«Իմ հիւսելով զբաղիլս շատ կարեւոր է ինծի համար. անիկա զիս կայուն պահեց վերջին անհանգստութեան, մտավախութեան ժամանակ»:
«Ես քիչ մը կը սիրեմ դդում աճեցնել: Կը զարմանամ, որ փոքր սերմէ մը այդքան մեծ բան կու գայ»:
«Սորվեցայ մուրճ, սղոց եւ այլ գործիքներ գործածել եւ սկսայ բաներ մը շինել: Շատ հետաքրքրական է»:
«Լեհերէն սորվեցայ: Ասիկա արթնցուց ուղեղս բաւական երկար մշուշէն, լաւացուց իմ յիշողութիւնս, ստիպեց ինծի հասկնալ, թէ մարդիկ որքա՛ն կը սիրեն իրարու հետ հաղորդակցիլ»:
«Իմ երեկոներուս մեծ մասը կ՛անցընեմ վիրչուըլ օդանաւորդութեան աշխարհին մէջ` շրջագայելով բազմաթիւ երկիրներու վերեւ… Իմ կատուներս ալ այդ կը սիրեն»:
«Ես շարժապատկեր դիտել շատ կը սիրեմ: Սկսայ դիտել անցեալի նշանաւոր շարժապատկերները: Սքանչելի էր»:
«Ջութակ նուագելը իմ ուղեղային եւ հոգեւոր գործունէութիւնս է: Ես կը զգամ, որ ընթերցանութիւնը զիս աւելի լաւ կ՛ընէ, քան` խաչբառերը®»:
«Ես սկսայ դաշնամուր նուագել սորվիլ հինգ տարի առաջ` որպէս սրտի ծրագրուած վիրահատութենէ շեղում: Այդ օրէն ես ամէն օր կը նուագեմ: Անիկա հանգիստ տեղ մըն է իմ գլխուս մէջ»:
«Մեր տան պարտէզին մէջ վրան մը լարեցի եւ փորձեցի սկաուտական բանակում մը ընել: Բացառիկ էր»:
«Առցանց սորվեցայ եոկայի վարժանքներ: Չէք կրնար երեւակայել, թէ որքա՛ն գոհ եմ»:
«Կերակուր եւ զանազան ուտելիքներ պատրաստել սորվեցայ, քիչ մը գիրցայ, բայց վնաս չունի…»:
«Ունեցած եմ հնագիտութեան հանդէպ ցմահ կիրք, եւ այժմ ես աւելի տարեց եմ ու աւելի կը տարուիմ հնագիտութեամբ: Կը հարստացնէ ձեր կեանքը, ո՛ւր ալ երթաք »:
«Ձիավարութիւն. լաւագոյն բուժումը… Միակ գործունէութիւնը, երբ ես կեանքիս մէջ ուրիշ ոչ մէկ բանի մասին կը մտածեմ, բացի ձիէն եւ իմ շրջապատէս»:
«Ձկնորսութիւն. այն պահն է, երբ ամէն բանէ կ՛անջատուիմ, ո՛չ մէկ հարց, ոչ մէկ տաղտուկ»:
«Իմ հետաքրքրութիւնս տեղական աղբ հաւաքող կամաւոր խումբ ղեկավարելն է: Ես կը սիրեմ հանդիպիլ նոր մարդոց եւ մաքրել շրջանս»:
Մեծ գործունէութիւն
Մեր կողմէ իրականացուող տարբեր գործողութիւններու բազմազանութիւնը հսկայական է:
Մենք կը հաւաքենք ամէն բան` վիեննական ապակիէն մինչեւ խանութներու ցուցակները, մենք կը սորվինք այնպիսի տարբեր բաներու մասին, ինչպիսիք են առջեւի սողունը կամ չինական գեղագրութիւնը:
Մենք կը հիւսենք, ձկնորսութիւն կ՛ընենք, կը քալենք, դեռ` թատերական սիրողական ներկայացում կը բեմադրենք եւ կը զբաղինք: Աւելի կը լաւանանք այդպէս:
Մեզի համար լաւ է բանի մը մէջ աւելի հմտանալը եւ նոր բաներ սորվիլը:
Անիկա կը ստիպէ մեզի` աւելի ներդաշնակ զգալ մեր մարմինին հետ, աւելի ներգրաւուած ըլլալ մեր միտքին հետ եւ աւելի շատ կապուած ըլլալ մեր աշխարհին հետ:
Եւ ես իսկապէս ջերմացայ ու յուզուեցայ, որ ինծի պատասխանողները իրենց հետաքրքրութիւններէն, եռանդէն, ժամանցէն եւ հոպիներէն հաճոյք ստացած են:
Կը խորհիմ, թէ հաւանաբար ամէնէն կարեւորը, որ մենք կը ստանանք այն բաներէն, որոնք կը սիրենք ընել, բայց պարտաւոր չենք ընել, նպատակն է եւ իմաստը:
Աւելի դժուար է ընկճուիլ, երբ կը զգաս, որ այդ երկու բանը ունիս քու կեանքիդ մէջ:
Երբեմն մենք կը սխալինք հաւատալով, որ անիկա ընելու համար պէտք է լաւ ըլլանք, բարեբախտաբար, համայնքի երգչախումբի վերաբերմունքը, որուն ես միացած եմ, այդպէս չէր: Ես մեծ բարելաւումներ չեմ ըրած իմ երգարուեստիս մէջ, բայց ինծի հաճելի թուացած է միացեալ ջանքերուն մէկ մասը, եւ ունեցած եմ լաւ ընկերներ:
Կ՛ակնկալեմ, որ դուք ծանօթ էք «Յարմարաւէտ գօտի» հասկացողութեան:
Կան որոշ բաներ, որոնց մէջ մենք վստահ կը զգանք, որոշ բաներ` որոնք մենք կը տատանինք փորձել:
Մեր յարմարաւէտութեան գօտիներէն շատ հեռու կան նպատակներ, որոնք մենք կրնանք գրաւիչ համարել, բայց չենք համարձակիր մօտենալ:
Թերեւս 2022 թուականին մենք կը համարձակի՞նք:
Ոչ բոլորը մէկ ոստումով, այլ` աստիճանաբար` ընելով այն, որուն մասին մենք պարզապէս կը տատանինք` որպէս հանգուցային քար:
Երբ դուք բան մը կ՛ընէք ոլորտի մը մէջ, ըսենք, կը սորվիք ճիշդ վարել հեծանիւ, զարմանալին այն է, որ այդ իրողութիւնը անընդհատ կը բարելաւէ ընդհանուր վստահութիւնը նոյնպէս այլ ոլորտներու մէջ:
Թերեւս հեծանիւ վարել սորվելէ ետք փորձե՞նք միանիւ հեծանիւ, յետոյ սահնակ…:
Կամ արաբերէն սորվիլը, կամ` այն, որ գրաւիչ է:
Մենք հակուած ենք մտածելու, որ ճնշուածութիւնը վատ է, բայց կայ լաւ ճնշում: Անիկա դրական խթան կը ստեղծէ` մղելով մեզ նոր բաներ սորվելու եւ ստեղծագործելու, բայց` ոչ այնքան ճնշող, որ մեզ խուճապի մատնէ:
Բաներ մը սորվիլը մեզի կը ստիպէ ձեւաւորել ջիղերու նոր կապեր, եւ որքան շատ ունենանք, աւելի լաւ է:
Եթէ ձեր ուղեղին մէկ մասը, Աստուած մի՛ արասցէ, մահանայ, որքան ջիղերու կապեր շատ ունենաք, այնքան շուտ ուղեղին միւս մասերը կրնան միանալ վնասուած հատուածը շրջանցելու համար:
Այսպիսով, եկէք` սորվինք, ջիղերու կապեր հաստատենք եւ նոր գոհացում ձեռք բերենք ժամանցէն, հմտութիւններէն, հետաքրքրութիւններէն եւ ուսմունքէն:
Ըրէ՛ք նոր բան մը, կամ կառուցեցէ՛ք այն, որ արդէն ունիք:
Ինչպէս Լին ըսաւ Ճենինկզի ժապաւէնին վերջաւորութեան. «Ազատ ժամանակը այն ժամանակն է, երբ մենք կարելիութիւն ունինք ընելու այն, որ մեզի հաճելի կը թուի, կարելիութիւն` առաւելագոյնս մե՛նք ըլլալու»:








