Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստեղծագործութիւն

January 14, 2022
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՅԻՐԱ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ

Մանկապարտէզն էք. այնտեղ քեզի կու տան տուփ մը` լեցուն գունաւոր ներկերով, դատարկ ու սպիտակ էջ մը եւ այդ բոլորը կը յանձնեն քու լայն ու խորունկ երեւակայութեանդ: Այժմ կրնաս գծել եւ գունաւորել այն, ինչ կուզես կամ կը փափաքիս:

Սա իրավիճակ մըն է, երբ դուն առիթ կ՛ունենաս քու ստեղծարար ոգիիդ փորձարկման: Ամէն ինչ կը սկսի այն ազատութեամբ, որով դուն կը միտիս ստեղծել այն, ինչ կ՛ուզես:

Այդ մէկը կը զարգանայ ամէն անգամ, երբ կը խաղաս զարմիկիդ հետ տան մէջ` ձեւացնելով, որ մայր ես, կին, ուսուցիչ կամ այն, ինչ կ՛ուզես դառնալ:

Յետադարձ հայեացք մը նետելով` ստեղծարարութիւնը մեզի համար պարզապէս խաղ մըն էր, որ մեր կեանքը դարձուց աւելի զուարճալի ու յուզիչ եւ դարձաւ մեր փախուստը դէպի Փիթըր Փանի «Նեւըրլանտ»-ը:

Եկէք` ժամանակով յառաջ երթանք դէպի հասուն տարիք:

«Ստեղծարարութիւնը կը սահմանուի որպէս գաղափարներ, այլընտրանքներ կամ հնարաւորութիւններ յառաջացնելու կամ ճանչնալու միտում: Այս բոլորը կրնան օգտակար դառնալ խնդիրներ լուծելու, ուրիշներու հետ յարաբերելու ու մենք զմեզ եւ ուրիշները զուարճացնելու համար»:

Այս սահմանումը առանձինն կրնայ ջղագրգիռ դարձնել մարդս: «Ստեղծել, ճանչնալ, լուծել, հաղորդակցիլ, զուարճացնել»…

զուարճացնել…

Բայց ստեղծագործ ըլլալը որքա՜ն դիւրին էր, երբ մենք երեխայ էինք: Ի՞նչ փոխուեցաւ սակայն հիմա: Արդեօք տարիքը կ՛ազդէ՞ մարդու ստեղծարարութեան վրայ:

Մեծնալ` կը նշանակէ աւելի ու աւելի շատ պարտականութիւններ եւ պարտաւորութիւններ ունենալ: Կը սկսինք «առօրեայի մէջ փակուելու» կեղծ անհրաժեշտութիւն մը ունենալու, երկար տարիներ աշխատելու նոյն աշխատավայրին մէջ, գումար վաստակիլ, ծախսելու այդ ամէնը, եւ շրջանառութիւնը կը կրկնուի: Մենք երբեք չենք փորձեր խախտել մեր առօրեան: Ան կը դառնայ մեր հանգստութեան գօտին:

Ի՞նչ է հանգստութեան գօտին:

Թշնամին է ստեղծարարութեան:

Չեմ ուզեր ըսել, թէ տարիքն է, որ մեզ աւելի քիչ ստեղծագործ կը դարձնէ:

Սկսէք պարզապէս տրամաբանել, թէ ինչպէս չափահասութիւնը կրնայ սահմանափակել ձեր ստեղծագործական ունակութիւնները: Այդ մէկը բաւարար է, որ դուք փոփոխութեան մը դիմէք:

Այս մէկը ըմբռնելէ ետք կրնաք աշխատիլ ձեր ներքին երեխայի ստեղծագործական ունակութիւնները վերադարձնելու վրայ:

Ձեր մտքերու լաւ ունկնդիր մը եղէք: Օրական քանի՞ անգամ ձեր միտքէն տարօրինակ գաղափարներ կ՛անցնին: Ինչո՞ւ անմիջապէս կ՛անտեսէք այդ միտքերը: Արդեօք այն պատճառո՞վ, որ անոնք իմաստ չունին, թէ՞ որովհետեւ այդ գաղափարը չ՛ընդունուիր հասարակութեան կողմէ:

Վստահութիւնը այստեղ նոյնպէս կարեւոր դեր կը խաղայ:

Վստահեցէք ձեր ունակութիւններուն, որովհետեւ այդ վստահութիւնն է, որ թռիչք պիտի տայ ձեր ստեղծարար ոգիին:

Երբեք չէք կրնար վստահ ըլլալ, թէ ձեր ունեցած գաղափարը լա՞ւ է, թէ՞ վատ. բայց մտածեցէք այն բոլոր ջանքերուն մասին, զորս դուք ներդրած էք այդ գաղափարը գտնելու համար: Յառաջընթաց է այդ մէկը: Եւ ձեր ձեռք բերած յառաջընթացը պարգեւատրելու միջոց մըն է ձեր գաղափարին առիթ մը տալը:

Ո՞ւր է այն երեխան ձեր մէջ: Դուրս բերէք զայն: Ստեղծարարութիւնը ձեր ամէն մէկ ըրածով զուարճանալն է: Այլ խօսքով` ձեր մտքին մէջ եղած բոլոր սահմանները ոչնչացնելը եւ ձեր անսովոր մտքերը առաջնորդ դարձնելը: Համադրեցէք ձեր գաղափարները եւ ամբողջացուցէք զանոնք անզուգական ձեւով մը:

Եթէ նստիք, հանգստանաք եւ չմտահոգուիք արդիւնքով, գաղափարները ինքնեկ ու բնական կը դառնան:

Եղէք յամառ:

Ստեղծարարութիւնը ձեր գաղափարները զարգացնելու երկարատեւ աշխատանքն է: Այդ մէկը չի կրնար տեղի ունենալ մէկ գիշերուան ընթացքին:

Ձեր առաջին գաղափարը անշուշտ որ պիտի ըլլայ փոքրիկ, շա՛տ փոքրիկ կտոր մը, որ օրերու ընթացքին պիտի վերածուի փազըլի: Եթէ դուք կ’ուզէք աւարտել այդ փազըլը, պէտք է շարունակէք փնտռել փոքրիկ միւս կտորները եւ զանոնք միասին ու քով-քովի դնել: Անհրաժեշտ է չյանձնուիլ եւ քաջալերել դուք ձեզ:

Երբ յոգնած զգաք, դադար մը առէք, իջէք տունէն, այնուհետեւ վերադարձէք թարմ մտքով եւ վերսկսէք ձեր մտային փոթորիկը:

Չվախնաք ձախողելէ:

Սխալները յառաջացման կարեւոր մէկ մասն են: Իրականութեան մէջ սխալները լաւ են, անոնք կը սորվեցնեն ձեզի:

Պարզապէս գիտակցէք, որ դուք չէք արձանանար, այնքան ատեն որ կը մեծնաք: Դուք դեռ ստեղծագործ էք… պարզապէս դուք պէտք է հաւատաք ձեր ունակութիւններուն, վստահիք ձեր ներգիտակցութեան եւ համարձակիք տարբերելու` յառաջ մղելով ձեր ստեղծագործական գաղափարները:

Եւ կարեւորագոյնը, կը խնդրեմ, չանտեսէք ձեր ներքին երեխայի կրկին ստեղծագործ ըլլալու մղումը:

 

Նախորդը

Մանուկներու Առողջ Սննդականոնը

Յաջորդը

Հայ Դատը Այսօր. ԶՈՄ-ի Հարցազրոյցը Ներսէս Սարգիսեանին Հետ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

October 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

October 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

August 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.