Քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի խումբին կողմէ հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը երկարաձգեց ֆրանսացի յետսապահ Սամուէլ Ումթիթիի գործող պայմանագրութիւնը:
28 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2026: Նախկինը նախատեսուած էր մինչեւ յունիս 2023:
Նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստը համաձայն գտնուած է վարձատրութեան կրճատման:
Ըստ ոչ պաշտօնական տուեալներու, Ումթիթիի տարեկան աշխատավարձը կը կազմէ 20 միլիոն եւրօ, ներառեալ` տուրքերը:



