Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Տինամօ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը Անդրանիկ Պէյրութէն` 90-80 արդիւնքով (17-27, 12-24, 30-20 եւ 21-19):
Նշենք, որ իր կատարած նախորդ տասը մրցումներուն բոլորին ալ Տինամօ արձանագրած էր նոյնքան յաղթանակ:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Անդրանիկէն Ժան-Մարք Ժարրուժ (34 կէտ):