Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին կայքը կը տեղեկացնէ, որ Եւրոպայի գեղասահքի ախոյեանութեան Հայաստան պիտի ունենայ երեք մասնակից:
Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալիննի մէջ 12 յունուարին սկսելիք Եւրոպայի այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 123 մարզիկներ:
Հայաստանի ներկայացուցիչները պիտի ըլլան մենասահորդ Սլաւիկ Հայրապետեան, ինչպէս նաեւ Թինա Կարապետեան-Սիմոն Սենեկալ պարի զոյգը:
Նշենք, որ վերոնշեալ երեքը նախորդ սեպտեմբեր 2021-ին գերմանական Օպերսթտորֆ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած վարկանշային մրցաշարքին ապահովեցին ողիմպիականի տոմսեր եւ կը նախապատրաստուին Պէյճինկի խաղերուն: