Նախորդ շաբաթավերջին Քանատայի տղոց թենիսի ազգային խումբը տիրացաւ Սիտնիի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցած «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ. Քափ»-ի թենիսի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին` աւարտականի մրցումին 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սպանիոյ:
Նշենք, որ կիսաւարտական մրցումներուն գծով Քանատա 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ռուսիոյ, որ նախորդ տարուան տիտղոսակիրն էր: