Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հունգարիոյ Վարչապետի Գրասենեակը «Դիւանագիտական Յաջողութիւն» Որակած Է Իրենց Միջնորդութեամբ Ազրպէյճանէն 5 Հայ Պատերազմական Գերիներու Հայրենիք Վերադարձը

January 5, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հունգարական «Վասառնափ» ամսագիրը զրուցած է Հունգարիոյ վարչապետի գրասենեակի` հալածեալ քրիստոնեաներուն աջակցութեան եւ «Հունգարիան կ՛օգնէ» ծրագիրի գործադրման հարցերով պետական քարտուղար Ազպեճ Թրիսթանի հետ` անդրադառնալով դեկտեմբերի վերջաւորութեան Հունգարիոյ աջակցութեամբ Ազրպէյճանէն հինգ հայ պատերազմական գերիներու վերադարձին եւ, ընդհանուր առմամբ, հայ-հունգարական յարաբերութիւններուն:

Հունգար պաշտօնատարը շեշտած է, որ ներկայիս «Հունգարիան կ՛օգնէ» ծրագիրի ծիրին մէջ երկիրը կ՛օգնէ հաւատքի` քրիստոնէութեան պատճառով հալածուողներուն, ներառեալ` հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն: Անոր համաձայն, այդ հոլովոյթը սկսած է 2017-ին` Սուրիոյ մէջ, ուր ծրագիրը օգնած է հայ աւետարանական եկեղեցիին, ապա հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ:

Ապա վարչապետի գրասենեակի ներկայացուցիչը անցում կատարած է իր երկրին միջնորդութեամբ 29 դեկտեմբերին հայ պատերազմական գերիներու հայրենիք վերադարձին:

«Այս նշանակալից իրադարձութեան ճամբուն առաջին կանգառը եղած է 24-28 յունիսի 2021-ը, երբ փոխվարչապետ Ժոլթ Շեմիենի հետ Հայաստան` Էջմիածին այցելեցինք հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հրաւէրով: Երկար նախապատրաստութիւններէ ետք տեղի ունեցաւ հունգարական առաջին նշանակալից հաղորդակցութիւնը հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետ… Ճիշդ այս հանդիպումի ընթացքին Գարգեին Բ. կաթողիկոսը իր խնդրանքը յայտնեց մեզի` փորձելով որեւէ ձեւով օգնել հայ քրիստոնեաներուն», նշած է Թրիսթան:

Պատասխանելով լրագրողի այն նկատառումին, որ եկեղեցւոյ հետ հանդիպումներէն ետք, ինչպէս նաեւ հայ պատերազմական գերիներու վերադարձէն ետք, տպաւորութիւն կայ, թէ հայ-հունգարական յարաբերութիւնները կ՛ամրապնդուին նաեւ պետական մակարդակով, պաշտօնատարը ըսած է. «Խօսքը երկար ու շատ զգայուն հոլովոյթի մասին է, որուն մէջ 2021 թուականի ամրան վերոյիշեալ հանդիպումը շատ դրական շրջադարձ բերաւ… Հունգարիան կրցաւ իբրեւ միջնորդ հանդէս գալ հայ-ազրպէյճանական զգայուն եւ լարուած կացութեան մէջ, որ շատ յայտնի է մամուլէն: Ատոր եւ սուրբ աթոռի բարեխօսութեան շնորհիւ հինգ երիտասարդ զինուորները այժմ կրնան Ս. Ծնունդը անցընել տունը` իրենց ընտանիքներուն հետ, ինչ որ մեծ բան է»:

Պաշտօնատարը պատերազմական գերիներու հայրենիք վերադարձի հարցին մէջ իբրեւ կարեւոր գործօններ նշած է ազրպէյճանական-հունգարական լաւ յարաբերութիւնները, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ կառավարութեան արտակարգ բացութիւնն ու բարեկամական համագործակցութիւնը:

«Պէտք է նաեւ անուն-մականունով նշեմ այս հոլովոյթի առանցքային դերակատարներէն մէկը` Աշոտ Սմբատեանը` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հայ-հունգարական յարաբերութիւններու գծով գլխաւոր խորհրդականը, որ նախապէս եղած է Պերլինի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան», նշած է Թրիսթան:

Հունգար պաշտօնատարը նաեւ ըսած է, որ զինուորներու բարեյաջող վերադարձը տուն համընկնած է Հունգարիոյ կողմէ Հայաստանին «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթերու նշանակալի քանակի նուիրատուութեան հետ: Խօսքը 100000 դեղաչափ «ԱսթրաԶենիքա» պատուաստանիւթի նուիրատուութեան մասին է:

 

Նախորդը

«Կը Սեղմենք Բանակին Ձեռքը Եւ Կը Զօրակցինք Անոր Քայլերուն» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Յաջորդը

Աքար. «Մենք Կը Հաւատանք, Որ Զանգեզուրի Եւ Լաչինի Միջանցքներուն Առնչուած Քննարկումները Իրենց Լուծումը Պիտի Գտնեն»

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.