Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարելի՞ Է Երջանիկ Կեանք Մը Ապրիլ

Դեկտեմբեր 31, 2021
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մարդիկ կը վազեն երջանկութեան ետեւէն` կարծելով, թէ ան կը փախչի եւ հեռաւոր վայր մը կ՛երթայ, մինչ երջանկութիւնը մեր մէջն է: Այլ տեղեր փնտռելու պէտք չունինք, պէտք չունինք վաղուան սպասելու:

Դարերու ընթացքին փիլիսոփաներ, հոգեբաններ, բանաստեղծներ այս բնաբանով հետաքրքրուած են, ուսումնասիրական եւ գեղարուեստական գործեր հեղինակած: Անշուշտ չսպառող նիւթ մըն է, որուն մասին վերջերս յօդուած մը հրապարակած է TeensHealth կայքը: Կ՛արժէ փորձել  մասնագէտներու թելադրութիւնները:

Ն.

 

Ինչպէ՞ս Ապրիլ Երջանիկ Կեանք Մը

Մենք բոլորս կ՛ուզենք երջանիկ ըլլալ:

Բայց մենք երբեմն կը մտածենք երջանկութեան մասին` որպէս բան մը, որ մեզի կը պատահի, եւ որ մեր հակակշիռին տակ չէ: Դիւրին է երջանկութեան գաղափարը կապել այն իրավիճակին, որուն մէջ մենք կը գտնուինք:

Կրնանք մենք մեզի ըսել. «Եթէ  ամէն բան այլ կերպ ըլլար, ես երջանիկ կ՛ըլլայի»:

Բայց իրականութեան մէջ երջանկութիւնը այդպէս չէ:

Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ երջանկութեան փոքր մասը (շուրջ 10 առ հարիւր) կախեալ է մարդուն իրավիճակէն:

Այսպիսով, ուրկէ՞ կու գայ մեր երջանկութեան մեծ մասը:

Երջանի՞կ ծնած

Երջանկութեան մէկ մասը կախեալ  է անհատականութենէն:

Որոշ մարդիկ բնականօրէն երջանիկ բնաւորութիւն ունին: Մենք բոլորս գիտենք մարդիկ, որոնք իրենց ժամանակին մեծ մասին մէջ կենսուրախ եւ լաւատես են: Անոնց լաւատես բնաւորութիւնը կը դիւրացնէ անոնց երջանիկ ըլլալը:

Ուրեմն այդ ի՞նչ կը նշանակէ այն մարդոց համար, որոնք ծնած են անտրամադիր բնաւորութեամբ:

Անոնք կրնան տեսնել մարդոց եւ իրավիճակներու թերութիւնները` լաւին փոխարէն: Անոնց տրամադրութիւնը կրնայ աւելի յաճախ մռայլ ըլլալ, քան ուրախ: Բայց եթէ անոնք կ՛ուզեն աւելի երջանիկ ըլլալ (իսկ ո՞վ չ՛ուզեր), հնարաւոր է հասնիլ այնտեղ:

Մասնագէտները պարզած են, որ երջանկութեան կէսէն աւելին կախուած է այն բաներէն, որոնք իրականութեան մէջ կը գտնուին մեր հակակշիռին տակ:

Ասիկա իսկապէս լաւ նորութիւն է. կը նշանակէ, որ բոլորը կրնան աւելի երջանիկ ըլլալ:

Ինչպէ՞ս կ՛ապրինք ամէն օր

Մեր երջանիկ ըլլալու մեծ մասը կախուած է մեր մտածելակերպէն, սովորութիւններէն, որոնք մենք կը կիրարկենք, եւ անկէ, թէ ինչպէ՛ս կ՛ապրինք ամէն օր: Սորվելով երջանկութեան հիմնական բաղադրիչները` մենք կրնանք ատոնք գործածել աւելի երջանիկ դառնալու համար:

Ինչո՞ւ կարեւոր է երջանկութիւնը

Երջանկութիւնը աւելին է, քան` լաւ զգացողութիւնը կամ ժպիտը:

Երջանկութիւնը ձեր կեանքը իսկապէս վայելելու զգացումն է եւ զայն լաւագոյնս գործածելու ցանկութիւնը: Երջանկութիւնը «գաղտնի համեմն» է, որ կրնայ օգնել մեզի ըլլալ եւ ընել առաւելագոյնը:

Ահաւասիկ թէ ի՛նչ պարզած են հետազօտողները` ուսումնասիրելով երջանիկ մարդիկը.

  • Երջանիկ մարդիկ աւելի յաջողակ են:
  • Երջանիկ մարդիկ աւելի դիւրին կը հասնին իրենց նպատակներուն:
  • Երջանիկ մարդիկ աւելի առողջ են:
  • Երջանիկ մարդիկ աւելի երկար կ՛ապրին:
  • Երջանիկ մարդիկ աւելի լաւ յարաբերութիւններ ունին:
  • Երջանիկ մարդիկ աւելի լաւ կը սորվին:

Երջանիկ կեանքի համար էական տարրեր

Երջանկութիւնը այնքան կարեւոր է մեր կեանքին մէջ, որ անիկա ունի իր հետազօտութեան ոլորտը, որ կը կոչուի դրական հոգեբանութիւն: Այս ոլորտի մասնագէտները պարզած են, որ կան հիմնական բաներ, որոնք մարդիկը աւելի երջանիկ կը  դարձնեն:

Դրական զգացումներ

Ուրախութիւն, երախտագիտութիւն, սէր, հիացում, հաճոյք, զուարճաբանութիւն, հիւմըր, խանդ, կարեկցանք, յոյս, ստեղծագործ ոգի, հետաքրքրութիւն, յուզմունք, վայելք, հանդարտութիւն:

Մենք բոլորս կը սիրենք ունենալ այս դրական զգացումները:

Բացի լաւ զգալէ` դրական ապրումները լաւ բաներ կ՛ընեն մեր ուղեղի եւ մարմնին համար:

Անոնք կը նուազեցնեն ճնշուածութեան հորմոնները, կ՛օգնեն թեթեւցնել անհանգստութիւնն ու ընկճուածութիւնը եւ բարելաւել մեր դիմադրողական համակարգը:

Ամէն օր որոշ դրական յոյզեր զգալը մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ մեր երջանկութեան եւ բարեկեցութեան վրայ:

Ահա թէ ինչո՛ւ շատ կարեւոր է ընել այնպիսի բաներ, որոնք մեզի դրական զգացումներ կը հաղորդեն:

Նոյնիսկ պարզ գործողութիւնները, ինչպիսիք են երեխայի կամ ընտանի անասունի մը հետ խաղալը կամ դուրսը զբօսնելը, կրնան ներշնչել այս զգացումները:

Գիտնալ` ինչպէ՛ս կառավարել ձեր ժխտական յոյզերը, նոյնպէս երջանկութեան բանալին է: Դժուար զգացումները կեանքի փաստ են: Բայց այն, թէ ինչպէ՛ս մենք կը վարուինք  ատոնց հետ, ամէն բան կը փոխէ:

 

Ուժեղ կողմեր եւ հետաքրքրութիւններ

Այն, որուն մէջ մենք լաւ ենք եւ կը սիրենք ընել, մեր ուժեղ կողմերն են: Մենք բոլորս ալ ունինք ուժեղ կողմեր, նոյնիսկ եթէ զանոնք դեռ չենք յայտնաբերած:

Ուժեղ կողմերը կը ներառեն`

– Այն, ինչ որ մեզ կը հետաքրքրէ, օրինակ` երաժշտութիւն, արուեստ, գիտութիւն, իրեր կառուցելը, ուտելիք պատրաստելը, ընթերցանութիւնը:
– Մեր ունեցած հմտութիւնները, օրինակ` նկարել, նուագել կամ մարմնամարզ ընել:
–  Մեր լաւ յատկութիւնները, ինչպիսիք են` բարութիւնը, հիւմըրը կամ առաջնորդելու կարողութիւնը:

Ուժ եւ երջանկութիւն

Երջանկութիւնը կը մեծնայ, երբ մենք կը յայտնաբերենք ներքին ուժ եւ կը կիրարկենք այն: Որքան շատ մենք կը կիրարկենք ուժը, այնքան աւելի լաւ կ՛ըլլանք, մինչեւ որ անոր իսկապէս տիրապետենք:

Երբ մենք իսկապէս կ՛ընենք լաւ բան մը, որ մեզի հաճելի է, մենք անոր մէջ կրնանք կորսուիլ: Այդ մէկը կը կոչուի հոսք: Հոսքը զգալը կ՛օգնէ բարձրացնել երջանկութիւնը:

Մեր ուժեղ կողմերը գործածելու առօրեայ ուղիներ գտնելը երջանիկ կեանքի հիմնական տարրն է:

Լաւ յարաբերութիւններ

Մեր կեանքին մէջ մարդիկ կարեւոր են: Լաւ յարաբերութիւնները երջանկութիւն, առողջութիւն եւ բարեկեցութիւն վայելելու լաւագոյն միջոցներէն են:

Որոշ յուզական հմտութիւններու զարգացումը կրնայ օգնել մեզի` ձեւաւորելու եւ պահպանելու լաւ յարաբերութիւններ:

Երբ մենք մեր կեանքին մէջ մարդոց կողքին ենք, եւ երբ անոնք մեր կողքին են, մենք աւելի տոկուն ենք, հնարամիտ եւ յաջող:

Ահաւասիկ` որոշ հմտութիւններ, որոնք կ՛օգնեն մեզի լաւ յարաբերութիւններ կառուցել.

  • Սորվիլ` ինչպէ՛ս հասկնալ եւ արտայայտել մեր զգացումները:
  • Կարեկցիլ` հասկնալու համար, թէ ի՛նչ կը զգայ ուրիշը:
  • Բարութեան կիրարկում:
  • Երախտագիտութիւն ցուցաբերել:
  • Զարգացնել ինքնավստահութիւն` ըսելու այն, որ կ՛ուզենք եւ ինչ պէտք է:

Կեանքի մէջ իմաստ եւ նպատակ գտնել

Մեր կեանքը կրնայ ծանրաբեռնուած ըլլալ առօրեայ գործունէութեամբ եւ պարտականութիւններով: Մեզմէ շատեր կը կատարեն բազմաբնոյթ առաջադրանքներ, ուրեմն կրնանք յառաջանալ` մտածելով յաջորդ վայրին մասին, ուր պէտք է ըլլանք:

Դանդաղիլն ու ուշադրութիւն դարձնելը, թէ ի՛նչ կ՛ընենք եւ ինչո՛ւ, երջանկութիւն կը ստեղծեն:

Ուշադրութիւն դարձուցէք ձեր գործողութիւններու հետեւանքներուն:

Ուշադրութիւն դարձուցէք այն ուղիներուն (մեծ կամ փոքր), որոնցմով դուք փոփոխութիւններ կը կատարէք: Ապրեցէք կեանքը` հիմնուելով ձեզի համար կարեւոր արժէքներու վրայ: Ժամանակ յատկացուցէք մտածելու, թէ ի՛նչն է իսկապէս կարեւոր ձեզի համար (օրինակ` օգնել ուրիշներուն կամ պաշտպանել մոլորակը):

Ինչպէ՞ս աշխարհը աւելի լաւ դարձնել կը ցանկաք:

Ուշադրութիւն դարձուցէք առօրեայ փոքր գործողութիւններու, որոնք ձեզ կը մղեն  այդ ուղղութեամբ: Անոնք կ՛օգնեն ձեր կեանքին` իմաստաւորելու եւ մեծցնելու երջանկութիւնը:

Նուաճում

Երբ մեր կեանքը հարուստ է դրական յոյզերով, հիանալի յարաբերութիւններով, գործնականին մէջ կիրարկելու ուժեղ կողմերով եւ նպատակի զգացումով, մենք պատրաստ ենք իրագործելու բաներ:

Նպատակներ դնելը եւ հասնիլը մեզի կու տայ բան մը, որուն վրայ պէտք է ներդնենք մեր եռանդը, ուժը: Անիկա թոյլ կու տայ մեզի տեսնել, թէ ինչպէ՛ս մենք փոփոխութիւն կը մտցնենք:

Ջանք գործադրեցէք ձեզի համար կարեւոր բաներու վրայ:

Ամէն բան ըրէ՛ք այն բոլորին մէջ, որ կը փորձէք, առանց կատարեալ ըլլալու կարիքի: Եթէ ամէն բան սկիզբը չի յաջողիր, պահպանեցէ՛ք լաւատեսական մտածելակերպ եւ կրկին փորձեցէ՛ք:

Հաւատացէ՛ք դուք ձեզի եւ ձեր երազներուն:

Սահմանեցէ՛ք իրատեսական նպատակներ եւ փոքր քայլեր` երազները իրականութիւն դարձնելու համար:

Յաջողութիւնը աւելի քաղցր դարձնելու համար նշեցէ՛ք այն ձեզի համար թանկագին մարդոց հետ:

Աւելի երջանիկ եղէք

Դուք կրնաք սորվիլ` ինչպէ՛ս աւելի երջանիկ ըլլալ` կառավարելով ձեր մտածելակերպը, հանգստացնելով ձեր միտքը, դառնալով աւելի ինքնավստահ, գործածելով ձեր ուժեղ կողմերը, կառուցելով ձեր ինքնագնահատականը, ընելով այն, ինչ որ ձեզի հաճելի կը թուի եւ ստեղծելով լաւ յարաբերութիւններ:

Ուրեմն շատ բաներ կան մտածելու:

Դուք չէք կրնար բոլորը միասնաբար լուծել: Բայց դուք կրնաք սկսիլ փոքրէն եւ ընտրել բան մը, որուն վրայ պէտք է աշխատիլ:

Նպատակին հասնիլ

Որեւէ նպատակի հասնելու լաւագոյն միջոցը փոքր, որոշ գործողութիւններէ սկսիլն է: Որոշ ժամանակ այդպէս ընելէ ետք անոնք կը դառնան սովորութիւններ, բաներ, որոնք կը տեղաւորուին ձեր օրուան մէջ` առանց անոնց մասին շատ մտածելու:

Ասիկա այն ժամանակն է, երբ դուք կ՛անցնիք  ամէնօրեայ նոր սովորութիւն կառուցելուն:

Փոքր, որոշ նպատակներու հասնիլը կրնայ մեծ երջանկութիւն բերել:

 

Նախորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Յաղթանակի Եւ Պարտութեան Հնարաւորի Արուեստը

Յաջորդը

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?