Մենք ուշադիր կը հետեւինք Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութեան եւ մնայուն կապի մէջ ենք հայկական կողմին հետ: Վերջերս վերադարձած եմ Երեւանէն, ուր երկրի ղեկավարութեան հետ հանգամանօրէն քննարկած եմ տիրող կացութիւնը: Այս մասին «Դաշնակիցներ ՀԱՊԿ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս:
«Բարձր կը գնահատեմ ջանքերը Ռուսիոյ, որ շատ կարեւոր խաղաղապահ առաքելութիւն կը կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, եւ կողմերուն համաձայնութեամբ, գործնականին մէջ միջնորդի դեր ստանձնած է` արիւնահեղ պատերազմի հետեւանքները կարգաւորելու հարցին մէջ: Այդ ջանքերը Ռուսիոյ արտօնութիւն տուած են դադրեցնելու մարտական գործողութիւնները, մեծ թիւով կեանքեր փրկելու եւ կարճ ժամկէտներու մէջ վերականգնելու զինուորական գործողութիւններէն վնասուած շրջանները, բնակիչները ապահովելու սնունդով, հագուստով եւ դեղորայքով:
«ՀԱՊԿ-ի մէջ վստահ են, որ սահմանային հարցերով տարակարծութիւնները անհրաժեշտ է լուծել բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներով: Կազմակերպութիւնը կ՛աջակցի 26 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկկողմանի յանձնախումբ ստեղծելու մտադրութեան: Կ՛ողջունենք նաեւ Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնած կացութեան քաղաքական-դիւանագիտական կարգաւորման քայլերը: Ատիկա կը նկատենք միակ ելքը», ըսած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:



