Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման հոլովոյթին շուրջ Ազրպէյճանի մօտեցումները: «Արմէնփրես» կը յայտնէ, թէ այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
«Պաքուն եւ Երեւանը պէտք է սկսին սահմանազատման հոլովոյթին` առանց նախապայմաններու: Սահմաններու որոշումը օրակարգային կարեւոր հարցերէն մէկն է: Ազրպէյճանն ու Հայաստանը անկախութիւն ձեռք բերելէ ետք գրեթէ 30 տարիէ ի վեր չեն ալ սկսած սահմանազատումին: Ատիկա բնական չէ», տարուան արդիւնքներուն նուիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
«Նոր կացութիւնը, նոր իրողութիւնները կարելիութիւն ստեղծած են սահմանի քաղաքակիրթ որոշման համար, եւ Ազրպէյճան բազմիցս կոչ ուղղած է այդ ուղղութեամբ աշխատելու: 26 նոյեմբերին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին յաջորդած փաստաթուղթը առաջին անգամ ըլլալով կ՛արտացոլէ ատիկա սկսելու անհրաժեշտութիւնը. ատիկա հնչած է նաեւ այս տարուան մայիսին, եւ ազրպէյճանական կողմը ի պատասխան, համաձայնած է ստեղծել աշխատանքային խումբ, սակայն այնուհետեւ Հայաստանը յառաջ քշած է որոշ նախաձեռնութիւններ, որոնք անընդունելի էին Ազրպէյճանի համար», ըսած է ան:
Պայրամով ընդգծած է, որ Ազրպէյճան պատրաստ է սկսելու Հայաստանի հետ սահմանազատումին:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտարարած է, որ իր երկիրը կ՛աջակցի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին:
«Ազրպէյճանը ամբողջութեամբ կ՛աջակցի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման», ըսած է Պայրամով` աւելցնելով, որ ատիկա կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ շրջանին մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներուն վրայ:
Պայրամովի համաձայն, Ազրպէյճան հետաքրքրուած է բոլոր դրացիներուն հետ յարաբերութիւններու զարգացման գործով` միջազգային օրէնքի արժեչափերուն հիման վրայ:
Միւս կողմէ, անդրադառնալով Իրան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն, ան ըսաւ. «Գաղտնիք չէ, որ որոշ ժամանակ առաջ Ազրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ լարուածութիւն եւ որոշ տարակարծութիւններ կային, սակայն անոնք կարճ ժամանակուան մէջ լուծուեցան»:
Պայրամով նշեց, որ Աշխապատի մէջ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ գումարուած ժողով մը դարմանած է այդ լարուածութիւնները` աւելցնելով, որ երկու կողմերը այդ հանդիպումին բազմաթիւ հարցեր քննարկած են: