Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

131-Ամեայ Աննահանջ Երթ. Հայութեան Անմիջական Կարիքը` Արդիական Կեդրոն-Ձախ Քաղաքական Ուժի

Դեկտեմբեր 10, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

«Տիրապետութեան եւ շահագործման տարբեր ձեւերն են` դրամատիրութիւնը, կայսերապաշտութիւնը, ամբողջատիրութիւնը, գաղութատիրութիւնը, որոնք կը դրսեւորուին` ռազմապաշտութեամբ, ցեղապաշտութեամբ, սակաւապետութեամբ, տնտեսական, գաղափարական եւ մշակութային ծաւալապաշտութեամբ»

ՀՅԴ ԾՐԱԳԻՐ

Այս տարի ամբողջ աշխարհի մէջ` ովկիանոսէ ովկիանոս, ցամաքամասէ ցամաքամաս, երկրէ երկիր եւ տարածաշրջանէ տարածաշրջան, հայութիւնը կը տօնակատարէ հայկական իրականութեան մէջ ազգային, ընկերային եւ տնտեսական ազատագրութեան յառաջամարտիկ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 131-ամեակը:

Այս տարի, ինչպէս նախորդ տարի, ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան տարեդարձը կը նշենք իւրայատուկ պայմաններու մէջ: Մէկ կողմէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակն է, որ իր պատճառած առողջապահական մեծ վնասներով մեզ բոլորս ֆիզիքապէս հեռու կը պահէ մեր ծնողներէն, ընկերներէն եւ բարեկամներէն: Ժահր մը, որ նոյնիսկ մեր հարազատներուն կեանքերը խլեց, եւ որուն ծանր հետեւանքներուն (ինչպէս պատմութեան ընթացքին գոյութիւն ունեցած որեւէ համաճարակ) շարքին էին գործերու դադրեցումը, դպրոցներու փակումը եւ երթեւեկի սահմանափակումը: Միւս կողմէ` կայ հայութեան մէջ թափ ստացած եւ հասակ նետած ամբոխավարական քաղաքական մշակոյթի յառաջացումը, մշակոյթ մը, որ դժբախտաբար այսօր Հայաստանի մէջ դարձած է նոյնիսկ կառավարութեան ղեկը ստանձնած քաղաքական ուժի ուղղութիւն, որով վերջինս կը փորձէ հռետորաբանութեան միջոցով քողարկել ներկայ սխալները, ժողովուրդի առօրեայ կեանքէն հեռու պահել այժմէական մարտահրաւէրները, արդիականացման հոլովոյթի չդիմելու համար մի՛շտ յիշատակել անցեալը, յիշեցնել այդ անցեալին մասին, եւ ամէնէն կարեւորը` չունենալ երկարաժամկէտ ռազմավարութիւններ եւ կառչիլ պատեհապաշտութեան:

Եկէք` հարց տանք, թէ ի՞նչ կրնանք եզրակացնել վերը յիշեալ երկու պայմաններէն: Ի՞նչ է անոնց միջեւ զուգահեռը արդեօք:

Ամբոխավարութիւն

Ընդհանուր առմամբ, պատմական ճգնաժամային պայմաններու ընթացքին ի յայտ կու գան ընկերութեան մէջ կուտակուած ախտերը. պատկերասփիւռ դիտելով թէ ընկերային ցանցերու նորութիւններուն հետեւելով, թերթերու մէջ կարդալով թէ ձայնասփիւռի կայաններու յայտագիրներ ունկնդրելով` տեսանք, որ աշխարհի չորս կողմը ցոյցեր տեղի ունեցան (ոգեւորուելով ծայրայեղ աջակողմեան քաղաքական գործիչներու հռետորաբանութիւններէն)` ընդդէմ «Քորոնա»-ի ժահրի համաճարակի առողջապահական-գիտական փաստերու վրայ հիմնուած նախազգուշական եւ կանխարգիլման միջոցառումներուն, խորհրդարաններուն մէջ չարաչար (հակառակ ՄԱԿ-ի եւ անոր հետեւող կազմակերպութիւններու հրատապ որոշումներուն) կը յետաձգուին կլիմայական փոփոխութեան նկատմամբ դիմադրութեան առումով որդեգրուելիք միջոցառումները` քարիւղի հետ կապուած մեծ ընկերութիւններու բարեկամ երեսփոխաններուն կողմէ, եւ վերջապէս, նոյնինքն ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութիւնները քաղաքական եւ համամարդկային մարտահրաւէրներն ու առաջնահերթութիւնները կը դիտեն դաւադրութեան տեսութեան վրայ հիմնուած կեղծ գիտութեան (Pseudoscience), կարծրատիպային եւ պատմութեան ընթացքին ընկերային մակարդակի վրայ ստեղծուած առասպելներու եւ ջնջումի մշակոյթի (անգլերէն` cancel culture, որ վտարումի վրայ հիմնուած ժամանակակից ձեւ մըն է, ուր ընկերային խումբերը կը դատապարտուին արտայայտութեան ազատութենէ եւ աջակցութենէ զրկուելու եւ կ՛ենթարկուին լուսանցքայնացման) տեսանկիւնէն, որ հեռու է գիտութեան վրայ հիմնուած ըլլալէ:

Եզրակացնելով այս բոլորը` կրնանք ըսել, որ ներկայիս մարդկութեան առջեւ ծառացած գլխաւոր մարտահրաւէրներն են` ամբոխավարութիւնը, կեղծ լուրերը, դաւադրութեան տեսութիւնը, կլիմայական փոփոխութեան ժխտումը եւ ջնջումի մշակոյթը:

Այս բոլորը` համաշխարհային գետնի վրայ, բայց արդեօ՞ք հայութեան մէջ նաեւ առկայ էին նմանօրինակ ախտեր:

Անցեալ տարի թրքական կառավարութիւնը, վերանորոգելով իր նոր-օսմանական ախորժակները, քաջալերեց Ազրպէյճանի ամբողջատիրական եւ բռնատիրական իշխանութիւնները` Արցախի դէմ շղթայազերծելու պատերազմ, եւ ասոր իբրեւ հետեւանք` ի յայտ եկան Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմական եւ դիւանագիտական բացթողումներն ու տկարութիւնները, իսկ իբրեւ տարածքներու կորուստի եւ պատերազմի անմիջական հետեւանք` թափ ստացաւ սղաճը, յառաջացաւ ջուրի եւ կազի աղբիւրներու սակաւութիւնը: Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան ղեկավարած կառավարութիւնը, փոխանակ անհրաժեշտ լուծումներ գտնել յետպատերազմեան առաջնահերթ ընկերային-տնտեսական մարտահրաւէրներուն, դիմեց իր որդեգրած մնայուն ուղղութեան` ամբոխավարութեան, ներկայի բացթողումներն ու տկարութիւնները իբրեւ յանցանք բարդելով  լոկ նախկին իշխանութիւններուն վրայ: Բոլորս ալ ունինք բարեկամներ, որոնք հետեւելով ընկերային ցանցերու վրայ կեղծ լուրերուն կամ մտիկ ընելով կեղծ գիտութեան քարոզչութիւնը` մերժեցին (եւ դժբախտաբար կը շարունակեն մերժել) «Քորոնա» ժահրի գիտական-առողջապահական փաստերը եւ չենթարկուելով նախազգուշացումներուն` մեր բոլորին կեանքը վտանգած եղան (ինչ որ նոյնիսկ պատճառ դարձաւ եւ կը շարունակէ դառնալ մեր հարազատներու մահուան) եւ կը շարունակեն ըլլալ, այնպիսի պահու մը, երբ հակաքարոզչութիւնը թափ կ՛առնէ հակահամաճարակային պատուաստումին դէմ: Շատ մտահոգիչ երեւոյթ է, որ մինչեւ իսկ օրս շատ չնչին է Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ  պատուաստուածներուն թիւը (ինչ որ պատճառ կը դառնայ մահերու թիւի աճին) կամ նախազգուշութիւններու հետեւողներու տոկոսը: Մեր ընկերութեան մէջ իրապէ՛ս շատ մտահոգիչ է «Քորոնա» ժահրի համավարակին մօտենալ դաւադրական տեսութեան դիտանկիւնէն:

Միայն վերջին տասնամեակներուն մարդկութիւնը մեծ ցատկ մը կատարեց գիտական, թուայնացումի, արհեստագիտութեան ու առողջապահութեան մարզերուն մէջ, եւ վերլուծելով մարդկային կեանքի ներկայ փուլը` կրնանք ըսել, որ ներկայիս մարդու յառաջդիմութեան եւ եղափոխութեան շարունակման թիւ մէկ մարտահրաւէրն է ամբոխավար գաղափարախօսութեան ու մշակոյթի յաղթահարումը:

Արդեօք ամբոխավարութեան դէմ պէտք է պայքարիլ ամբոխավարական ա՞յլ տարբերակով:

Բնականաբար` կտրականապէս Ո՛Չ:

Կա՞յ պայքարի այլ ուղղութիւն:

Ովկիանոսէ ովկիանոս եւ ցամաքամասէ ցամաքամաս, յառաջդիմական կառավարութիւնները, վերահաստատելով տնտեսագէտ Ճոն Մայնըրտ Քէյնզի ուսմունքը, որդեգրեցին իրենց խթանիչ փաթեթները` մղում տալով պիւտճէական ծախսերուն: Յաւելեալ ներդրումներ կատարուեցան տնտեսութեան վերաճարտարարուեստականացման, աշխատանքի եւ շուկայի թուայնացման, կրթութեան, արհեստական բանականութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ ընտանեկան բռնութեան դէմ պայքարի բնագաւառներուն մէջ, իսկ բռնութեան ենթարկուողներուն տրամադրուեցաւ խնամք, համացանցի հասանելիութեան աստիճանը բարելաւուեցաւ, եւ միջին ու փոքր ձեռնարկութիւններու աջակցութիւն տրամադրուեցաւ:

Միջոցներ, որոնք բարձրօրէն գնահատուեցան համաշխարհայնօրէն եւ դարձան իտէալական քայլեր, զորս իւրաքանչիւր պետութիւն կը փափաքի ընդօրինակել:

Նաեւ, նոյն յառաջդիմական կառավարութիւնները բարձր ցուցանիշներ արձանագրեցին հարկային փախուստի դէմ պայքարի, կեանքի բարձր չափանիշներու (առողջապահութիւն, թոշակ, աշխատաւորներու իրաւունքներ, երեխաներու խնամք եւ այլն), երկու սեռերու միջեւ հաւասար ներկայացուցչութեան, սերնդափոխութեան, վերանորոգուող ուժանիւթի  եւ տնտեսական արտադրութեան մէջ ածխաթթուի արտանետումները նուազեցնելու բնագաւառներուն մէջ:

Ընթերցողները վստահաբար հարց պիտի տան, թէ արդեօք կա՞ն գործնական օրինակներ, որոնք կը փաստեն, թէ ինչպէ՛ս յառաջդիմական ուժերը կրցան յաղթահարել ամբոխավարութիւնը:

2020-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահական, ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան ընտրութիւններուն, երբ Թրամփն ու հանրապետականները լուրջի չառին «Քորոնա»-ի համաճարակը, ուշացան երկրին ընդհանուր փակումը յայտարարելու, ժահրին տուին «Չինական ժահր» անունը` մեկնելով ցեղապաշտական դրոշմով համեմուած դաւադրական տեսութիւններէն, դեմոկրատականներն ու իրենց նախագահական թեկնածուն (Ճօ Պայտըն) իրենց քարոզարշաւը մղեցին «Քորոնա»-ի ժահրէն կանխազգուշացումներուն եւ տնտեսական վերականգնման կարգախօսներուն հիման վրայ: Ասոր շնորհիւ` Դեմոկրատական կուսակցութիւնը ձեռք բերաւ յաղթանակներ, վերաշահելով աշխատաւոր ընտանիքներու համակրանքը` Պայտըն ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ, իսկ դեմոկրատականները ձեռք բերին մեծամասնութիւն Քոնկրեսին մէջ (ծերակոյտ եւ Ներկայացուցիչներու տուն): Դեմոկրատական գլխաւոր օրէնսդրական նուաճումը դարձաւ 19 նոյեմբեր 2021-ին Ներկայացուցիչներու տան մէջ անցած «Build Back Better» օրինագիծը, որ լայնածաւալ ներդրումներ կ՛ընդգրկէ ենթակառուցային, առողջապահական, կրթական, փոխադրութեան  եւ ընկերային ծառայութիւններու մարզերուն մէջ: Արդիւնք մը, որ ոգեւորեց յառաջդիմականները նոյնիսկ ովկիանոսէն անդին եւ միջազգային գետնի վրայ յառաջ մղեց անոնց նախընտրական պայքարները` ընդդէմ ամբոխավարութեան:

Ովկիանոսէն ասդին, 2021-ի Գերմանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընկերվար-ժողովրդավարներու 25,7 առ հարիւր համեմատութեամբ յաղթանակը վերականգնման յոյս ներշնչեց Եւրոպայի ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններուն, ապա 25 նոյեմբեր 2021-ին անոնք Կանաչներուն եւ ազատականներուն հետ կազմեցին «Վտանգուիլ` յանուն յառաջդիմութեան» անուանումով կառավարական դաշինք մը, որուն նպատակն է վերատեսութեան ենթարկել աւելի քան 10 տարիներու քրիստոնեայ-ժողովրդավարներու ուղղութիւնը` զայն փոխարինելով աւելի բաց եւ արդիական օրէնսդրութիւններով:

Վերջապէս, ինչ կը վերաբերի հայկական քաղաքական դաշտին, հայութեան մէջ ներկայանալով իբրեւ ընկերվարական կուսակցութիւն, ՀՅԴ-ն ինչպէ՞ս կրնայ օգտուիլ միջազգային նուաճումներէն:

Նախ եւ առաջ, նկատի առնելով առողջապահական համընդհանուր լրջութեան պահը, պէտք է Հայաստանէն սկսեալ արշաւ մղել յանուն «Քորոնա» ժահրին կապուած նախազգուշացումներու յարգման ու նաեւ պատուաստ ստանալու հոլովոյթի արագացման: Նկատի ունենալով Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմին պատճառով հայկական տարածքներու բռնագրաւման հետեւանքներէն կազի ու ջուրի Հայաստանի աղբիւրներու նուազումը, ՀՅԴ-ն պէտք է դառնայ Հայաստանի մէջ յառաջատար քաղաքական ուժը, որ կը քաջալերէ վերանորոգուող ուժանիթի օգտագործումը, շուկայի թուայնացումը, համացանցի ծառայութիւններու բարելաւումը, եւ ամէնէն կարեւորը` ապագայի փայլուն ճամբան հարթող կրթական համակարգի արդիականացումը: Յետպատերազմեան իրավիճակին պատճառով ստեղծուած սղաճի, անգործութեան եւ արտագաղթի մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման` ՀՅԴ-ն առաջնահերթ պէտք է նկատէ ու վերանորոգէ պայքարը ընդդէմ համահարթ հարկումին եւ կենսաթոշակներու պարտադիր կուտակային համակարգի օրինագիծին, պէտք է աշխատաւորներու միութենականացման ճիգ թափել, գիւղերուն մէջ համագործակցականներու հիմնադրման փորձեր կատարել եւ քաղաքապետութիւններուն միջոցով հանրային բնակարաններ ապահովել (նաեւ` ներառել հայրենադարձները յիշեալ ծրագիրին մէջ): Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին, աշխարհին շնորհելով առաջին կին դեսպանը եւ Հայաստանը դարձնելով աշխարհի մէջ յառաջատար պետութիւններէն, որ իգական սեռին շնորհեց քուէարկելու իրաւունք, Դաշնակցութիւնը պարտի ներկայիս կիներուն ապահովել հաւասար ներկայութիւն` պետական մարմիններուն մէջ եւ արծարծել կիներուն նկատմամբ բռնութեան հարցը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր աշխարհայեացքով` իբրեւ ազգային, ընկերվարական եւ յեղափոխական կուսակցութիւն, պէտք է հայութեան եւ իր երթը զուգահեռ դարձնէ Պայտընի ու Շոլցի (ներկայի Գերմանիոյ ընկերվար-ժողովրդավար վարչապետը) ծովաշարժին` ընդդէմ Թրամփի ու անոր աջակողմեան ամբոխավար ծովաշարժին:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր աշխարհայեացքով` իբրեւ ազգային, ընկերվարական եւ յեղափոխական կուսակցութիւն եւ հաւատարիմ մնալով մանաւանդ իր յեղափոխական գաղափարաբանական հիմքին, պէտք է դառնայ այն գաղափարաբանական փարոսը, որ կը մատնանշէ մարդու եղափոխութեան եւ ներկայ փուլի յառաջդիմութեան ճամբան խոչընդոտող մեծագոյն չարիքը` ամբոխավարութիւնը եւ անկէ յառաջացած կեղծ գիտութիւնը, կեղծ լուրերը, դաւադրական տեսութիւնը, կլիմայական փոփոխութեան ժխտումն ու ջնջումի մշակոյթը եւ զանոնք միասին ամբոխավարութեան հետ թաղէ պատմութեան սեւ էջերուն մէջ ընդմիշտ:

Հայութիւնը անմիջական կարիքը ունի արդի կեդրոն-ձախ քաղաքական ուժի, եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը պէտք է կեդրոն-ձախ ուղղութեան բացը գոցէ հայկական քաղաքական կեանքին մէջ:

 

 

Նախորդը

ՀՅ Դաշնակցութեան 131-Ամեայ Գաղտնիքը

Յաջորդը

Մեղադրեցէք Մ՛եզ` «Մոլորեալ» Դաշնակցականներս Ո՛չ Թէ` ՀՅ Դաշնակցութիւնը (131-Ամեակ)

RelatedPosts

Շուշիով Կրնա՛նք Վերապրիլ  (9 Մայիս)
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

Մայիս 17, 2025
Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ
Անդրադարձ

Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ

Մայիս 17, 2025
Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»
Անդրադարձ

Հայերը Կը Կարծեն, Թէ Միայն Իրենք Անմիաբան Են, Սակայն Իրականութիւնը Այդպէս Չէ

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?