Աւարներու Արշաւանքը Լոռի Եւ Օսմանցիք Նեցուկ` Լեռնականներուն
Արարատեան Դեսպանի Առաքելութենէն Զուր Ակնկալութիւններ
Եւ Ղուկաս Ա. Կաթողիկոսին Շրջահայեաց Դիրքորոշումը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան, հայոց մելիքները կալանաւորելէն ետք, որոշեց ձեռք առնել արցախահայութեան հոգեւոր եւ քաղաքական շարժման կեդրոն Գանձասարի վանքը:
Խանին ուղարկած ձիաւորները յարձակեցան Գանձասարի վանքին վրայ եւ կողոպտեցին զայն: Հայեր փութով թանկագին սպասներ եւ այլ գանձեր ինչ որ կրցան թաքցուցին, իսկ ռուսերու հետ բանակցութիւններու վերաբերեալ վաւերաթուղթերը այրեցին:
Յովհաննէս կաթողիկոս եւ անոր վեց եղբայրները` Սարգիս եպիսկոպոս, Գաբրիէլ բէկ, Դանիէլ բէկ, Իսրայէլ բէկ, Միսայէլ բէկ եւ Ջալալ բէկ Հասան Ջալալեաններ կալանաւորուեցան եւ Շուշի տարուելով բանտ նետուեցան: Անոնց եղբայրն էր Ալլահ Ղուլի բէկ Հասան Ջալալեան, որ դաւաճան դարձած եւ մատնութիւններ ըրած էր:
Իպրահիմ Խալիլ խան Սարգիս եպիսկոպոսէն պահանջեց ցոյց տալ ռուսական կառավարութենէն ստացուած թուղթերը: Բայց թուղթերը արդէն հասցուցած էին այրել: Խանին հրամանով քսան օր շարունակ եպիսկոպոսին ոտքերը փայտով ծեծեցին:
Բանտարկեալները ինը ամիս բարբարոսական տանջանքներով չարչարուեցան:
Այնուհետեւ Իպրահիմ Խալիլ խան Գանձասարի վանքը ութ հազար թուման տուգանքի ենթարկեց: Սարգիս եպիսկոպոս հայթայթեց այդ գումարը եւ իր եղբայրներուն հետ ազատ արձակուեցաւ բանտէն: Սակայն Յովհաննէս կաթողիկոս բանտ, խանին ձեռքը պատանդ մնաց:
***

Գանձակ բնակութիւն հաստատած Իսրայէլ հակաթոռ կաթողիկոս իր մատուցած ծառայութիւններուն համար Իպրահիմ Խալիլ խանէն ստացաւ Աղուանից կաթողիկոսական աթոռը:
Արցախ վերադառնալէն ետք Իսրայէլ արտօնութիւն չստացաւ Գանձասար երթալու եւ խանին հրամանով Ամարասի վանքին մէջ հաստատեց իր աթոռը, որպէսզի միշտ հսկողութեան տակ մնայ:
Իպրահիմ Խալիլ խան Գանձասարի վանքի առաջնորդութիւնը Սարգիս եպիսկոպոս Հասան Ջալալեանի յանձնեց:
***
Արարատեան դեսպան Ստեփան Դաւթեան Պետերբուրգի մէջ ռուս պետական շրջանակներու հետ հանդիպումները եւ բանակցութիւնները կը շարունակէր եւ գեղեցիկ խոստումներով կ՛օրօրուէր:
Սակայն Ստեփան նիւթական մեծ հնարաւորութիւններ չունէր, իսկ Պետերբուրգի դիւանագիտական բարձր շրջաններու մէջ «աղա» երեւալու համար դրամական միջոցներ հարկաւոր էին: Ճիշդ է որ ան Ղուկաս կաթողիկոսէն «որպէս խարջլուխ» քանի մը թուման ստացած էր, բայց այդ քանի մը թումանով քառաձի կառքով պտտող Ստեփան չէր կրնար բաւարարուիլ:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան փոքր գումարներ սկսաւ ուղարկել Ստեփանի: Սակայն Ստեփանի աւելին հարկաւոր էր, ուստի ան սկսաւ անվերջ դրամ խնդրել ռուսահայոց առաջնորդէն:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս Ստեփանի պահանջը չէր կրնար բաւարարել: Այս մասին ան կաթողիկոսին յայտնեց իր 9 հոկտեմբեր 1785 թուակիր նամակին մէջ. «(Ստեփան) մեզ թախանձէ, որպէս թէ ծախս բաւական չէ: Մինչեւ այժմ Ի (քսան) թուման առաքեալ եմ, այժմ հարիւր է խնդրեալ: Գրեցի թէ` չիք ինչ կարողութիւն այսքանի, ես ինչի՞ տէր եմ եւ կամ ո՞վ ետ ինձ, որ ես դոյնչափ յղեմ»:
Պետերբուրգի եւ Մոսկուայի հայ մեծահարուստները չընդառաջեցին իրեն օժանդակութիւն տրամադրելու Ստեփանի խնդրանքներուն:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս Շահամիր Շահամիրեանի գրած իր մէկ նամակին մէջ դժգոհութիւն կը յայտնէր ռուսահայ մեծահարուստներու գձուձութեան համար. «մի՞թէ ես եւ խղճուկ Ստեփանոսն է որ պարտաւոր ենք ազգի համար գործ տեսնել, իսկ միւսները դիտորդներ պիտի ըլլան»:
Այլ առիթով մըն ալ արքեպիսկոպոսը իր դժգոհութիւնը կը յայտնէր Յովակիմ Լազարեանի, ըսելով որ մեր ազգը կ՛ուզէ առանց իրեն նեղութիւն տալու օդին մէջ ջաղացք կառուցել եւ «բոլորի աղունն ալ աղալ անհախ, անմուննաթ»:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս սկսաւ յուսահատութեան եւ մտատանջութեան մատնուիլ. ան սկսած էր անդրադառնալ, որ ռուսական արքունիքը մտադիր չէ հայերուն հետ դաշինք կնքելու:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս Շահամիրեանի նամակ գրելով յայտնեց, որ երբ մենք դաշնագրութեան գիրը կազմեցինք, թարգմանեցինք եւ ներկայացուցինք արքունիք, անոնք մեզի պատասխանեցին, թէ` «Թագաւորը ընդ թագաւորաց կարեն դնել դաշինս, ազգի ձերում ո՞վ է թագաւոր, որ համարձակուի դաշինս խնդրել, իսկ հոգեւոր պետն ձեր զինքն հեռացուցանէ այսմանէ խնդրոյն»:
Երբ այլեւս բացայայտ դարձաւ որ ռուսական արքունիքը տրամադիր չէ հայերուն հետ դաշինք կնքելու, Յովսէփ արքեպիսկոպոս դիմեց իշխան Գրիգորի Փոթեմքինի եւ խնդրեց թոյլ տալ Ստեփանի հայրենիք վերադառնալու: Սակայն իշխանը մերժեց արքեպիսկոպոսին խնդրանքը եւ Ստեփանը իր մօտ պահեց:
Ստեփան Դաւթեան արքունիքին մէջ աշխատանքի մտաւ եւ իշխան Փոթեմքինի յանձնարարութեամբ սկսաւ կապեր հաստատեց Անդրկովկասի ղեկավար շրջանակներու հետ, անոնց միջոցով տեղեկութիւններ հաւաքելու համար տեղի անցուդարձերու մասին ու իրազեկ դարձնելու արքունիքը: Միաժամանակ ան ռուսական բանակի հրամանատարութեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Անդրկովկասի բնակավայրերու, ուղիներու եւ տեղացիներու ռազմական կարողութիւններու մասին:
Ստեփան շարունակեց սերտ յարաբերութեան մէջ մնալ Յովսէփ արքեպիսկոպոսի հետ եւ կատարել անոր բոլոր խորհուրդներն ու յանձնարարութիւնները:
***

Աւարներու Ումմա խան 1786-ին նոր արշաւանքի սկսաւ: Սղնախի մէջ կեդրոնացած ռուսական եւ վրացական զօրքերը շրջանցելով աւարներ շարժեցան դէպի Բորչալու եւ աւերեցին շրջանի գիւղերը:
Ումմա խանի զօրքերը այնուհետեւ մտան Լոռիի ձոր եւ պաշարեցին ու գրաւեցին Ախթալան: Պղնձահանքին մէջ աշխատող յոյները սուրի քաշուեցան, իսկ հայերը գերեվարուեցան:
Աւար զօրքերը այնուհետեւ շարժեցան դէպի Օձուն եւ բանակ դրին գիւղին մօտ: Տեղացի հայերը դսեղցիներուն մօտ ապաստան գտան:
Աւարներ ասպատակեցին Լոռիի հայկական գիւղերը եւ յարձակեցան Հաղբատի վանքին վրայ, բայց դիմադրութեան հանդիպելով նահանջեցին:
Աւարներ ամէն կողմ աւեր սփռելով եւ գերիներ վերցնելով անցան Ախալցխա:
***
Աւարներու Լոռի ներխուժումի պայմաններուն տակ, առիթը յարմար նկատելով, Իպրահիմ Խալիլ խան յարձակեցաւ Գանձակի վրայ:
Գանձակեցիք, բուռն դիմադրութիւն ցոյց տալով, նահանջի մատնեցին Ղարաբաղի խանին զօրքերը:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ Իպրահիմ Խալիլ խան նամակ գրեց Հերակլ Բ. թագաւորին, անոր յիշեցնելով որ իրենք դաշնակիցներ են եւ հաւաստիացուց, որ ինք Գանձակը կ՛ուզէր գրաւել ոչ թէ միայն իրեն համար, այլ երկուքով տիրապետելու համար անոր: Նամակի վերջաւորութեան ան իր միջնորդութիւնը կ՛առաջարկէր, հաշտեցնելու համար թագաւորը իր աներորդի Ումմա խանին հետ:
Սակայն հաշտութեան առաջարկը խաբէութենէ աւելի հեգնանք էր, որովհետեւ Իպրահիմ Խալիլ եթէ կամենար, նոյնիսկ առանց Հերակլի հարցնելու կրնար հաշտարարի դեր կատարել:
Հերակլ Բ. հասկցաւ իր խորամանկ դաշնակիցին խաբեբայութիւնը: Հասկցաւ նաեւ որ զէնքի ուժով պիտի չկարենայ զսպել լեռնականներու արշաւանքները: Հետեւաբար ան բանակցութեան մէջ մտաւ Ումմա խանին հետ եւ խոստացաւ տարեկան վեց հազար ռուբլի տուրք վճարել անոր:
***
Ռուսական կառավարութիւնը, Կովկասի մէջ լեռնականներու դիմադրութեան եւ իսլամական շարժման պայմաններուն տակ, կ՛աշխատէր դիւանագիտական միջոցներով ամրապնդել իր ներկայութիւնը:
Ռուսեր հիւսիսային Կովկասի մէջ, Թերէք գետի ափին, Դարեալի կիրճին մօտ 1784-ին Վլատիկաւկաս ամրոցը հիմնած էին, բայց 1786-ին, զինուորական նկատառումներով քաշուած էին հոնկէ:
Ռուսական կառավարութիւնը օսմանեան կառավարութենէն պահանջեց զսպել Ախալցխայի Սիւլէյման փաշան, իբրեւ գլխաւոր դրդիչ լեռնականներու արշաւանքներուն: Սուլթանի կառավարութիւնը ընդառաջեց եւ հրաման ուղարկեց Ախալցխա, պաշտօնապէս Սիւլէյման փաշայէն պահանջելով դադրեցնել լեռնականներուն տրուող ամէն օժանդակութիւն, բայց գաղտնօրէն խրախուսեց զայն` հակառուսական իսլամական դիմադրութիւնը սաստկացնելու համար:
Օսմանցիք նոր գործակալներ ուղարկեցին Կովկաս, որոնք աշխուժ գործունէութիւն ծաւալեցին: Անոնք լեռնականներուն թէ՛ դրամով եւ թէ զէնքով սուլթանին օգնութիւնը խոստացան:
Վրաստան գտնուող եւ գնդապետ Բուրնաշովի հրամանատարութեան տակ գործող ռուսական երկու գումարտակները կտրուած էին Ռուսաստանէն եւ հիւսիսային Կովկասի հետ հաղորդակցութեան գիծը լեռնականներու հակակշիռին տակ անցած էր: Ռուս զինուորները ուտեստեղէնի դժուարութիւն կը դիմագրաւէին եւ ռոճիկ չէին ստանար:
Հերակլ Բ., նեղ կացութեան մատնուած, դիմեց Սիւլէյման փաշայի եւ հաշտութիւն խնդրեց: Ան նաեւ նամակ գրեց սուլթան Ապտիւլ Համիտ Ա.ի եւ խոստացաւ ռուսերէն երեք հազար զինուորէն աւելի օգնութիւն չխնդրել:
Ռուսական հրամանատարութիւնը որոշեց առաջին յարմար առիթով իր ուժերը հեռացնել Վրաստանէն:
Իպրահիմ Խալիլ խան, իմանալով որ Հերակլ Բ. եւ Սիւլէյման փաշա դաշինք պիտի կնքեն, պատուիրակ ուղարկեց Ախալցխա եւ համոզեց Սիւլէյման փաշան, որ դաշինք չկնքէ վրաց թագաւորին հետ:
Հերակլ Բ. համոզուեցաւ որ իրեն դաշնակից նկատուող Իպրահիմ Խալիլ խան իր թշնամին է եւ կը փափաքի որ շարունակուի Վրաստանի աւերումը:
***
Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան համոզուած էր, որ Ղուկաս Ա. կաթողիկոսին կողմէ Ստեփան Դաւթեանի լիազօրագիր տրուելու պարագային ռուսական արքունիքը կրնայ պաշտօնապէս դիրքորոշուիլ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան հարցով եւ զինուորական օժանդակութիւն տրամադրել: Այդ մտքով ալ ան 1786-ին նամակ գրեց Հնդկաստան` Շահամիր Շահամիրեանի:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս համառօտ կերպով կը նկարագրէր հայ-ռուսական բանակցութիւններուն ընթացքը, եղած խոստումները եւ Ստեփանի դեգերումները Պետերբուրգի մէջ:
Շահամիրեան, արքեպիսկոպոսին հաղորդած տեղեկութիւնը հիմք ընդունելով, նամակ գրեց կաթողիկոսին եւ զայն հրաւիրեց վասն ազատութեան աշխարհիս մերոյ եւ ազգիս հոգ տանիլ:
Շահամիրեան գրեթէ կը մեղադրէր կաթողիկոսը, ըսելով. «Կ՛երեւի թէ հաճիք ընդ ծառայութիւն այլազգեաց եւ ոչ սիրէք զազատութիւն»:
Ղուկաս Ա. Շահամիրեանի գրած պատասխան նամակին մէջ կ՛ըսէր. «Մի՞թէ մենք անխելք ենք, որ չուզենք տառապանքէն ազատիլ: Ձուկերն անգամ, երբ ցանցի մէջ կ՛իյնան, կամ թռչունները, երբ կը բռնուին, ազատութեան կը ձգտին: Ո՞ւր մնաց որ հակառակը վարուի բանական մարդը»:
Կաթողիկոսը Շահամիրեանի բացատրեց վտանգաւոր հանգամանքները, ըսելով որ շրջահայեաց եւ զգոյշ պէտք է ըլլալ. «այժմոյս կարի դժուարին է եւ վտանգաւոր յոյժ, վասն որոց երկուց չարեաց չփոքրն ընտրել պիտոյ է»:
Ղուկաս Ա. կը շարունակէր ըսելով որ չկայ Մովսէս մը, որ փարաւոնէն ազատէ մեզ, եւ խրատեց չվստահիլ ոչ ռուսերուն եւ ոչ ալ ուրիշ որեւէ պետութեան. «Հաւասարապէս իմա՛, որ ոչ ի հիւսիսական տէրութենէն եւ ոչ յայլոց` մեզ այցելութիւն կարէ լինել այժմ»:
Յովսէփ արքեպիսկոպոսի եւ անոր համախոհներուն ակնարկելով կաթողիկոսը կ՛ըսէր, թէ ոմանք ըստ հաճոյից խօսելով, թէ` «յայս ինչ եւ յայն ինչ կողմանց ձեռնտուութիւն եւ օգտարութիւն լինիցի մեզ, գողացեալ են զմիտսդ»:
Ղուկաս Ա. կը շեշտէր ըսելով, որ տրուած խոստումները ապարդիւն են, եւ երբ արցախցիք ռուսերուն ապաւինելով փորձեցին ազատիլ իրենց բռնաւորէն. «զի՞նչ անցք անցին ընդ նոսա»: Ինչպէ՞ս աղաւաղեցաւ Գանձասարի սուրբ աթոռը, ո՞ւր են մելիքները եւ ինչ տանջանքներ կրեցին:
Կաթողիկոսը կը հաւաստէր նաեւ որ շատեր իրեն գոհութեան եւ գովութեան գիրեր յղած են: