Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ֆերնանտօ Սանթոս վստահութիւն յայտնեց, որ իր ղեկավարած կազմը գարնանային փլէյ օֆի մրցումներուն ընթացքին պիտի յաջողի ամէն գնով 2022-ի Մոնտիալի աւարտական հանգրուաններուն տոմս մը ապահովել:
«Եթէ պատահեցաւ, որ չկարենանք Քաթարի տոմս մը ապահովել, պիտի ներկայացնեմ հրաժարականս: Բայց այդ մասին պէտք չէ մտածենք, որովհետեւ վստահ եմ, որ պիտի մասնակցինք 2022-ի Մոնտիալին», ըսաւ 67 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը:
Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ նախատեսուած է մինչեւ 2024:
Փլէյ օֆի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 26 նոյեմբերին: