Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի նորեկ Սերճիօ Ռամոսի նորամուտը իր նոր կազմին հետ կ՛ակնկալուի այս շաբաթավերջին:
35 տարեկան սպանացի յետսապահը սրունքի մկանային ապաքինած ետք լիովին ապաքինած է եւ արդէն իսկ շաբաթէ մը ի վեր լիարժէք փորձեր կը կատարէ արժանթինցի Մաուրիցիօ Փոքեթինոյի գլխաւորած խումբին ընդհանուր կազմին հետ, այս մասին կը յայտնէ ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» անուանի մարզական օրաթերթը:
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութիան («Լիկ-1») 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` շաբաթ, 20 նոյեմբերին, Սեն Ժերմեն կը հիւրընկալէ Նանթին:
Նշենք, որ Սերճիօ Ռամոս վերջին անգամ ֆութպոլի դաշտերուն վրայ տեսնուեցաւ նախորդ 5 մայիսին, երբ մաս կը կազմէր Ռէալ Մատրիտի: