Իտալական Ա. Սէ. Միլան ֆութպոլի ակումբը եւ շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ պատրաստ են երկարաձգելու իրենց համագործակցութիւնը:
40 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ յունիս 2023, այս մասին յայտնեց իտալական հանրածանօթ մարզական օրաթերթ «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր»-ը:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան Ա. Սէ. Միլանի հետ ցարդ մասնակցած է 8 մրցումի եւ նշանակած 3 կոլ:
Ա. Սէ. Միլան կը պատրաստուի երկարաձգել նաեւ պայմանագրութիւնները 24 տարեկան ֆրանսացի յետսապահ Թէօ Հերնանտեզի, 22 տարեկան փորթուգալցի յառաջապահ Ռաֆայէլ Լէաուի եւ 23 տարեկան ալճերիացի միջնապահ Իսմայիլ Պենասերի հետ: