– Methemoglobinemia (Եթէ Կ՛ուզես Smurf Կամ Avatar Դառնալ)
– Մտային Եւ Ճանաչողական Խանգարումները Կրնան Շարունակուիլ Քորոնայով Ախտահարուելէ Ետք Ամիսներ Շարունակ
– Ինչո՞ւ «Squid Game»-ը Այսքան Յայտնի Դարձաւ (Netflix-ի Տեսաշարի Զարմանալի Ազդեցութեան Հոգեբանական Բացատրութիւն)
Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Methemoglobinemia
(Եթէ Կ՛ուզես Smurf Կամ Avatar Դառնալ)
Եթէ լսած էք կապտագոյն մորթի հիւանդութեան մը մասին, երբ մարդու մորթը կ՛առնէ «սմըրֆ»-ի երանգ, ապա այդ մէկը կրնայ արեան մեթհիմոկլոպինիմիայի խանգարման պատճառով ըլլալ:
Իսկ ի՞նչն է պատճառը, որ մորթը կապոյտ գոյն կ՛առնէ:
Գերարտադրութիւնը մեթհիմոկլոպինի, որ հիմոկլոպինի մէկ տեսակն է մարմնին մէջ: Արեան մէջ մեթհիմոկլոպինը, փոխանակ իր սովորական չափաբաժինով ըլլալու (1 տոկոս), այս հիւանդութեան պարագային, կրնայ հասնիլ մինչեւ 20 տոկոսի: Եւ քանի որ անոնց հիմոկլոպինը չի կրնար կանոնաւոր կերպով բաշխել թթուածին մարմնին մէջ, այդ մէկը կը պատճառէ մաշկի կապոյտ գոյն, մանուշակագոյն շրթունքներ եւ արեան շագանակագոյն երանգ: Թէեւ խանգարումը կրնայ ժառանգական ըլլալ, սակայն ան կրնայ նաեւ յառաջանալ տարբեր քիմիական նիւթերու եւ դեղերու ենթարկուելով:
Մեթհիմոկլոպինիմիան (MetHb) արեան խանգարում մըն է, որուն պարագային, կ՛արտադրուի մեթհիմոկլոպինի ոչ բնական քանակ: Հիմոկլոպինը արեան կարմիր բջիջներու սպիտակուց է (փրոթէին), որ կը տեղափոխէ եւ կը տարածէ թթուածինը մարմնին մէջ: Մեթհիմոկլոպինը հիմոկլոպինի ձեւ մըն է:
Մեթհիմոկլոպինիմիայի պարագային, հիմոկլոպինը կրնայ թթուածին տեղափոխել, սակայն ի վիճակի չէ զայն արդիւնաւէտօրէն ազատ արձակել մարմնի հիւսուածքներուն (1) (tissue):
MetHb-ի երկու տեսակ կայ.
– Ժառանգական կամ բնածին,
– Որոշ դեղամիջոցներու, քիմիական նիւթերու կամ սննդամթերքի (ձեռք բերուած) ազդեցութեան պատճառով յառաջացած:
Ձեռք բերուած MetHb-ը աւելի տարածուած է, քան` ժառանգական տեսակը: Ան որոշ մարդոց մօտ կը յառաջանայ որոշ քիմիական նիւթերու եւ դեղերու ազդեցութենէն ետք, որոնցմէ են`
– Անզգայացուցիչները, որոնցմէ է Պենզոքայինը,
– Նիթրոպենզէն,
– Որոշ հակապիոթիքներ (Քոթրիմոքսազոլ) (ներառեալ` Տափսոնն ու քլորոքինը),
– Նիթրիթներ (որոնք կ՛օգտագործուին որպէս յաւելումներ` միսը չփճանալու համար) եւ նիթրաթներ (նիթրօ կլիսերին, նիթրոպրոսայտ):
Ձեռք բերուած MetHb-ի ախտանիշներէն են.
– Մաշկի կապտաւուն երանգաւորում,
– Գլխացաւ,
– Գլխապտոյտ,
– Յարափոփոխ տրամադրութեան վիճակ,
– Յոգնածութիւն,
– Շնչահեղձութիւն,
– Ներուժի պակաս:
Այս հիւանդութիւնը ունեցող երեխան ծննդեան պահուն կամ կարճ ժամանակ անց կ՛ունենայ մաշկի կապտաւուն գոյն (Սիանոզ): Բուժաշխատողը արեան քննութիւններ կը կատարէ իրավիճակը ախտորոշելու համար: Քննութիւնները կրնան ներառել`
– Արեան մէջ թթուածինի մակարդակի ստուգում,
– Արեան քննութիւն`արեան մէջ կազերու մակարդակը ստուգելու համար:
Բուժում
Մեթելէն կապոյտ դեղը կ՛օգտագործուի ծանր պարագայի MetHb-ի բուժման համար: Մեթելէն կապոյտը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ այն մարդոց համար, որոնք արեան G6PD բնախմորի(2) (enzyme) անբաւարարութիւն ունին: Անոնք պէտք չէ ընդունին այս դեղատեսակը: Եթէ դուք կամ ձեր երեխան G6PD-ի անբաւարարութիւն ունիք, բուժում ստանալէ առաջ միշտ տեղեկացուցէք ձեր բժիշկը:
C կենսանիւթն ալ (vitamin) կարելի է օգտագործել մեթհիմոկլոպինի մակարդակը նուազեցնելու համար:
Այլընտրանքային բուժումները կը ներառեն բարձր չափաբաժիններով թթուածնային բուժում եւ կարմիր արեան բջիջներու փոխներարկում:
Ձեռք բերուած MetHb-ի թեթեւ պարագաներուն ընդհանրապէս բուժում չի պահանջուիր: Բայց պէտք է խուսափիլ այն դեղերէն կամ քիմիական նիւթերէն, որոնք կրնան խնդիր յառաջացնել:
Կանխատեսում
Ձեռք բերուած MetHb ունեցող մարդիկ յաճախ կը բուժուին, երբ կը յայտնաբերեն խնդիրը յառաջացնող նիւթը, սնունդը կամ դեղը եւ կը խուսափին անկէ:
Ծինական խորհրդատուութիւնը կ՛առաջարկուի MetHb-ի ընտանեկան պատմութիւն ունեցող զոյգերու համար, որոնք կը մտածեն երեխաներ ունենալու մասին:
6 ամսականէ փոքր երեխաներուն մօտ աւելի հաւանական է, որ մեթհիմոկլոպինիմիա զարգանայ: Հետեւաբար պէտք է խուսափիլ բնական նիթրաթներու բարձր մակարդակ պարունակող բանջարեղէններէ պատրաստուած մանկական սնունդի խիւսերէն (puree), ինչպիսիք են` ստեպղինը, ճակնդեղը կամ շոմինը (spinach):
Հաւանական բարդութիւններ
MetHb-ի բարդութիւններէն են ուղեղային կաթուածներն ու նոպաները:
(1) Հիւսուածք-բջիջներու ամբողջութիւն
(2) G6PD բնախմոր – Այս բնախմորը կը պաշտպանէ կարմիր արեան բջիջները վնասուելէ եւ վաղաժամ ոչնչացումէ:
Աղբիւր` «ՄԵՏԼԱՅՆ ՓԼԱՍ»
Մտային Եւ Ճանաչողական Խանգարումները
Կրնան Շարունակուիլ Քորոնայով Ախտահարուելէ Ետք
Ամիսներ Շարունակ
– «Մշուշոտ միտքը» լայնօրէն տարածուած խնդիր է Քորոնայով ախտահարուելէ ետք:
– Նոր ուսումնասիրութիւնը մարդոց մօտ յայտնաբերած է յիշողութեան, ուշադրութեան եւ մտքի մշակման հետ կապուած խնդիրներ` Քորոնայէն ապաքինելէ քանի մը ամիս անց:
– Մարդիկ, որոնք հիւանդանոցի կարգի հասած են Քորոնայի ախտանիշներու պատճառով, ամենայն հաւանականութեամբ զգալու են ճանաչողական խանգարումներ:
JAMA Network Open-ի մէջ ներկայացուած նոր ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ COVID-19-է փրկուածները կրնան ախտորոշուելէ ետք քանի մը ամիս զգալ ճանաչողական խանգարում, որ յայտնի է որպէս «մշուշոտ միտք»:
Այս ուսումնասիրութիւնը ապացոյցներ կ՛աւելցնէ նախորդ աշխատանքներուն վրայ, որոնք օգտագործած են SARS-CoV-2 վարակի ինքնազեկուցուած հաստատում եւ առցանց հարցաթերթիկներ` ճանաչողական խանգարումը գնահատելու համար: Այս նոր հետազօտութեան ընթացքին բոլոր մասնակիցները ճանաչողական գործառոյթը գնահատելու համար անհատական հոգեբանական քննութիւն կատարած են:
Հետազօտութեան հեղինակը` Նիւ Սինայ լերան Իքան բժշկութեան դպրոցէն բժիշկ Ժաքլին Պեքըր, Medical News Today-ին ըսաւ. «Մեր ուսումնասիրութեան հիմնական ուժեղ կողմերէն մէկն այն էր, որ մենք ունէինք վստահելի եւ վաւերական անհատական ճանաչողական չափանիշներ»:
Ուսումնասիրութիւնը գնահատած է 740 մարդու ճանաչողական գործունէութիւնը, որոնք ապաքինած էին քորոնայէն 2020 թուականի ապրիլէն մինչեւ 2021 թուականի մայիսի ժամանակաշրջանին: Բոլորը հիւանդանոցային բուժում ստացած էին COVID-19-ի համար հիւանդանոցի տարբեր բաժիններու մէջ:
Հետազօտողները օգտագործած են վաւերացուած ջղահոգեբանական չափանիշներ` ուշադրութիւնը, յիշողութիւնը, մշակման արագութիւնը (processing speed), գործառոյթը, յիշողութեան կազմաւորումն ու զայն մտաբերելը ուսումնասիրելու համար:
Բոլոր մասնակիցները 18 տարեկան եւ աւելի բարձր տարիքի մարդիկ էին, որոնց միջին տարիքը 49 էր եւ մտագարութեան (dementia) պարագաներ չկային: Բոլորն ալ հեռու կամ մօտիկ անցեալին քորոնայի ախտահարեալներ են: Հետազօտող խումբը նկատի առած է նաեւ ցեղային, տոհմիկ պատկանելիութեան, ծխելու, մարմնի ծանրութեան, ընկճուածութեան եւ այլ հիւանդութիւններու գործօնները:
Հետազօտողները մասնակիցներուն նիշեր տուած են գնահատուած իւրաքանչիւր բաժինի համար:
Ուսուցման եւ յիշողութեան խնդիրներ
Գնահատման ժամանակ մասնակիցներուն 24%-ը նոր գիտելիքներ սորվելու խնդիրներ ունէր: Յիշողութիւնը, որ կը վերաբերի նախօրօք սորված գիտելիքի մը կամ պատահած դէպքի մը մտաբերման, վնասուած է մասնակիցներու 23%-ին մօտ, իսկ մտային վարժութիւններ կատարելու համար պահանջուող ժամանակը աւելի դանդաղ եղած է մասնակիցներու 18%-ին մօտ:
Հետազօտողները` նկատած են աւելի էական ազդեցութիւն այն մարդոց մօտ, որոնք ընդունուած են հիւանդանոց, քան անոնց մօտ, որոնք հիւանդանոցէն ներս շտապ օգնութեան բուժում ստացած են:
Այս արդիւնքները կը հաստատեն նախորդ ուսումնասիրութեան մը արդիւնքները, որոնք կ՛ենթադրէին, որ հիւանդութեան ծանրութիւնը կրնայ գործօն ըլլալ:
Ուսումնասիրութիւնը յայտնաբերած է ճանաչողական խանգարում մարդոց մօտ քորոնայի ախտորոշումէ գրեթէ 8 ամիս անց: Հակառակ անոր որ անցեալին ճանաչողական խանգարումներ եղած են տարեցներու մօտ` ժահրային այլ վարակներու եւ հիւանդանոցային կարգի խնամք ստանալու պատճառով, բժ. Պեքըր ըսաւ. «Մեր երիտասարդ խաւին մօտ այդ մէկը յատկապէս զարմանալի էր»:
Հետազօտութեան հեղինակները կոչ կ՛ուղղեն հետագայ աշխատանքներ իրականացնելու` բացայայտելու ճանաչողական խանգարումներու հետ կապուած ռիսքի գործօնները եւ մեքանիզմները, ինչպէս նաեւ` վերականգման տարբերակները:
Բժիշկ Քրիստոֆըր Քոլման` բրիտանական Նոթինկհամ համալսարանի վարակներու դիմադրութեան ամպիոնի օգնական, յայտնեց, որ ուսումնասիրութիւնը լրացուցիչ հարցեր կը յառաջացնէ: Ան ըսաւ. «Ինծի համար ամենամեծ հարցը այն է, որ ճանաչողական խանգարումը ուղղակիօրէն կապուած է SARS-CoV-2 վարակին հետ, օրինակ` ուղեղի, որուն համար ես չեմ կարծեր, որ ապացոյցներ կան:
«Կամ, աւելցուց ան,- այս մէկը ընկերային փոփոխութիւններու հետեւանք է, ինչպիսիք են արգելափակումները/մեկուսացումները, որոնք հոգեբանական խնդիրներ կրնան յառաջացնել»:
Պատճառը կրնայ անհասկնալի ըլլալ, բայց ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ յստակօրէն ճանաչողական խանգարումներ` SARS-CoV-2 վարակէն ապաքինողներու մօտ: Այս մէկը մաս կը կազմէ այն խնդիրներուն, որոնք պէտք է լուծուին` որպէս COVID-19-ի երկարատեւ բուժում:
Աղբիւր` «ՄԵՏԻՔԸԼ ՆԻՈՒԶ ԹՈՒՏԷՅ»
Դիտանկիւն
Ինչո՞ւ «Squid Game»-ը Այսքան Յայտնի Դարձաւ
(Netflix-ի Տեսաշարի Զարմանալի Ազդեցութեան
Հոգեբանական Բացատրութիւն)
Բանալի կէտեր
– Netflix-ի քորէական «Squid Game» տեսաշարը արժանացաւ համաշխարհային ժողովրդականութեան` հակառակ անոր սահմանափակ գովազդին. հոգեբանութիւնը կրնայ բացատրութիւն տալ:
– Տեսաշարի նախադրեալին մէջ (premise) յիշուած է հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ տարանջատման պատճառով աճող հիասթափութեան մասին:
– Միեւնոյն ժամանակ քորէական միջավայրն ու լեզուն դիտորդներու համար կը դիւրացնեն հոգեբանօրէն անջատուելու եւ պատասխանատուութենէ փախուստը վայելելու:
Բոլորը կը խօսին Squid Game-ի մասին: Հակառակ իր տարօրինակ վերնագրին, քորէական տեսաշարը դարձաւ Netflix-ի ամենաշատ դիտորդներով տեսաշարը` ըլլալով ամենայայտնի արտասահմանեան ներկայացումը, ընդամէնը մէկ շաբաթ լոյս տեսնելէ ետք: Սա յատկապէս ուշագրաւ է, երբ նկատի առնենք, որ ան գործնական լուրջ սատարում կամ գովազդային արշաւ չունէր, սակայն ընկերային ցանցերու աշխարհի վրայ լայն տարածում գտաւ: Տեսաշարը ստեղծեց հարիւրաւոր միմեր (memes) եւ տասնեակ TikTok-ի մարտահրաւէրներ:
Ուրեմն ինչո՞ւ Squid Game-ը այսքան յայտնի դարձաւ
Առանց շատ բան բացայայտելու` տեսաշարը կը ներկայացնէ գաղտնի խաղ մը, զոր կը խաղան պարտքեր ունեցող աւելի քան չորս հարիւր յուսահատ մարդիկ: Անոնցմէ մէկը միայն կը շահի 38 միլիոն մրցանակային գումարը, իսկ մնացածը կը մեռնի: Խաղի բոլոր փուլերը քորէական (եւ ամբողջ աշխարհի մէջ) մանկական խաղերու տարբերակներ են, ինչպիսին է «պարանի խաղը»:
Մենք տեսած ենք նման բովանդակութիւն («Քաղցի խաղերը» (hunger games) ): Այս պարագային, ինչո՞ւ այս մէկը այսքան յայտնի դարձաւ: Փաստօրէն, որովհետեւ ան չափազանց լաւ պատրաստուած է եւ` տեսողականօրէն տպաւորիչ: Տեսաշարի բոլոր դրուագները կ՛աւարտին լաւ յօրինուած վերջաբաններով եւ ցնցող բացայայտումներով, իսկ դերասանական կազմը գերազանց է: Բայց նոյնը կը վերաբերի նաեւ շատ այլ տեսաշարերու: Ինչո՞ւ Squid Game-ը դարձաւ համաշխարհային զգացողութիւն:
Կը կարծեմ` բացատրութիւնը հոգեբանական է:
Տեսաշարի նախադրեալը բաւականին ակնյայտ քննադատութիւնն է մեր մրցակցային դրամատիրական հասարակութեան: Աղքատները կը մրցին կեանքի եւ մահուան խաղի մէջ` բառացիօրէն գոյատեւելու համար, միայն ու միայն գերհարուստները զուարճացնելու համար: Այն ժամանակ, երբ աւելի ու աւելի շատ մարդիկ կ՛ընդվզին ընկերային անարդարութեան դէմ, եւ աւելի ու աւելի շատ մարդիկ կը հիասթափուին մեր կատարողականութեան վրայ հիմնուած հասարակութեան «մուկի անիւէն», դրամատիրական խաւի հետ կապուած ընկերային անարդարութեան մասին այս տեսակի արտացոլումը ակնյայտօրէն ուշադրութեան կիզակէտ կը դառնայ:
Բայց նորէն կան բազմաթիւ տեսաշարեր եւ ժապաւէններ, որոնք կը փարին այս ալիքին: Անոնցմէ մէկը, որ շուտով միտքս կու գայ, քորէական մէկ այլ համաշխարհային յաջողութիւն է` օսքարակիր Փարասայթը (Parasite): Բացի անկէ, որպէս ընկերային քննադատութիւն, տեսաշարի նախադրեալը քիչ մը չափազանց ակնյայտ է եւ թերեւս նոյնիսկ ծանրակշիռ:
Տեսաշարի ժողովրդականութեան հոգեբանական բացատրութիւն
Squid Game-ը առանձնայատուկ կը դառնայ հոգեբանական երկու շրջադարձ տալով, որոնք ընկերային քննադատութիւնն աւելի դիւրամարս կը դարձնեն համաշխարհային լսարանին համար:
Նախ` մինչ մենք կը նոյնանանք մրցակիցներու հետ եւ մենք զմեզ կը դնենք անոնց տեղը, սակայն այդ մէկը մեր ամբողջ ըրածը չէ: Քանի մը դրուագ յետոյ կը պարզուի, որ այս խաղերը կը դիտեն VIP-ները, որոնք մրցակիցներու վրայ գրաւի գումարներ կը դնեն, ինչպէս այդ մէկը կ՛ըլլայ ձիարշաւներու ժամանակ: Ձեւով մը, երբ մենք կը դիտենք այս տեսաշարը, մենք շատ նման կ՛ըլլանք այս VIP-ներուն, որոնք ցաւն ու տառապանքը տեսնելով հաճոյք կը ստանան` պարզելով, թէ ո՛վ պիտի մահանայ այս փուլին մէջ եւ ո՛վ ողջ պիտի մնայ:
Այսպիսով, մենք երկակի դիտանկիւն կ՛ունենանք: Մենք համահունչ ենք մրցակիցներու հետ` անհանգստանալով անոնց իւրաքանչիւր քայլին համար, բայց մենք նաեւ համահունչ ենք VIP-ներու հետ` պաղարիւնութեամբ դիտելով խաղերը: Այս երկու տեսանկիւններու միջեւ ետեւ ու առջեւ գալը տեսաշարի ամենակարեւոր, նորարարական քայլն է:
Երկրորդ` տեսաշարը քորէական է եւ տեղի կ՛ունենայ Քորէայի մէջ, եւ մարդիկ կը խօսին քորէական լեզուով: Սա մէկ կողմէ կ՛ազդէ համաշխարհային քորէականութեան նկատմամբ մոլուցք ունեցող մարդոց վրայ, եւ այդ մասին կը վկայէ K-pop-ի (երաժշտութեան տեսակ Քորէայի մէջ) հսկայ ժողովրդականութիւնը: Այդ մէկը կրնայ նաեւ մատնանշել առանձնայատկութիւնը այս մարդոց, որոնց վերջին երկու տարուան ընթացքին կանխած էին համաճարակի պատճառով այլ երկիրներ մեկնիլը:
Բայց ամենակարեւոր հոգեբանական ազդեցութիւնը գլխաւոր հերոսը քորէական լեզու խօսելուն, հեռաւորութեան գործօնն է:
Քանի որ այս մէկը տեղի կ՛ունենայ այլ երկրի մէջ, դիտորդներու համար աւելի դիւրին է արտաքին տեսակէտ ունենալը` խուսափելով «ամէն ինչ մեր մասին է» մտածելէ: Դիտորդներուն մեծամասնութիւնը ամբողջ նախադրեալը դիտելով` մօտ կը զգայ նիւթը իր ոսկորին, եւ այդ մէկը տեսաշարի գրաւչութեան մէկ մասն է: Բայց եթէ այդ մէկը շա՜տ մօտ ըլլար իր ոսկորին, կը զրկէր զինք իրականութենէ փախուստի դիմելու հաճոյքէն: Այլ լեզուով ըլլալու պարզ փաստը կրցած է համատեղել այս երկու առաւելութիւնները:
ՊԵՆՍ ՆԱՆԱՅ
Անթուըրպ համալսարանի
փիլիսոփայութեան փրոֆեսէօր
Աղբիւր` «ՍԱՅՔՈԼՈՃԻ ԹՈՒՏԷՅ»