– Հոգեբանական Ախտորոշում Մը Այն Մարդոց Համար, Որոնք Կը Ստեն Ամէն Ինչի Մասին
– Հետաքրքրաշարժ Փաստեր Հին Հռոմէական Բժշկութենէն
Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Հոգեբանական Ախտորոշում Մը Այն Մարդոց Համար,
Որոնք Կը Ստեն Ամէն Ինչի Մասին
- Pseudologia fantasica, որ կը կոչուի նաեւ ախտաբանական սուտ, այն է, երբ մարդը կը ստէ այնպիսի աստիճանի, որ համաչափ չէ որեւէ յստակ, առարկայական օգուտի:
- Pseudologia fantasica-ն կը ծառայէ մարդու եսէ առաջնորդուող, ներքին դրդապատճառներով տենչանքին` թէ ինչպէս անհատը կ՛ուզէ, որ աշխարհը ըլլայ եւ տեսնէ զինք:
- Ախտաբանական ստախօսին խաբէութիւններու հետ առերեսուիլը, ամենայն հաւանականութեամբ, հակառակ արդիւնք կ՛ունենայ, որովհետեւ այդ միայն հակուած է խթանելու հետագայ կեղծիքը եւ խուսափումը:
«Մարդկային վիճակի հիմնական ճշմարտութիւնն այն է, որ բոլորը կը ստեն: Միակ փոփոխականն այն է, թէ ինչի՛ մասին է այդ մէկը» (Հիու Լորի):
Իրականութիւնը ըսելու համար բոլորս ալ երբեմն կը ստենք: Մեր խաբէութիւններու իննսուն առ հարիւրը ճերմակ սուտեր են, որոնք կ՛ըսուին մեզ պաշտպանելու, դժուարութիւններու մէջ չյայտնելու եւ ուրիշին զգացմունքները խնայելու համար: Մեր ըսած սուտը մեծ մասամբ դրդուած է արտաքին պատճառով: Անոնք սովորաբար պաշտպանողական են, որպէսզի խուսափինք ճշմարտութիւնը ըսելու հետեւանքներէն: Անոնք կրնան ըլլալ վարուելագիտական (tactical)` «Ես երբեք չեմ ստացած ձեր նամակը» կամ այլասիրական` «Շատ վայելած է քեզի այս գազակը»:
Սուտը կրնայ ըլլալ մեր առօրեայ կեանքի անբաժանելի մասը, սակայն մեծ տարբերութիւն կայ «նորմալ» սուտի եւ ախտաբանական սուտի միջեւ, որ նաեւ ծանօթ է որպէս pseudologia fantasica: Pseudologia fantasica (PF) հասկացողութիւնը առաջին անգամ յայտնուած է գերմանացի բժիշկ Անթոն Տելպրիւքի կողմէ, 1891 թուականին, նկարագրելու համար երեւութաբանութիւնը խումբ մը հիւանդներու, որոնք բացայայտօրէն դիտորդին ծայրայեղ եւ տարօրինակ սուտեր կ՛ըսէին` իրականութենէ յստակ շեղումներով, սակայն կ՛ըլլային ընկալելի անոնց կողմէ` հնարաւորութեան տիրոյթին մէջ: PF-ով մարդիկ կը ստեն ամէն ինչի մասին անընդհատ, կ՛ըլլան պերճախօս` չափէն աւելի եւ երկարատեւ կերպով:
Այս անհատները անընդհատ կ՛ըսեն բազմատեսակ սուտեր` ծառայելու մարդու եսէն առաջնորդուող, ներքին դրդապատճառներով տենչանքին` թէ ինչպէ՛ս կ՛ուզէին իրենք, որ աշխարհը ըլլար եւ տեսնէր զիրենք: Օրինակ, եթէ ձեր դրացին ունի խարխուլ, բայց թանկարժէք հին ինքնաշարժ եւ կը հարցնէ ձեր կարծիքը անոր մասին, դուք կրնաք ճշմարտութենէն քիչ մը հեռու ըլլալ եւ ըսել. «Ես կը կարծեմ, որ ձեր ինքնաշարժը առասպելական է»: Այնուամենայնիւ, PF-ով ոեւէ մէկը կրնար պատասխանել. «Ես ունիմ հնամեայ մարզական տասը ինքնաշարժներ` բոլորը լաւ վիճակի, Մոնաքոյի մէջ գտնուող իմ մեծ, անձնական կալուածին մէջ»: PF-ով մարդը կը ստէ ինքնագովեստի, եւ ոչ թէ դրացին շողոքորթելու համար:
Աւելի՛ն. ի տարբերութիւն խաբեբաներու, որոնք կը ստեն շահոյթի կամ վաստակի համար, PF-ով մարդիկ կ՛ըսեն սուտեր, որոնք կը գերազանցեն այն, ինչ անհրաժեշտ է յաջող խարդախութիւն մը ընելու համար: Անոնք համաչափ չեն որեւէ ակնյայտ արտաքին պարգեւի: Անոնց ըսած սուտերը «գրեթէ միշտ շլացուցիչ կամ տարօրինակ են» եւ դիւրութեամբ կը գլորուին իրենց լեզուէն: Երբեմն անոնք կը ստեն միայն այն պատճառով, որ սուտը իրենց էութեան համար ուրախալի է: Ասոնք այն մարդիկն են, որոնք կը ստեն, թէ ի՛նչ կերած են որպէս ճաշ:
Pseudologia fantasica-ի
հիմնական առանձնայատկութիւնները
Թէեւ գոյութիւն չունին pseudologia fantasica-ի չափանիշներու ոսկեայ օրէնքներ, սակայն քանի մը հիմնական բնութագրիչներ յայտնաբերուած են.
- Անոնք երկարատեւ կերպով կը պատմեն սուտեր կամ իրականութեան չհամապատասխանող պատմութիւններ, որոնք կապ չունին կամ համաչափ չեն որեւէ յստակ, առարկայական շահի հետ:
- Պատմութիւնները որակապէս տրամաթիք են, մանրամասն, բարդ, գունեղ ու չնաշխարհիկ:
- Իրենց պատմութիւններուն մէջ անոնք սովորաբար հերոսն են կամ զոհը եւ կարծես նախատեսուած են ընդունելութեան, հիացմունքի եւ համակրանքի հասնելու համար:
- Խորաթափանցութեան առումով, կեղծաբանը կը գտնուի գիտակցուած խաբէութեան եւ մոլորութեան միջեւ լուսապատկերի երկայնքին, եւ միշտ չէ, որ կը գիտակցի իր շարժառիթներուն, եւ կը թուի, թէ ընդհատումներով կը հաւատայ իր պատմութիւններուն, բայց երբեք չի հասնիր համոզմունքի այն մակարդակին, որ կորսնցուցած է իր կապը իրականութեան հետ:
Մարդոց մեծամասնութիւնը կը սարսափի եւ կ՛ամչնայ, երբ բացայայտուի իրենց սուտերը, բայց` ոչ անոնք, որոնք ունին PF: Երբ դէմ յանդիման կը գտնուին իրենց խաբէութեան հետ, PF-ով մարդիկ սովորաբար անտարբեր կը գտնուին: Անոնք չեն սարսափիր, իրենց քունը չի փախչիր, ոչ ալ կը քրտնին: Աւելի՛ն. անոնք կ՛երթան աւելի հեռուն` երբեմն տրամադրելով լրացուցիչ մանրամասնութիւններ` սուտը բացատրելու համար:
Այսինքն, անհերքելի ապացոյցներու դիմաց նոյնիսկ գտնուելով, դժկամօրէն կը հրաժարին իրենց առասպելներէն: Սա կը հակադրէ զառանցական խանգարում ունեցող մարդոց պարագան, որոնք կը կառչին իրենց «հաստատուն» կեղծ համոզմունքներուն` անկախ ամէն ինչէ: PF-ն յաճախ կը համընկնի հակաընկերային եւ նարկիզական անհատականութեան խանգարումներուն, բայց` ոչ միշտ: Երբեմն անոնք ուղղակի ստախօսներ են` առանց որեւէ կապի:
Pseudologia fantasica-ի բուժում չկայ
Մարդուն իր խաբէութիւններուն առերեսելը, հաւանաբար, հակադարձ արդիւնք կ՛ունենայ: Որքան ալ գայթակղիչ ըլլայ դատախազական մօտեցում ցուցաբերելը եւ անհատէն խոստովանութիւն կորզելու փորձը, պէտք է խնայել ձեր շունչն ու համբերութիւնը: Բացայայտումը եւ հարցաքննութիւնը հակուած են խթանելու հետագայ կեղծիքը եւ խուսափումը:
Քլինիքական միջավայրի մէջ ապացոյցներ կան, որ «հեքիաթներու» նկատմամբ անտարբերութիւն ցուցաբերելը, բայց անձի նկատմամբ հետաքրքրութեան պահպանումը կրնան օգնել նուազեցնելու ստելու հակուածութիւնը: Թէեւ բուժման յաջող երաշխիք չկայ, կը կարծուի, որ մենք բոլորս կրնանք համաձայնիլ, որ այդ մարդիկ կը պատկանին բուժաշխատողի բուժարանին եւ ոչ թէ` քաղաքական գրասենեակի մը:
Աղբիւր` Psychology Today
Հետաքրքրաշարժ Փաստեր
Հին Հռոմէական Բժշկութենէն
Հին Հռոմի մէջ բժշկութիւնը գիտական գիտելիքները կը համադրէր գերբնական եւ կրօնական համոզմունքներու հետ: Հռոմէացի բժիշկները որդեգրած են յոյն բժիշկ Հիպոկրատի եւ անոր հետեւորդներու վարժանքները եւ անոնց փիլիսոփայութիւններէն շատերը, յատկապէս` ՆՔ 219 թուականի Սպարտայի Արխակաթուսի ժամանումը, որ կը նկատուէր առաջին յոյն բժիշկը, որ կը գործէր քաղաքին մէջ:
Այդուհանդերձ, հին հռոմէացիները նաեւ բժժանքներ (ամուլեթներ) կը կրէին` հիւանդութիւններէ խուսափելու համար եւ տաճարներու մէջ նուիրատուութիւններ կը մատուցէին աստուածներուն, որոնք բուժիչ ուժ ունէին: Այս երկու մօտեցումներուն խառնուրդը յանգեցուց Հռոմէական կայսրութեան առողջութեան եւ բժշկութեան վերաբերեալ հետեւեալ զարմանալի փաստերուն.

4.- Մարդու անդամազննութիւնը ուսումնասիրելու հնարաւորութիւնները սահմանափակ էին
Հին Հռոմի մէջ մարդոց դիակներու մեծ մասի մասնահատումներու արգելքը` կրօնական, բարոյագիտական եւ հանրային առողջութեան հետ կապուած մտահոգութիւններու պատճառով, խանգարեց անդամազննութեան ուսումնասիրութիւնները: Բժիշկները, ինչպիսին Կալէնն էր, անոր փոխարէն` կ՛ապաւինէին անասուններու, մասնաւորապէս խոզերու մասնատման եւ այլ անասուններու հատման, որովհետեւ անոնց անաթոմիական կառուցուածքը կ՛արտացոլէր մարդու մարմնի կառուցուածքը: Այս մասնահատումները հանրային ձեւով կը կատարուէին եւ կը ծառայէին դիտորդներու` որպէս ժամանց, իսկ բժիշկներու համար` որպէս նոր հիւանդներ ներգրաւելու մեթոտ:
5.- Բժիշկները երազները կ՛օգտագործէին որպէս ախտորոշման գործիք
Հին հռոմէացի շատ մը բժիշկներ ախտորոշումներ կատարած եւ բուժումներ որոշած ատեն հաշուի կ՛առնէին երազները, որովհետեւ անոնք կը կարծէին, որ երազները կրնան հոգիէն ազդանշան ըլլալ մարմինին մէջ հիւմորային անհաւասարակշռութեան մասին: Բժիշկներ կը կարծէին, որ երազները կրնան հիւանդներու մասին պատկերացում կազմել: Բաներ, որոնք անտեսանելի են ու թաքնուած` մարմնային քննութեան ժամանակ: «Այն, ինչ որ հիւանդները կը տեսնեն, եւ կը թուի, թէ յաճախ կ՛ընեն երազներու մէջ, ցոյց կու տայ մեզի հիւմորի պակասը կամ աւելորդութիւնը եւ որակը անոր», գրած է Կալէն: Օրինակ` այն երազները, որոնք կը ներառէին ձիւն կամ սառոյց, կ՛ենթադրուէր, որ ցոյց կու տան խորխի աւելցուկ (հիւմոր, որ կը համարուի պաղ եւ թաց), մինչդեռ միւսները, որոնք կրակ կը տեսնեն, կու տան ազդանշան` մաղձի մակարդակի բարձրացման (հիւմոր, որ կը համարուի տաք եւ չոր): Կալէն ախտորոշեց, որ այն ըմբիշը, որ կ՛երազէր, թէ կը պայքարէր շնչելու համար, երբ կանգնած էր արեան ամբարի մը մէջ, կը տառապէր հիւմորի աւելցուկէ, ուստի ան նշանակեց արիւնահոսութիւնը` որպէս բուժում:
6.- Բանակի բժշկական մարմինը հռոմէացի զինուորներուն թոյլ կու տար աւելի երկար ապրիլ, քան` հռոմէացի քաղաքայինները:
Օգոստոս կայսրը հիմնեց առաջին արհեստավարժ ռազմաբժշկական մարմինը, որ գրաւեց ուշադրութիւնը յոյն արհեստավարժ բժիշկներուն` տրամադրելով անոնց հռոմէական լիակատար քաղաքացիութեան իրաւունք, առանց տուրքերու եւ տրամադրելով անոնց թոշակներ: Բժշկական մարմինը ձեւաւորեց դաշտային վիրաբուժութեան առաջին ստորաբաժանումներէն մէկը, ստեղծեց լաւ ձեւով մշակուած առողջապահական համակարգեր` հիւանդութիւնները կանխելու համար եւ յառաջընթաց արձանագրեց արիւնահոսութեան դադրեցման շրջագիծին մէջ` զարկերակները կարելով: Բանակատեղիի բժիշկները կանգնած էին կայսրութեան բժշկական առաջնահերթութեան վրայ` իրենց ճանապարհորդութիւններու ընթացքին ծանօթանալով նոր գաղափարներու եւ ուսումնասիրելով մարդու անդամազննութիւնը` դաշտային հիւանդանոցներու մէջ վիրաւոր զինուորներու վիրահատութիւններ կատարած ժամանակ: Հին Հռոմի բժշկական մարմինի նորամուծութիւններու շնորհիւ միջին վիճակագրական զինուորի կեանքի տեւողութիւնը հինգ տարիով աւելի էր, քան` սովորական քաղաքացիինը:
7.- Բժշկական մասնագիտութիւնները թոյլատրելի էին կիներու համար նաեւ
Հիմնուելով բժշկական բանագրութիւններու, իրաւական թեքսթերու եւ թաղման արձանագրութիւններու վրայ` գիտնականները եզրակացուցած են, որ կիներ բժշկութեամբ կը զբաղէին Հին Հռոմի մէջ: Կին բժիշկները գերակշռող չէին, աւելի յաճախ գիտնականները հանդիպեցան կիներու, որոնք հանդէս կու գային որպէս մանկաբարձուհիներ, դայեակներ, որոնք կ՛աշխատէին բժիշկներու ղեկավարութեամբ` աջակցելու ծննդաբերութեան եւ բեղմնաւորութեան դեղեր ստացած ժամանակ: Կին բժիշկները, որոնք երբեմն կը զբաղէին կնախտաբանութեամբ եւ մանկաբարձութեան այլ մասնագիտութիւններով, հակուած էին ըլլալու յունական ծագումով ազատ կիներ, մինչդեռ դայեակները յաճախ նախապէս ստրկացած կիներ էին:
8.- Կաղամբը կը նկատուէր հեքիաթային դեղատեսակ
Շատ մը հռոմէացի բժիշկներ սննդակարգը կը կապէին քաջառողջութեան հետ, եւ կաղամբը, կ՛ըսէին, որպէս «գերմթերք» (superfood)` կրնայ կանխել եւ բուժել բազմաթիւ հիւանդութիւններ: «Կաղամբի լաւ կողմերը թուարկելը երկար ժամանակ կ՛առնէ», գրած է Փլինիոս Աւագը: Հռոմէացի պատմաբան Գաթօ Աւագը ապացուցեց, որ ան ճիշդ է` կաղամբի օգտակար յատկութիւններու մասին մօտ 2000 բառէ բաղկացած բանագրութիւն մը գրելով De Agricultura-ի (1) մէջ: Ըստ Գաթոյի, տերեւաւոր բանջարեղէնը կը բուժէր գլխացաւերը, տեսողութեան խանգարումը եւ մարսողական խնդիրները, մինչդեռ մանրացուած կաղամբի օգտագործումը կը ցաւազերծէր վէրքերը, կապտութիւնները եւ ոսկորներու տարատեղումները: «Մէկ խօսքով, ան կը բուժէ ներքին, տառապող բոլոր օրկանները», գրած է ան: Գաթօ նոյնիսկ գրած է, որ եփած կաղամբի գոլորշիները ներշնչելը կը նպաստէ բեղմնաւորութեան եւ մեծ քանակութեամբ կաղամբ ուտող մարդու մէզի մէջ լոգանքը կը բուժէ բազմաթիւ հիւանդութիւններ:
(1)- De agri cultura-ն, որ գրած է Գաթօ Աւագը, լատինատառ արձակ է եւ պահպանուած ամենահին ստեղծագործութիւնն է:
De agri cultura-ն կը պարունակէ բազմաթիւ տեղեկութիւններ խաղողի այգիներու մշակման եւ խնամքի մասին, որոնց կարգին` տեղեկութիւններ ստրուկներու մասին, որոնք օգնած են անոնց պահպանման: Երբ Հռոմի մէջ բազմաթիւ հողատէրեր այդ ընթացքին կարդացին Գաթոյի արձակը, Հռոմը սկսաւ մեծ ծաւալով գինի արտադրել:
ղբիւր` History.com
(Շար. 2 եւ վերջ)