Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամը` Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման 30-Ամեակին Առիթով

September 3, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 30-ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ ու ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունենք Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահը, Ազգային ժողովը եւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները:

Արդարեւ, հայրենիքի անկախութիւնը հռչակողը իր ժողովո՛ւրդն է: Հայրենիքի անկախութիւնը ամէն տեսակ տագնապներու ու մարտահրաւէրներու դէմ պաշտպանողը դարձեալ իր ժողովուրդն է: Հայրենիքը հող է, պետականութիւն է, ինքնիշխանութիւն է եւ այս բոլորին խորք, իմաստ ու նպատակ տուողը ժողովո՛ւրդն է:

Հետեւաբար, այսօր կը նշենք 30 տարիներ առաջ Արցախի ժողովուրդին հռչակած անկախութեան տօնը: Ժողովուրդ մը կը հզօրանայ ու կը յաւերժանայ իր ազատ կամքին ու ինքնիշխանութեան ամբողջական հաստատումով: Հայրենիք մը կը ծաղկի ու կը հզօրանայ իր ժողովուրդին հաւաքական հաւատքով ու նուիրումով:

Կեանքի դժուար պայմաններու մէջ հռչակուեցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը. դժուար պայմաններու մէջ ան ծաղկեցաւ. եւ այսօր դառն ու տագնապալից պայմաններու մէջ ան կը նշէ իր անկախութիւնը: Հողային ու մարդկային ահաւոր կորուստ ունեցաւ Արցախը վերջին պատերազմի ընթացքին: Սակայն, չէ՛ ընկճուած Արցախի հայութեան վճռականութիւնը, չէ՛ տկարացած իր հաւատքը, չէ՛ նահանջած իր նուիրումը: Արդարեւ, երբ ժողովուրդ մը վճռած է պաշտպանել իր անկախութիւնը, ո՛չ մէկ ուժ կրնայ ընկճել անոր ոգին ու տկարացնել կամքը:

Արցախի անկախութեան պաշտպանութիւնը առաջին հերթին` Արցախի ժողովուրդին սրբազան պարտքն է ու իրաւունքը. միաժամանակ, ան ողջ հայութեան պարտաւորութիւնն է ու յանձնառութիւնը: Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը պէտք է աւելի ամրապնդուի` Ա) իր ժողովուրդին համախումբ ներկայութեամբ, պայմաններու պարտադրանքով Արցախէն հեռացած ընտանիքներու վերադարձով, Արցախի տնտեսութեան բարգաւաճումով եւ արտաքին յարաբերութեանց կազմակերպումով. Բ) Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջական զօրակցութեամբ, յատկապէս տնտեսական ու քաղաքական բնագաւառներուն մէջ. Գ) Սփիւռքի հայութեան զօրեղ նեցուկով, տնտեսական ներդրումով եւ քաղաքական յարաբերութիւններով:

Ա՛յս է մարտահրաւէրը մեր ժողովուրդին դիմաց:

Ընդառաջ այս մարտահրաւէրին, վերանորո՛գ հաւատքով, տեսլականով ու վճռակամութեամբ պէտք է նշենք Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 30-ամեակը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, իր թեմերով, կառոյցներով ու ժողովուրդով միշտ կը մնայ Արցախի կողքին, գործնապէս մասնակից` Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հզօրացման համազգային առաքելութեան:

 

Նախորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Ուղերձը` Արցախի Հանրապետութեան 30-Ամեակին Առիթով

Յաջորդը

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Մեր Կամքն Աննկուն Է, Ու Մենք Պատրաստ Ենք Ներդնելու Մեր Ամբողջ Կարողականութիւնը` Ի Սպաս Արցախի Դատին»

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հզպալլայի Ներկայացուցիչները
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հզպալլայի Ներկայացուցիչները

January 21, 2026
Ըստ Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն.  Դամասկոսի Իշխանութիւններուն Պատկանող  Խմբաւորումներ Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ Եւ Աշրաֆիէ  Շրջաններուն Մօտ Իրենց Պարեկութիւնը Աշխուժացուցած Են
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը Սուրիոյ, Քիւրտիստանի Եւ Եւրոպայի Քիւրտերուն Կոչ Կ՛ուղղեն` Դիմադրութեան Մասնակցելու

January 21, 2026
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու  Նախագահն Ու Մարոքի Նախագահը Ընդունեցին  Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու Թրամփի Հրաւէրը
Գլխաւոր լուրեր

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Նախագահն Ու Մարոքի Նախագահը Ընդունեցին Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու Թրամփի Հրաւէրը

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.