Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Մեր Կամքն Աննկուն Է, Ու Մենք Պատրաստ Ենք Ներդնելու Մեր Ամբողջ Կարողականութիւնը` Ի Սպաս Արցախի Դատին»

Սեպտեմբեր 3, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի ուղերձը Արցախի անկախութեան 30-ամեակի եւ ՀՅԴ Հայ դատի Արցախի գրասենեակի բացման առիթով:

«Յարգարժա՛ն հիւրեր, ընկերներ, Արցախի սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Նախ կը շնորհաւորեմ բոլորդ Արցախի անկախութեան երեսնամեակին առիթով:

1988-1994-ի ազատամարտով, հայ ժողովուրդը կարողացաւ միացեալ ջանքերով եւ արեան ու քրտինքի գնով կերտել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, որ կը հանդիսանայ ամբողջական Հայաստանի մեր տեսլականին առաջին հանգրուանը:

2020-ի աշնան Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սանձազերծած 44-օրեայ պատերազմի արհաւիրքը եւ արդիւնքը անշուշտ որ խոցեցին մեր ազգային արժանապատուութիւնը, բայց Դաշնակցութեան համար արցախեան այս վերջին պատուհասը լոկ ժամանակաւոր նահանջ է. արցախահայութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդը առհասարակ, իր մէջ ունի բաւարար ներուժ ձգտելու, որ ոտքի կանգնի Արցախը, ապրի անկախ ու հայատրոփ ոգիով եւ յարատեւօրէն զարգանայ` մինչեւ անոր վերամիաւորումը մայր Հայաստանի հետ:

Կը գիտակցինք, որ մեր նորագոյն պատմութեան ճակատագրական եւ բախտորոշ շրջափուլի մէջ ենք այսօր: Կ՛անդրադառնանք, որ յաւելեալ ճիգ ու ջանք են հարկաւոր դիմագրաւելու համար մեր առջեւ ցցուող բոլոր մարտահրաւէրները: Բայց մեր կամքն աննկուն է, ու մենք պատրաստ ենք ներդնելու մեր ամբողջ կարողականութիւնը եւ բազմապատկելու մեր աշխատանքները ի սպաս Արցախի դատին:

Եւ իբրեւ շօշափելի կարեւոր նոր քայլ, այսօր կը յայտարարենք ՀՅԴ Արցախի Հայ Դատի գրասենեակին հաստատումը, որպէսզի անգամ մը եւս շեշտենք մեր տեւական յանձնառութիւնը` Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման եւ Արցախի բնակչութեան յետպատերազմեան կարիքներուն աջակցելու գծով. միաժամանակ` պատգամ կը փոխանցենք միջազգային հանրութեան եւ Ազրպէյճանին ու իր դաշնակիցներուն, որ հակառակ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքներուն, մենք պատրաստ ենք սատարելու Արցախի զարգացման եւ ամրապնդելու Հայաստան – Արցախ – սփիւռք եռամիասնութիւնը:

Մեր գրասենեակի առաքելութեան մաս պիտի կազմեն` Արցախի հարցով աշխատանքները խթանելու համար նիւթերու եւ տեղեկութիւններու փոխանցումը, Արցախի համապատասխան մարմիններուն եւ կառոյցներուն հետ առօրեայ յարաբերութիւնը, Արցախ այցելութիւններու սատարումը, Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակին աջակցութեամբ խորհրդաժողովներու կազմակերպումը, Արցախի բարեկամներու ցանցի ընդլայնումը եւ առհասարակ Հայ դատի աշխատանքներու քարոզչութիւնը արցախահայութեան մօտ: Այսպիսով, Արցախի Հայ դատի գրասենեակը կու գայ միանալու ՀՅԴ Բիւրոյի անմիջական վերահսկողութեան տակ գործող մեր կեդրոնական գրասենեակներու ցանցին:

Շնորհակալութիւն Արցախի գրասենեակի բացման այս հանդիսութեան ձեր մասնակցութեան համար: Վստահ ենք, որ բոլորդ ալ քաջալեր պիտի հանդիսանաք անոր բազմակողմանի գործունէութեան:

Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը եւ կեցցէ՛ անոր անբաժան մասնիկ հանդիսացող Արցախի արի ու վեհանձն հայութիւնը:

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

2 սեպտեմբեր 2021

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամը` Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման 30-Ամեակին Առիթով

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայ Դատի Գրասենեակի Բացում` Արցախի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?