Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գեղամ Ստեփանեան. «Ազրպէյճանի Բանակի Յենակէտը Սպառնալիք Է Հին Շէնի Խաղաղ Բնակչութեան Համար»

August 9, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան այցելեց Շուշիի շրջանի Հին Շէն համայնք, ուր հանդիպում ունեցաւ համայնքի ղեկավարին եւ բնակիչներուն հետ, ծանօթացաւ զանոնք յուզող խնդիրներուն:

Այցելութենէն ետք Ստեփանեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց, որ գիւղը մինչեւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմը ունեցած է 187 բնակիչ, որոնցմէ ընդամէնը 86-ը ներկայիս մնայուն կերպով կը բնակին գիւղին մէջ:  Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը նշեց, որ գիւղացիներուն վերադարձին եւ գիւղին մէջ բնականոն կեանքի վերականգնման հիմնական խոչընդոտը գիւղին նկատմամբ գերիշխող դիրք զբաղեցնող յարակից բլուրին վրայ ազրպէյճանական զինուած ուժերուն ներկայութիւնն է:

«Գիւղի մերձակայքը գտնուող բլուրին վրայ տեղակայուած ազրպէյճանական զինուած ուժերուն յենակէտը անմիջական եւ անհերքելի սպառնալիք է Հին Շէնի խաղաղ բնակչութեան կեանքին, ֆիզիքական եւ հոգեկան անձեռնմխելիութեան համար», կը գրէ Ստեփանեան:

Ըստ անոր, ազրպէյճանական զինուած ուժերուն ներկայութիւնը այդ տարածքներուն մէջ ապահովական առումով խոչընդոտներ կը ստեղծէ եւ ուղղակի սպառնալիք է նաեւ գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնելու առումով, մասնաւորապէս` խոտերու հնձումի կազմակերպման, արօտավայրերէ օգտուելու եւ մեղուափեթակներու սպասարկման համար:

«Յուլիս 29-ին եւ օգոստոսի 2-ին Շուշիի շրջանի Հին Շէն համայնքի բնակիչներուն պատկանող 4 խոշոր եղջերաւոր կենդանիներ յափշտակուած են: Գիւղացիներուն պնդումով` անասուններուն ապօրինի կերպով տիրացած են յիշեալ յենակէտին մէջ ծառայութիւն կատարող ազրպէյճանցի զինուորականները: Իրաւապահ մարմիններուն հետ քննարկումներուն հիմամբ պարզուած է, որ դէպքին վերաբերեալ Շուշիի վարչակազմի ղեկավարի` գլխաւոր դատախազին հասցէագրուած հաղորդումը արդէն ուղարկուած է Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւն:

«Աներկբայ է` Արցախի համապատասխան մարմինները, ռուս խաղաղապահներուն միջնորդութեամբ, պէտք է բանակցութիւններու սկսին վերոնշեալ յենակէտը գիւղի մերձակայ տարածքէն հեռացնելու ուղղութեամբ` բնակիչներուն բնականոն կեանքը վերականգնելու, անոնց իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար», եզրափակեց Ստեփանեան:

Նախորդը

ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Այսօր Պիտի Այցելէ Հայաստան

Յաջորդը

Պաշտպանութեան Նախարարը Հրահանգեց Կասեցնել Հայաստանի Սահմանը Հատելու` Ազրպէյճանական Բոլոր Փորձերը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.